Բարեկենդանի եռօրեայ արձակուրդի ընթացքին, Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղներու երէցներու փաղանգները արշաւեցին դէպի Թեսաղոնիկէ: Տասնչորս երէց ու պարմանուհիները, առաջնորդութեամբ իրենց խմբապետներուն՝ Ռոզինա Մարտիրոսեանի, Մարիամ Չինարեանի, Ճիւլի Մանոյեանի եւ Յակոբ Չաղանեանի, այս այցելութիւնը կատարեցին ոչ միայն իրենց եղբայրական կապերը առաւել ամրացնելու եւ միասնաբար զուարճանալու, այլեւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին ու անոր պատմութեան ծանօթանալու նպատակով:
Անոնք գնացքով ճամբորդեցին Ուրբաթ գիշեր ու Թեսաղոնիկէ հասան Շաբաթ կանուխ առաւօտեան: Երեք օրուան ընթացքին կատարեցին այցելութիւններ, պտտեցան ու վայելեցին քաղաքի պատմական եւ տեսարժան վայրերը: Քոյրերն ու եղբայրները, Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի արտօնութեամբ, գիշերեցին «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ:
Կիրակի առաւօտեան մեր երէցները մասնակից դարձան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որու աւարտին հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան՝ բարի գալուստ եւ բարի կեցութիւն մաղթելէն ետք, իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց սկաուտներու ներկայութեան կապակցութեամբ: Հայր Սուրբը շեշտեց կարեւորութիւնը սկաուտի ազգային գիտակցութեան ու հնազանդութեան եւ բարձր գնահատեց անոնց փափաքը Ս. Պատարագին մասնակցելու: Սկաուտներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեցին, իրենց կարգին, Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Պր. Արթուր Աբրահամեան եւ Թաղական խորհուրդի դիւանի անդամ եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Կարօ Նատեան:
Երէցները Աթէնք վերադարձան Փակեալ Խորանի Երկուշաբթի ուշ գիշերուան, հոգեկան ու մտաւոր հարուստ պաշարով: Չէ՞ որ ամէն արշաւ մեզ առաւել կը հարստացնէ…
ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային
Սկաուտական Խորհուրրդ եւ Խմբապետութիւն










