Ռուսիա օրերս Հայաստանին պիտի մատակարարէ զէնքի խմբաքանակ` գործող պայմանագիրի ծիրէն ներս: Իսկ 100 միլիոն տոլարի նոր, արդէն ստորագրուած վարկային համաձայնագիրի իրականացումը պիտի սկսի, երբ բոլոր միջ-պետական մակարդակներու վրայ հաստատուի: «Արմենփրես»ի փոխանցմամբ՝ այդ մասին «Ռիա Նովոսթի»ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Մինչեւ այս տարուան վերջաւորութիւնը, մենք պիտի իրականացնենք դեռ նախորդ պայմանագիրը: Օրերս մենք կը սպասենք նոր մատակարարումներու, եւ մինչեւ տարուան աւարտը մենք պիտի փակենք նախորդ պայմանագիրի հետ կապուած բոլոր հարցերը»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:
«Մենք արդէն Երեւանի մէջ ստորագրած ենք նոր պայմանագիր. անիկա պէտք է անցնի բոլոր ռուսական եւ հայկական ատեաններէն, այնուհետեւ` կը սկսի վաւերացման ընթացակարգը, իսկ արդէն ատկէ ետք մենք պիտի սկսինք աշխատանքի, ռուսական կողմէն համապատասխան արտադրողներու հետ, այդ ծրագիրին իրականացման համար: Ատիկա, ցաւօք, այդքան արագ չ՛ըլլար»,- աւելցուցած է Հայաստանի նախագահը:
2015ի Յունիսին ստորագրուած է Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին 200 միլիոն տոլարի պետական վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիր` ռուսական արտադրութեան ռազմական արտադրանք ձեռք բերելու համար:
Համաձայն նոր համաձայնագրի նախագիծին, որուն Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է 2017ի Հոկտեմբեր 12ին, Ռուսիան հայկական կողմին պիտի տրամադրէ 100 միլիոն տոլարի պետական արտահանման վարկ` ռուսական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան արտադրանքներու մատակարարումները տնտեսաւորելու համար:
Համաձայնագիրի նախագիծին մէջ կը նշուի, որ վարկը կը տրամադրուի 15 տարի մարման ժամկէտով, տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով: Հայաստան պէտք է օգտուի վարկային միջոցներէն 2018-2022 թուականներուն:
«Ռուսիա Հայաստանին պիտի մատակարարէ ռազմական նոր սարքեր»
«Ռուսիա Հայաստանին պիտի մատակարարէ ռազմական նոր սարքեր»