ՍԵԴԱ ՔԻՒՓԵԼԵԱՆ
«Շնորհակալ ենք, որ մեզի բացառիկ ուրախութիւնը կու տաք, կազմակերպելով նման երեկոներ, ուր կը պանծացուի հայ երգը, հայ գիրը, հայ գրականութիւնը, հայ գիրքը…», նման արտայայտութիւններով, յուզումնախառն ծափերով, ներկաները Ուրբաթ՝ 21 Յունիսին շնորհաւորեցին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ «Արեւիկ» գրատան կազմակերպած` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի, որուն երկրէն բացակայութեան պատճառաւ զինք փոխառինած էր դեսպանորդ Բավել Փսճըքեան։ Ներկայ էին՝ յունահայոց Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան վարիչ քարտուղար Եզնիկ արք. Պետրոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ.վ. Պէզազեան, հոգեւոր հայրերը, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, խմբագիրներ եւ գրասէր ընտրանի մը։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որպէս Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, կ՚այցելէ շատ երկիրներ, ուր կը ծանօթանայ հայու բեկորներու, (ինչպէս Վահրամ Մավեան գրած էր «Ամէն տեղ հայ կայ» «Հայու բեկորներ» գիրքերը)։
«Արեւիկ» գրատան պատասխանատու Սօնա Գալստեան ողջունեց ներկաները, ներկայացուց դոկտ. Ճէպէճեանը, ապա բեմ հրաւիրեց շնորհանդէսին իրենց սրտի խօսքը ըսելու՝ Նազարէթ Պէրպէրեանին, Միհրան Քիւրտօղլեանին եւ Զաւէն Գրիգորեանին, որմէ վերջ Հրայր Ճէպէճեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնելով այս բացառիկ հաւաքոյթին համար։ Յաջորդաբար, Եզնիկ Սրբազանը եւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իրենց սրտի խօսքը եւ տպաւորութիւնները արտայայտեցին։
Նազարէթ Պէրպէրեան ըսաւ թէ, սրտի եւ մտքի երկար կապ, մտերմութիւն ունի դոկտ. Ճէպէճեանին հետ, որպէս խմբագիր եւ աշխատակից։ Պրն. Պէրպէրեան փորձեց գիրքին լեզուական բովանդակութեան, գրական շունչին ոճը սահմանել, թէ ո՞ր գրական դասակարգի կը պատկանի։ Գլխաւոր արժանիքը Ճէպէճեանի, արագ, կարճ եւ խիտ տարազումով աշխարհ մը, կերպար մը ներկայացնելու մէջ է։ Պրն. Պէրպէրեան կը հաստատէ հեղինակին Աստուածաշնչական ոգիին ներկայութիւնը բոլոր յօդուածներուն մէջ։ Դոկտ. Ճէպէճեան երբ կը հանդիպի հայ էակի, մարդ էակի մը, կը տեսնէ որ հայ էակը ինչպէս այդ անտանելի միջավայրին մէջ կրցած է մարդ մնալ, հայ մնալ. Ինք ալ մարդկօրէն՝ հայօրէն կը մօտենայ։ Կարծեմ այսպիսի գիրք չենք ունեցած, որ այսքան ընթերցողը գրաւէ։
Միհրան Քիւրտօղլեան, երբ գիրքին ծաւալին նայեցաւ (550 էջ) գրախօսական մը գրելու համար վախցաւ, բայց ի վերջոյ կարդաց։ Ամէն մէկ յօդուած մամուլի մէջ հրատարակուած յօդուած մըն է։ Հրայր Ճէպէճեան ամէն ճամբորդութենէ նորութիւն մը կը յայտնաբերէ, նոր հայեր, նոր մարդիկ քով քովի կը բերէ։ Ան հարստացուցած է հայ մամուլը, հայ բեկորներու մասին գրելով, անծանօթ քաղաքներ կը յայտնաբերէ, փնտռելով եւ գտնելով հայու բեկոր մը, կարծես մէկը կը պարտադրէ իրեն։ Իր բոլոր ճամբորդութիւններուն, հանդիպումներուն ընդմէջէն կը կերտէ հայը, հայութիւնը, հայրենիքի եւ հողին ուժը։ Տեղ մը կ՚ըսէ՝ հայուն ամբողջական մշակոյթը՝ հայուն ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն է։
Դոկտ. Ճէպէճեան կը տեսնէ հայուն վերապրումը (էջ 296)ին մէջ, ըսելով թէ այսպիսի մարդիկ Ցեղասպանութենէն վերջ դարձան մեր հերոսները, հայուն ապրելու հպարտութիւնը դրին մեր հոգիներուն մէջ։ Պայքար կար, հայուն շարունակականութիւնը այդ պայքարին աշխատանքին մէջն է։
Պրն. Քիւրտօղլեան վերլուծեց յօդուածներուն ոճին պարզութիւնը, դիւրին ըմբռնելիութիւնը, հասկացողութիւնը եւ մասնաւորեց ընթերցողին մէջ քրքրած զգացումը եւ անոր հոգիին մէջ ստեղծած տագնապը՝ յօդուածին պարունակած նիւթին պատմութեամբ։
Զաւէն Գրիգորեան ըսաւ թէ, հայ գիրքը հայ ժողովուրդի կենաց շունչն է հայ անհատին համար։ Հայ գիրքը տրոփող կենդանի սիրտն է հայոց պատմութեան եւ այսօր մեր ձեռքերուն մէջ եղող՝ Հրայր Ճէպէճեանի հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, մեր ժամանակակից սփիւռքահայ կեանքի պատմութենէն էջեր եւ պատկերներ են, որոնք կը տողանցեն իրենց զանազանութեամբ եւ գունաւոր խճանկարային պատմութիւններով։
Գիրքը կը բովանդակէ սփիւռքահայ ամէնօրեայ կեանքի պատմութիւններ, իրենց կենցաղով, իրենց հասարակաց ազգային գոյութեան եւ գոյատեւման մտահոգութիւններով, անդոհանքով, մշձաւանջով։ Հրայր Ճէպէճեան կը շրջի սփիւռքահայ գաղութներ, Աւետարանի ճամբով Աւետարանի փրկութեան գիրքը ձեռքին եւ հաղորդակից կը դառնայ այդ գաղութներու կեանքերուն, ազգային հայրենասիրական, եկեղեցասիրական գործունէութիւններուն։
Եզնիկ արք. Պետրոսեան, որպէս մտերիմ բարեկամ եւ գործակից Հրայր Ճէպէճեանի, շնորհաւորեց զինք, մաղթելով նորանոր Աստուածաշնչական հրատարակութիւններով հարստացնել մեր գրադարանները։
Գեղամ արք. Խաչերեան, բոլոր ներկաներուն թարգմանը ըլլալով շնորհաւորեց Հրայր Ճէպէճեանին, յանձնարարելով կարդալ իր քրիստոնէական եւ հայրենասիրական շունչով գրուած գիրքը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ հայը կը տոկայ ամէն դժուարութիւններու հայապահմանումի սիրոյն, յանձն առնելով ամէն տեսակ դժուարութիւն։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան խօսք առնելով, իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց իրեն շնորհուած այս բացառիկ ազգային հայրենասիրական եւ քրիստոնէական հաւաքոյթ-ելոյթին առթիւ։
Երեկոն ճոխացաւ Ռոզինա Մարտիրոսեանի «սանթուրի» վրայ կախարդական նուագով, ճկուն մատներու զարկով՝«Մախմուր աղջիկ», «Ով սիրուն, սիրուն» եւ րումաներէն երգ մը։ Երգահան, երաժիշտ եւ արուեստագէտ Հայկ Եազըճեան դպչելով հայու սրտի զարկերուն եւ արցունքներ խլելով «ուտ»ի վրայ նուագեց «Եարը մարդու եարա կուտայ», «Հօյ, նազան իմ եարը», «Բինկէօլ»՝ (որ…երբ բաց եղան գարնան կանաչ դռները, քնար դարան աղբիւրները Բինկէօլի) եւ երկու արաբական երգեր, որուն կ՚ընկերանար իրեն «Քանոնով» յոյն արուեստագէտ Թասոս Բուլիոս։
Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, շնորհաւորեց դոկտ. Ճէպէճեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին շնորհանդէսի յաջողութեան։