Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեա­ն

Երգն ու նո­ւա­գը ի­րա­րու կա­պե­ցին ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի պատ­մու­թիւն­նե­րը Իզ­միր-­Հա­յաս­տա­նի կա­մուր­ջը հան­դի­սա­ցաւ ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեա­նը

0
1499

Ա­հա թէ ի՛նչ կը պա­տա­հի, երբ պատ­մու­թեան չժան­գո­տող նիւ­թը դաս­տիա­րա­կող կեան­քի յա­րա­տեւ­ման խորհր­դա­նի­շի կը վե­րա­ծո­ւի, հա­մեր­գի մը ըն­թաց­քին՝ երկ­լե­զու բա­ռե­րու, խօս­քե­րու, խա­զե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թեամբ։
­Հա­մերգ­նե­րը կեն­դա­նի ու կեն­դա­նաց­նող ա­ւան­դու­թիւն կը դառ­նան զգա­յուն ապ­րու­մի փո­խանց­ման ճամ­բով, ո­րով­հե­տեւ զա­նոնք սնու­ցա­նող օ­ղա­կը կը հան­դի­սա­նայ գրա­կա­նու­թիւ­նը, ո՛ր լե­զո­ւով ալ դրսե­ւո­րո­ւի ան, քա­նի գրա­կա­նու­թե­նէն ա­ւե­լի ապ­րող ու ապ­րեց­նող, շնչող ու շնչա­ւո­րող վա­յելք՝ դժո­ւար կա­րե­լի է գտնել կեան­քին մէջ։
Իզ­մի­րի Ա­ղէ­տի 95ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս (1922-2017), յու­նա­հայ սի­րո­ւած ու փնտռո­ւած ա­րո­ւես­տա­գէտ Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեան՝ հա­յե­րէն ու յու­նա­րէն եր­գե­րու եւ նո­ւագ­նե­րու մէ­կու­կէս ժա­մուան հա­րուստ յայ­տագ­րով մը, ապ­րե­ցուց պատ­մու­թեան յու­շը, ա­ւան­դու­թիւ­նը, քա­ղա­քակր­թա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը «չմոռ­ցո­ւող հայ­րե­նիք­նե­րու» հին թէ ժա­մա­նա­կա­կից գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով, վկա­յա­կո­չե­լով իզ­միր­ցի յօ­րի­նող­նե­րու, ե­րա­ժիշտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, թէ ա­նոնց եր­գերն ու նո­ւագ­նե­րը վե­րապ­րեց­նող ծա­նօթ ու համ­բա­ւա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ժա­մա­նա­կին մէջ ապ­րող ու ան­մա­հա­ցած գոր­ծե­րով։
­Ճի՛շդ է. ա­ւան­դու­թիւն կայ, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի ու կը գո­յա­տե­ւէ ե­րաժշ­տու­թեան թէ գրա­կա­նու­թեան ար­ժէք­նե­րով։ ­Մար­դիկ կան, որ հրա­ժա­րած չեն այդ բո­լո­րէն եւ խան­դա­վառ ապ­րու­մով փա­րած են ա­նոնց վե­րա­կանգ­նող ու խան­դա­վա­ռու­թիւն ներշն­չող խոր­հուրդ­նե­րուն հետ։
Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեան հրա­շա­լի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րեց իր կող­քին ու­նե­նա­լով փոր­ձա­ռու՝ խօս­քով ու գոր­ծով, ար­հես­տա­վարժ նո­ւա­գող­ներ՝ Օ­տի­սէ­աս ­Զա­ֆի­րո­փու­լոս (ջու­թակ), ­Լեֆ­թե­րիս ­Խա­վու­ցաս (կի­թառ-ուտ), ­Թէօ ­Լա­զա­րու (քոնթ­րա-պաս) եւ եր­գը ապ­րու­մով փո­խան­ցե­լու տա­ղան­դով օժ­տո­ւած երգ­չու­հի­ներ՝ ­Վա­սիա ­Զի­լու եւ ­Մա­րիա ­Քա­նե­լո­փու­լու։
Ինչ­պէս պար­տիզ­պա­նը իր ծա­ռե­րը կը պա­տուաս­տէ՝ ա­նոնց շունչ, բար­գա­ւա­ճում ու հա­սակ տա­լու հա­մար, այն­պէս ալ Ս­տե­փա­նը մեր միտքն ու հո­գին պա­տուաս­տեց խտա­ցած յի­շո­ղու­թեան դրսե­ւո­րում հան­դի­սա­ցող մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ փո­խան­ցե­լով եր­կու մա­սի դա­սա­ւո­րու­մով յա­գե­ցած յայ­տա­գիր մը, ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ հան­դի­սադ­րե­լով «­Քե­լէ-­Քե­լէ»ն, «­Բա­րի ա­րա­գիլ»ը, իր յօ­րի­նած «­Ղա­րա­բաղ»ը եւ այլ յօ­րի­նում­ներ։
Երկ­րորդ բաժ­նով ալ՝ Ի­լիա ­Քա­զա­նի «Ա­մե­րի­քա-Ա­մե­րի­քա» ժա­պա­ւէ­նէն (1963), «­Վար­դա­նի պա­րը», ե­րաժշ­տու­թիւն ­Մա­նոս ­Խա­ծի­տա­քի­սի, Իզ­մի­րի ա­ւան­դա­կան ու ծա­նօթ եր­գե­րէն՝ «­Ծի­վաէ­րի»ն, դար­ձեալ փոքր-ա­սիա­կան ա­ւան­դա­կան ու շատ լսո­ւած եր­գե­րէն «­Տէն սէ թե­լօ փիա»ն, ե­ւայլն, զգաց­նե­լով որ եր­գը շատ կա­րե­ւոր բան մըն է, որ­պէս­զի ան­ցած ու մոռ­ցո­ւած բան մը հա­մա­րո­ւի։
Եր­գը կը զգաց­նէ յօ­րի­նու­մի խոր­քը, երբ եր­գի­չը ա­նուն, ո­գի ու կեր­պա­րանք կու­տայ իր հա­ղոր­դակ­ցա­կան ո­ճով, հան­դի­սա­տեսն ալ հա­ղոր­դա­կից դարձ­նե­լով մեկ­նա­բա­նո­ւա­ծի էու­թեան իւ­րա­յատ­կու­թեամբ։
Ե­րաժշ­տու­թիւնն ալ ա­րո­ւեստ է, որ ո­ճա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թեան հա­մադ­րու­մով պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ, իր իսկ պատ­մու­թիւ­նը ապ­րած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, պատ­մու­թիւ­նը կրկնօ­րի­նա­կի մը վե­րա­ծե­լով, որ­պէս­զի ան­ցեա­լը ապ­րի ներ­կա­յին մէջ՝ իր դէպ­քե­րով, ե­ղե­լու­թիւն­նե­րով, ող­բեր­գա­կան ո­դի­սա­կան­նե­րու ճա­նա­չո­ղու­թեամբ։
Այս­պի­սի հա­մերգ­ներ խթա­նիչ ուժ կը դառ­նան, որ­պէս­զի ան­ցեա­լը սեւ թէ ճեր­մակ գոյ­նե­րով ապ­րի ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի մէջ եւ եր­բեք չկտրո­ւի կա­պը հի­նի եւ նո­րի մի­ջեւ։
­Հա­մերգ մը, որ ան­մո­ռա­նա­լի ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան մը համն ու հո­տը տո­ւաւ ներ­կա­նե­րուն՝ զա­նոնք ճամ­բոր­դե­լով Իզ­միր, ­Հա­յաս­տան, ­Յու­նաս­տան, դի­մա­ցի ա­փի՝ օս­մա­նեան թէ քե­մա­լա­կան յա­ջոր­դա­կան ա­ղէտ­նե­րու ժա­մա­նակ­նե­րու սար­սուռ պատ­ճա­ռող ապ­րում­նե­րով ու մտեր­մու­թեամբ։
­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց գո­յա­տեւ­մամբ կը յաղ­թեն։ Այդ յաղ­թեր­գին մէջ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը ար­ժա­նա­պէս նշե­լի բա­ժին ու­նին։ Այդ յատ­կան­շա­կան բա­ժի­նը ի­րենց աշ­խա­տան­քի ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ի­րա­ւունքն է։
­Բա­նանք մեր մտքի ու հո­գիի հո­րի­զոն­նե­րը ա­րո­ւես­տի ու քա­ղա­քակր­թու­թեան բաց պա­տու­հան­նե­րուն առ­ջեւ ու իւ­րաց­նենք մշա­կոյ­թի պատ­գամ­ներն ու խոր­հուրդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի ա­ռողջ կեանք մը ա­պա­հո­վենք, գա­լիք սե­րունդ­նե­րու ա­պա­գա­յին։
Ե­կէք մար­դուն առ­ջեւ սահ­ման չդնենք։ Ա­րո­ւես­տը սահ­ման չի ճանչ­նար։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ հո­գե­կան մտեր­մու­թիւն կը ստեղ­ծէ։

Յ. Պ.