«Էվ­րո­սի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ պի­տի ու­ղար­կենք յա­տուկ ուժե­րու 1000 ոս­տի­կան­ներ, լրիւ զի­նո­ւած, թրքա­կան հո­ղե­րէն դուրս պա­հե­լու հա­մար գաղ­թա­կան­նե­րու հո­սանք­նե­րը, ո­րոնք ­Յու­նաս­տա­նին կող­մէ կը կա­սե­ցուին սահ­ման­նե­րուն վրայ», ան­ցեալ ­Հինգ­շաբ­թի յայտ­նեց ­Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Սու­լեյ­ման ­Սոյ­լու։
Ակ­նե­րեւ է, որ ­Թուր­քիա այ­լեւս պա­տե­րազ­մա­կան թա­տե­րա­բե­մի կը վե­րա­ծէ Էվ­րո­սի սահ­մա­նա­գի­ծը՝ աննախադէպ հե­տե­ւանք­նե­րով։
Հա­զար թուրք ոս­տի­կան­նե­րը պի­տի տա­րա­ծո­ւին Էվ­րոս գե­տի թրքա­կան ցա­մա­քին վրայ, զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով դիւ­րաց­նե­լու հա­մար գաղ­թա­կան­նե­րու ա­պօ­րի­նի մուտ­քը ­Յու­նաս­տան։
­Պահ մը մտա­բե­րենք հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը։
­Թուր­քե­րը լաս­տե­րու մէջ կը տե­ղա­ւո­րեն գաղ­թա­կան­նե­րը, ո­րոնց կը ստի­պեն անց­նիլ յու­նա­կան ցա­մա­քա­մաս։
Բ­նա­կա­նա­բար, յու­նա­կան ու­ժե­րը ձեռ­նա­ծալ պի­տի չմնան, գաղ­թա­կան­նե­րուն ետ պի­տի մղեն՝ դէ­պի ­Թուր­քիոյ ցա­մա­քը։
­Նա­խա­րա­րին հա­մա­ձայն, թուր­քե­րը պի­տի կա­սենց­նեն վե­րա­դար­ձը՝ քի­միա­կան եւ ար­ցուն­քա­բեր ռում­բեր նե­տե­լով գաղ­թա­կան­նե­րուն վրայ, հա­ւա­նա­բար՝ լաս­տի­կէ փամ­փուշտ­ներ պի­տի ար­ձա­կեն, իսկ գի­շեր­նե­րը, մու­թին մէջ՝ հա­ւա­նա­կան է, որ ի­րա­կան փամ­փուշտ­ներ եւս գոր­ծա­ծո­ւին։
­Թուր­քիոյ ծրա­գի­րը ա­ւե­լի քան յստակ կը դառ­նայ։
­Գաղ­թա­կան­նե­րը կամ խեղդա­մահ պի­տի ըլ­լան, ­Յու­նաս­տա­նը ամ­բաս­տա­նե­լով, թէ ան­մեղ ժո­ղո­վուրդ կը սպա­նէ, կամ ալ թրքա­կան ու­ժե­րը պի­տի փոր­ձեն ա­ռանց ո­րե­ւէ հա­կակ­շի­ռի՝ ի­րա­րան­ցում ստեղ­ծել գե­տի յու­նա­կան ա­փին վրայ, որ­պէս­զի գաղ­թա­կան­նե­րը ի վեր­ջոյ կա­րո­ղա­նան ոտք կո­խել ­Յու­նաս­տան։
Իսկ յու­նա­կան ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րը կրնա՞ն ար­դեօք ձեռ­նա­ծալ մնալ։ Աշ­խար­հի վրայ չկայ զօրք կամ ոս­տի­կա­նա­կան ուժ, որ ան­պա­տաս­խան կրնայ ձգել կա­տա­րո­ւած ոտնձ­գու­թիւ­նը։ Իսկ, ի՞նչ պի­տի պա­տա­հի, ե­թէ յու­նա­կան կող­մը իր ազ­դու պա­տաս­խա­նը տայ…
­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան վտան­գա­ւոր խա­ղե­րու մէջ մտած է։ Ան կրա­կով կը խա­ղայ, ո­րուն մէջ կը ներ­քա­շէ ­Յու­նաս­տա­նը եւ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնք ոչ մէկ կապ ու­նին ­Սու­րիոյ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ, այլ՝ ­Թուր­քիա հա­սած են Ա­սիոյ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ…
­Յու­նաս­տան պար­տի ցու­ցա­բե­րել պա­ղա­րիւ­նու­թիւն եւ կա­տա­րել զգու­շա­ւոր եւ նուրբ շար­ժում­ներ, ո­րոնք սա­կայն բա­ւա­րար չեն։
Եւ­րո­պան պար­տի գործ­նա­պէս զօ­րակ­ցիլ ­Յու­նաս­տա­նին։ Ազ­նիւ խօս­քե­րով եւ մաղ­թանք­նե­րով կա­րե­լի չէ կա­ցու­թիւն­նե­րը շրջել։ ­Գեր­մա­նիոյ նման եր­կիր մը կար­ծէք ան­տար­բեր կը դի­տէ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին եւ ո­րե­ւէ յանձ­նա­ռու­թեան տակ չի մտներ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին լուծ­ման հա­մար։ ­Յու­նաս­տան մի­նակ կանգ­նած կը թո­ւի ըլ­լալ «սուլ­թան»ին կող­մէ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին ու կա­նոն­նե­րուն կո­պիտ խախ­տում­նե­րուն եւ ոտ­նա­հա­րում­նե­րուն դի­մաց։
­Յու­նաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը նաե՛ւ եւ­րո­պա­կան սահ­ման­ներ են։ Եւ­րո­պան պար­տի իր սահ­ման­նե­րուն տէր կանգ­նիլ։

«Ա­զատ Օր»