Սամուէլ Բաբայեան կը ձերբակալուի

Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեան կը ձերբակալուի

0
1383

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը (Ա.Ա.Ծ.) տա­րա­ծած է հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կը յայտ­նէ, թէ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­նա­տար ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեան ձեր­բա­կա­լո­ւած է մաք­սա­նեն­գու­թեամբ «Իգ­լա» տե­սա­կի ­Զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­կարգ ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խե­լու ամ­բաս­տա­նու­թեամբ:
Ս­տո­րեւ կը հրա­պա­րա­կենք Ա.Ա.Ծ.ի տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը՝ ամ­բող­ջու­թեամբ.
«Ի պա­տաս­խան տար­բեր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րի բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րի՝ Հ.Հ. Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Ծա­ռա­յու­թան մա­մու­լի կենտ­րո­նը յայտ­նում է, որ մաք­սա­նենգ ե­ղա­նա­կով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն «Իգ­լա» տե­սա­կի ­Զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­կարգ տե­ղա­փո­խե­լու փաս­տի առ­թիւ յա­րու­ցո­ւած քրէա­կան գոր­ծի շրջա­նակ­նե­րում, այս պա­հին, ձեր­բա­կա­լո­ւած են 3 անձ, այդ թւում՝ Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեան:
­«Կա­տա­րո­ւած քննչա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի եւ օ­պե­րա­տիւ-հե­տա­խու­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի ար­դիւն­քում՝ ստա­ցո­ւել են նաեւ ար­ժա­նա­հա­ւատ տո­ւեալ­ներ, որ նշո­ւած ­Զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գի բաղ­կա­ցու­ցիչ մա­սե­րի ձեռք­բե­րու­մը եւ փո­խադ­րումն ի­րա­կա­նաց­րած ան­ձինք գոր­ծել են ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեա­նի հետ ու­նե­ցած նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ եւ նրա պա­տուէ­րով:
«Ըստ փոր­ձա­գէ­տի եզ­րա­կա­ցու­թեան՝ ­Զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գի բա­ղադ­րիչ կազ­մող «9M39» մար­տա­կան հրթի­ռը պի­տա­նի է հե­տա­գայ շա­հա­գործ­ման հա­մար եւ հան­դի­սա­նում է ռազ­մամ­թերք:
­«Ներ­կա­յումս պար­զա­բան­ւում են ­Զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գի բաղ­կա­ցու­ցիչ մա­սե­րի ձեռք­բեր­ման շար­ժա­ռիթ­նե­րը, հնա­րա­ւոր օգ­տա­գործ­ման նպա­տակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ֆի­նան­սա­ւոր­ման աղ­բիւր­նե­րը»:
Լ­րագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին պաշտ­պա­նու­թեան նախ­կին նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան՝ մեկ­նա­բա­նե­լով ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեա­նի ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը՝ յայտ­նած է, որ ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեա­նի ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը կրնայ «Օ­հա­նեան-­Րաֆ­ֆի-Օս­կա­նեան» դա­շին­քի նկատ­մամբ շա­րու­նա­կա­կան խնդիր­նե­րու ար­դիւն­քը լի­նել:
«­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեա­նը մեր գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կերն է, մեր հա­մա­կիրն է»,- նշած է Օ­հա­նեան: