ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հ.Հ. նա­խա­գա­հին խօս­քե­րը շատ յստակ էին, երբ ան կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ­Հա­յաս­տան-­Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­մէ­նէն ցա­ւոտ խնդի­րը՝ ռու­սա­կան զէն­քի շա­րու­նա­կո­ւող վա­ճառքն է Ատր­պէյ­ճա­նին:
­Մե­ծար­գոյ նա­խա­գա­հը, ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու, մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէր այս ան­հե­թեթ ի­րա­կա­նու­թեան ի տես:
Ու­րիշ ի՞նչ ձե­ւով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը իր ա­ռար­կու­թիւ­նը պի­տի բարձ­րա­ձայ­նէր ­Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան այս ան­բա­ցատ­րե­լի վե­րա­բեր­մուն­քին դի­մաց:
Այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի ուխ­տեալ թշնա­մին բա­ցէ ի բաց կը սպա­ռա­զի­նո­ւի ա­մէ­նէն մա­հա­ցու ռազ­մա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կի­ցը հա­մա­րուող ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան իսկ կող­մէ, եւ ­Մոս­կո­ւա այլ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն չու­նի տա­լիք՝ քան այն, որ ե­թէ ­Ռու­սաս­տա­նը մեր­ժէ մտնել այս գոր­ծառ­քին մէջ, Ատր­պէյ­ճան կրնայ դիւ­րաւ մա­տա­կա­րա­րո­ւիլ այ­լոց կող­մէ…
Հ.Հ. նա­խա­գա­հին խօս­քե­րը յստա­կօ­րէն մե­ղադ­րա­կան էին ­Մոս­կո­ւա­յի նկատ­մամբ, թէեւ՝ հրա­պա­րա­կա­յին խօս­քի ըն­դու­նո­ւած նոր­մե­րով: Ա­նոնք յստակ պատ­գամ մը կը յղէին ռուս իշ­խա­նու­թեանց: ­Յայտ­նօ­րէն, ա­նոնք կ­՛ընդգ­ծէին խա­խուտ նկա­րա­գի­րը ­Ռու­սաս­տա­նի այս եր­կա­կի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Եւ հասկ­նա­լի ճկու­նու­թեամբ ու բա­րե­կամ երկ­րի մեր դիր­քե­րէն, ա­նոնք այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ կը յի­շեց­նէին ստեղ­ծո­ւած ներ­կայ բա­ցը ռազ­մա­մա­տա­կա­րար­ման յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ:
Այս մե­ղադ­րան­քը պէ՛տք է յղէր պր. նա­խա­գա­հը եւ կաս­կած չու­նինք, որ ան յա­ջո­ղա­պէս հա­սաւ իր հաս­ցէին:
Ան­հասկ­նա­լի՛ն, սա­կայն, պր. ­Շար­մա­զա­նո­վի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներն են, եւ այդ գե­րա­զան­ցօ­րէն պար­զա­միտ հաս­տա­տու­մը, թէ՝ «­Ռու­սաս­տա­նին կա­րող ենք մե­ղադ­րել այն ժա­մա­նակ, երբ Ադր­բե­ջա­նին մա­տա­կա­րա­րո­ւած զէնքն ու­ղիղ վնաս է հասց­նում մեզ…»։
Ե­թէ լրագ­րա­կան վրէ­պի մը զո­հը չենք, ա­պա ըն­դու­նե­ցէ՛ք, որ իս­կա­պէս ցնցիչ է այս մտայ­նու­թիւ­նը։
­Յի­շեց­նե՞լ ար­դեօք, որ երբ այդ ա­ղի­տա­լի վնա­սը ար­դէն հա­սած է երկ­րին, այ­սինքն՝ երբ նա­խա­յար­ձա­կը ար­դէն մտած է ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու բո­վին մէջ, եւ եր­կի­րը կը դի­մագ­րա­ւէ իր մեծ ճգնա­ժա­մը, այդ կէ­տին վրայ, մե­ղադ­րե­լու ա­րար­քը մեր ան­նե­րե­լի սնան­կու­թի՛ւնն իսկ է:
Պր. նա­խա­գա­հին ար­տա­յայ­տած մտա­հո­գու­թիւ­նը «նոր» մեկ­նա­բա­նու­թեան չի կա­րօ­տիր: Ան ե­թէ­նե­րու հետ կապ չու­նի: Կ­՛ակն­կա­լենք, որ այդ ե­լոյ­թին յա­ջոր­դեն դի­ւա­նա­գի­տա­կան շօ­շա­փե­լի քայ­լեր՝ ­Ռու­սաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց հետ հա­շո­ւի նստե­լու (թէ­կուզ ան­վի­ճե­լի մեր բա­րե­կա­մու­թեան դիր­քե­րէն): ­Նոր, ան­կեղծ եւ ան­վե­րա­պահ խօ­սակ­ցու­թիւն մը՝ ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ, ո­րոնք ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ կը դի­մագ­րա­ւեն ­Կով­կա­սի ու ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ճա­կա­տա­գի­րը խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նող ներ­կա­յի մեծ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, եւ իս­կա­պէ՛ս լու­սանց­քը չու­նին այս­պի­սի վտան­գա­ւոր ու ան­միտ «ռիսք»ե­րով ծան­րա­բեռ­նե­լու ար­դէն իսկ բեռ­նա­ւո­րո­ւած քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ: