­Վեր­ջին օ­րե­րուն պա­տա­հած հրդեհի դէպ­քե­րէն ետք, Հ.Մ.Ը.­Մ.ի ս­կաուտ­նե­րս չենք կրնար ան­տար­բեր մնալ: ­
Բո­լորս յու­զո­ւած, սա­կայն միշտ պատ­րաստ՝ օգ­նե­լու մեր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն, կը խնդրենք գա­ղու­թի բո­լոր ան­դամ­նե­րէն, որ օ­ժան­դա­կեն զա­նա­զան ու­տես­տե­ղէ­ննե­րով եւ նախ­նա­կան անհրաժեշտութիւններով, ո­րոնք պի­տի տրուին կրա­կէն տու­ժած ան­ձե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն:
Այս շար­ժու­մը պի­տի ըլ­լայ ­Յու­նաս­տա­նի Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նի ­Սա­րո­նի­քո­յի տա­րա­ծաշր­ջա­նի (Σ.Ε.Π. Περιφέρεια Σαρωνικού) հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ:

­Հա­ւա­քը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Գո­քի­նիոյ եւ Ա­թէն­քի ս­կաու­տա­կան ­մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու ա­կումբ­նե­րէն ներս, այս ­Հինգ­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օրերը, ժա­մը 19:00-21:00:

Վս­տահ ենք, որ գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րը ան­գամ մը եւս նե­ցուկ կը կանգ­նին վնա­սո­ւած այս ըն­տա­նիք­նե­րուն:
­Հե­տե­ւեալ անհրաժեշտութիւնները ու­զո­ւած են.-

­Ջուր, հիւթ, ճա­շեր, ո­րոնք սառ­նա­րա­նէն դուրս կը դի­մա­նան (պատ­րաստ ճա­շեր — «­գոն­սեր­վա»,
պիս­քո­ւիթ, չոր հաց — «ֆ­րի­ղա­նիա»), կաթ (է­վա­բո­րէ), փոք­րիկ­նե­րու շո­րիկ, փոք­րիկ­նե­րու թաց թաշ­կի­նակ, սուրճ եւ շա­քար:

Հ.Մ.Ը.­Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Սկաուտական
Խորհուրդ եւ Խմ­բա­պե­տու­թիւն