Հինգշաբթի` 21 Մարտ 2019ի երեկոյեան ժամը 6ին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, եկեղեցւոյ իր գրասենեակէն ներս ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Յունաստանի Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ հոգեւորական՝ Պրիկիթէ Պիթերմանին հետ։
Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց գերմանացի հիւրին եւ անոր հետ ընկերացող պատուիրակութեան եւ շնորհաւորեց անոր պաշտօնը: Իր կարգին, գերմանացի հոգեւորականը իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ընդունելութեան համար եւ մաղթեց ամենալաւն ու ամենաբարին։
Գերմանացի հոգեւորականը կ’ուզէր առաւել գաղափար կազմել հայ առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ հիմնադրման, գաղութի ստեղծման, երկու եկեղեցիներու գերեզմանատուններու կապուած հարցերու մասին, նկատի ունենալով երկու իրարու կից գտնուող տարածքները, եւայլն…։
Հայր Սուրբը ներկայացուց զանոնք եւ գերմանացի հիւրին հարցումներուն սպառիչ պատասխաններով յագեցուց։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի հանդիպումը Պրիկիթէ Պիթերմանին հետ
Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի հանդիպումը Պրիկիթէ Պիթերմանին հետ
Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան հանդիպեցաւ Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Յունաստանի Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ հոգեւորական՝ Պրիկիթէ Պիթերմանին հետ