­Վեր­ջերս Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նը հրա­պա­րա­կած էր ո­րոշ փաս­տա­թուղ­թեր, ըստ ո­րոնց` Ս­պա­նիոյ թա­գա­ւոր Ալ­ֆոն­սօ 13րդը փոր­ձեր էր փրկել 1915 թ. Ապ­րիլ 24ին ձեր­բա­կա­լո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ո­րոշ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
­Քա­նի որ այդ վա­ւե­րա­գիր­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ա­ռա­ջա­ցու­ցին գիտ­նա­կան­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր բո­լոր ըն­թեր­ցող­նե­րուն մօտ, Akunq.net ստո­րեւ կը հրա­պա­րա­կէ նաեւ 1916 թ. ­Մա­յի­սին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մօտ Ս­պա­նիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կը` ուղ­ղո­ւած տո­ւեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Հա­լիլ ­Մեն­թե­շէին: ­Նա­մա­կը կը պար­զա­բա­նէ, թէ Ս­պա­նիոյ թա­գա­ւո­րը 1916 թ. դե­ռեւս տե­ղեակ չէր, որ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նը եւ միւս հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ար­դէն սպան­նուած էին օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հրա­մա­նով, եւ դեռ յոյ­սեր կը փայ­փա­յէր զա­նոնք փրկե­լու:
­Փաս­տա­թուղ­թը Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նին տրա­մադ­րած է օս­մա­նեան ար­խի­ւէն զայն յայտ­նա­բե­րած ա­մե­րի­կաբ­նակ պոլ­սա­հայ ­Գէորգ ­Յա­կո­բեա­նը, իսկ ֆրան­սե­րէ­նէ հա­յե­րէն թարգ­մա­նած է կեդ­րո­նի թրքե­րէն բա­ժի­նի պա­տաս­խա­նա­տու ­Մե­լի­նէ Ա­նու­մեան:

«10 ­Մա­յիս 1916 թ.
­Թուր­քիոյ մէջ Ս­պա­նիոյ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն

­Պա­րո՛ն նա­խա­րար,
Ըն­թա­ցիկ ամ­սո­ւան 1ին եւ 8ին պա­տիւ ու­նե­ցայ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լու ­Ձերդ գե­րա­զան­ցու­թեան հետ: Այդ հան­դի­պում­նե­րուն քննար­կո­ւած այն մի քա­նի հա­յե­րու թե­մա­յի ա­ռու­մով, հա­յեր, ո­րոնց ա­զատ ար­ձա­կու­մը խնդրո­ւած էր ­Նո­րին ­Մե­ծու­թիւն տի­րա­կա­լիս կող­մէ, ­Ձեր թոյլ­տո­ւու­թեամբ կը ցան­կամ յա­ւե­լել, որ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան ա­նո­ւամբ յի­շա­տա­կո­ւած ան­ձը կը կրէ ­Դա­նիէլ Չ­պու­գեա­րեան ա­նու­նը, եւ որ ­Վա­րու­ժան ա­նու­նը, ո­րով ան յայտ­նի է, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­նոր գրա­կան կեղ­ծա­նունն է:
Իմ ու­նե­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուս հա­մա­ձայն` վե­րո­յի­շեալ ան­ձը ձեր­բա­կա­լո­ւած է 1915 թ. Ապ­րիլ 11/24ին, եւ միւս բան­տար­կեալ­նե­րուն հետ միա­սին ու­ղար­կո­ւած՝ ­Չան­քը­րը, ուր ան մնա­ցեր է առ­նո­ւազն մին­չեւ նոյն տա­րո­ւան Օ­գոս­տոս 7/20ը, իսկ հոն­կէ ալ հա­ւա­նա­բար ու­ղար­կո­ւած է Ա­յիաշ:
­Կը շտա­պեմ ­Ձեր գե­րա­զան­ցու­թեան յայտ­նե­լու այն, ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցած է մինչ այժմ, քա­նի որ կը ցան­կամ դիւ­րաց­նել ա­նոր ո­րո­նու­մը, զոր հրա­հան­գո­ւած է օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, եւ օգ­տո­ւե­լով ա­ռի­թէն` կը տե­ղե­կաց­նեմ, որ քիչ ա­ռաջ նոր հրա­հանգ­ներ ստա­ցեր եմ, ըստ ո­րոնց` պէտք է աշ­խու­ժաց­նեմ քայ­լերս` վե­րոն­շեալ ան­ձանց խնդրի ուղ­ղու­թեամբ:
­Կան­խաւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւնս կը յայտ­նեմ ­Ձերդ գե­րա­զան­ցու­թեան` վե­րո­յի­շեալ ո­րո­նում­նե­րուն ար­դիւն­քի մա­սին յա­ռա­ջի­կա­յին զիս տե­ղե­կաց­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի ես կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­նամ հնա­րա­ւո­րինս շու­տով պա­տաս­խա­նե­լու ­Նո­րին մե­ծու­թիւն Ս­պա­նիոյ թա­գա­ւո­րին:
­Պա­րո՛ն նա­խա­րար, ըն­դու­նե­ցէ՛ք, խնդրեմ, խո­րին յար­գանք­նե­րուս հա­ւաս­տի­քը»: