Սահ­մա­նա­մերձ ­Բեր­քա­բեր գիւ­ղին մէջ ե­րե­խա­նե­րը 26 տա­րո­ւան ընդ­մի­ջու­մէ ետք կրկին ման­կա­պար­տէզ կը յա­ճա­խեն: ­Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն կա­ռու­ցո­ւած եւ հե­տա­գա­յին ա­ւե­րո­ւած շի­նու­թեան մէկ մա­սը վե­րա­նո­րո­գո­ւած ու կա­հա­ւո­րո­ւած է «­Սահ­ման» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ` ­Նոր­վե­կիա­կան ­Հա­մար ­Վեստ ա­կում­բի տնտե­սա­ւոր­մամբ եւ Ե­րե­ւա­նի ­Ռո­թա­րի Ա­կում­բի ա­ջակ­ցու­թեամբ: «­Ման­կա­պար­տէ­զի բաց­մամբ կ­՛ամ­փո­փենք մեր ձեռք­բե­րում­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող սահ­մա­նա­պահ այս գիւ­ղին մէջ»,- «­Մե­դիա­մասք»ի փո­խանց­մամբ՝ ը­սած է ծրա­գի­րի հա­մա­կար­գող Ա­նա­հիտ ­Նա­զա­րեան:
«­Բեր­քա­բեր հա­մայն­քի հա­մա­պար­փակ զար­գա­ցում» ծրա­գի­րով գիւ­ղին մէջ նաեւ կա­ռու­ցո­ւած է եր­կու սա­ծի­լա­յին ջեր­մոց, դպրո­ցին մէջ հիմ­նո­ւած է «Ար­մաթ» ար­հես­տա­գի­տա­կան դա­սա­սե­նեակ, անգ­լե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­ման խմբակ: «­Սահ­ման» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ­Բեր­քա­բեր հա­մայն­քին մէջ կ­՛աշ­խա­տի 2013 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ: