Ռուսիա կը պահանջէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն դադրեցնել խտրական վերաբերմունքը այդ երկիր ժամանող այն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք ունին հայկական ազգանուն,- կը փոխանցէ «Այսօր»ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍը:
«Ստիպուած ենք հաստատելու, որ Ատրպէյճան ժամանող Ռուսիոյ քաղաքացիները, իսկապէ՛ս, խտրականութեան կ՛ենթարկուին էթնիկ (ազգային ծագման) հիմքի վրայ»,- յայտարարած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն` կապուած շարք մը դէպքերու հետ:
«Կը շարունակենք պահանջել դադրեցնել այդ զայրացնող խտրական գործելաոճը, որ չի համապատասխաներ երկու երկրի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն: Բնականաբար, եզրակացութիւններ պիտի ընենք ստեղծուած իրադրութենէն»,- նշած են ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութիւնէն:
Ինչպէս յայտնած են Ռուսիոյ Ա.Գ. նախարարութենէն, այս տարուան սկիզբէն Ռուսաստանի 25 քաղաքացիի արգիլած են մուտք գործել Ատրպէյճան: Զանոնք քանի մը ժամով սպասել տուած են, որոշ պարագաներու նոյնիսկ առանց ուտելիքի, ջուրի եւ բժշկական օգնութեան, այնուհետեւ իրենց իսկ հաշուին ետ ուղարկած են:
Որպէս պատճառաբանութիւն նշուած է անոնց հայկական ազգանունները, սակայն եղած են նաեւ դէպքեր, երբ «ռուսական ազգանուններով, անուններով ու հայրանուններով անձեր հարցաքննած են հայկական նախնիներ ունենալու փաստը բացայայտելու նպատակով»:
Ռուսիոյ Ա.Գ.Ն.էն յայտնած են, որ իրենք բազմաթիւն անգամներ, որոնց շարքին նաեւ պաշտօնական դիտողագիրներով պահանջած են դադրեցնել նման գործելաոճը, սակայն այդպէս ալ չեն ստացած բաւարարող պատասխան: «Ատրպէյճանի Ա.Գ.Ն. պատասխան դիտողագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ «անցանկալի իրադարձութիւնները կանխելու նպատակով Ատրպէյճան ստիպուած է կիրառելու համապատասխան կարգաւորումներ շարք մը անձերու նկատմամբ»,- նշած են նախարարութենէն:
Ռուսիա — Ատրպէյճան
Ռուսիա Պաքուէն պահանջած է դադրեցնել հայկական ծագումով իր քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրականութիւնը