Օրեր շարունակ «Ազատ Օր»ի էջերէն կը կարդանք Կարապետ Յովակիմեանի մահուան առթիւ եղած նուիրատուութիւնները:
Վայրկեանի մը համար չենք ուզեր հաւատալ, որ Ռուլիին համար է, որ իր նման կեանքոտ անձ մը այլեւս յաւիտենականութեան ճամբորդ է: Չէ՞ որ երբ իր մասին խօսք կ՚ըլլար, պէտք չկար անուն մականունով անդրադառնալ: Ռուլի ըսելը կը բաւէր:
Բոլորը՝ ընտանեկան, ազգային, միութենական, յունական շրջանակներէն ներս Ռուլի կը ճանչնային զինք:
Նոյնիսկ Թեմական ընտրութիւններու քուէարկութեան ժամանակ, պահանջքը զգացուեցաւ իր անուն մականունին կողքին, Ռուլի գրել փակագիծի մէջ, որ յստականայ անձը:
Ուղիղ նկարագրի տէր անձնաւորութիւն էր: Խորամանկ եւ զարտուղի միջոցներ ոչ գործածեց, ոչ ալ հանդուրժեց: Կը խօսէր եւ կը գործէր ուղիղ եւ յստակ ձեւով։ Եթէ տարակարծիք էր, բացայայտ կ՚արտայայտէր իր տարակարծութիւնը: Այսպէս քալեց իր կեանքի ընթացքին՝ ըլլայ ընկերային, միութենական նոյնիսկ առեւտրական շրջանակներէն ներս:
Մինչեւ պատանեկան տարիքը, տան հեռաւորութեան պատճառով, կարելի չեղաւ հայկական վարժարան յաճախելը ինչպէս նաեւ Պատանեկան միութեան մասնակցիլը:
Երիտասարդ տարիքին մասնակցութիւն բերաւ Երիտասարդական միութեան Աթէնքի «Գրիգոր Գըյըճեան» խումբին:
Ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց Գոքինիոյ շրջանի յայտնի ընտանիքի զաւակ Սեդա Չիչեքեանին հետ եւ այնուհետեւ ա՛լ աւելի կապուեցաւ ազգային եւ միութենական կեանքին: Կողակից բառը իր հարազատ իմաստը ստացաւ Սեդայի պարագային: Կողք-կողքի քալեցին կեանքի պայծառ եւ մանաւանդ ամպոտ օրերը, որ վերջին տարիները անպակաս եղան իրենց ընտանիքէն ներս:
Ռուլին տարիներ շարունակ մասնակցեցաւ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Սեդան՝ Հ.Կ.Խաչին: Երկուքն ալ իբրեւ անդամ եւ վարչական իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը ունեցան շրջանի ազգային եւ միութենական կեանքին: Յանձնառութեամբ ստանձնեցին իրենց վստահուած պաշտօնը: Յաջորդաբար, երկար տարիներ ծառայեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւններէն ներս, նաեւ ատենապետութեան պաշտօնով: Երկար տարիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ատենապետութեան շրջանին Ռուլին միշտ կը գլխաւորէր աշխատանքները:
Տեւաբար գործածելով յոգնակի առաջին դէմքը՝ ընենք, կազմակերպենք, ինք առաջ կը նետուէր երբ գործ կար ըլլալիք: Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական սկաուտական բանակումին իբրեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ, անդուլ աշխատանքի մղեց բոլորը, որպէսզի ամէն ինչ կատարեալ ձեւով կազմակերպուի ու ընթանայ:
Ծանր պատասխանատուութիւն էր նման համահայկական տարողութեամբ բանակումի կազմակերպումը, որ շնորհիւ լաւագոյն ձեւով տարուած հետեւողական աշխատանքին եւ զոհողութեան կատարեալ արդիւնքին հասաւ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատելով եղբայր Կարապետ Յովակիմեանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս երկար տարիներու ծառայութիւնը զինք պատուեց արժանեաց շքանշանով:
«Զաւարեան»ի վերաշինութեան համար որոշումը առնուած էր, սակայն հսկայ աշխատանքը վարանումի մէջ կը գտնէր բոլորս: Այն ատեն որոշում առնուեցաւ կազմել յանձնախումբ մը Գոքինիոյ շրջանի ծանօթ անձերէ, որոնց յանձնուեցաւ նման ծանր պարտականութիւնը:
Շինութեան նախահաշիւը շատ աւելի մեծ էր մեր նիւթական կարելիութիւններէն, սակայն անոնք հաւատացին գործին ու նպատակին եւ անոնք առաջին՝ իրենց նիւթական կարելիութիւնները գերազանցելով բացին հանգանակութեան ցանկը:
Տարուած աշխատանքին արդիւնքը պատիւ կը բերէ յունահայութեան:
Այդ յանձնախումբին իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերաւ Ռուլին, որ ոչ միայն շինութեան ընթացքին այլեւ նորաշէն «Զաւարեան»ի գործունէութեան առաջին տարիներուն միշտ հոն էր, այս անգամ իբրեւ խորհուրդի անդամ, ամէն տեսակի օգնութիւն բերելու, ուր որ պէտք էր, չէ՞ որ ինք անիրաւուած վարպետ էր, ձեռքէն ամէն ինչ կուգար՝ շինել, սարգել, նորոգել: Ծառայասէր եւ տուող էր միշտ, կուտար նոյն դիւրութեամբ գրպանէն եւ հոգիէն, առանց հաշուելու, սակարկելու, տատանելու:
Ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը եղաւ իրենց ապրելաձեւը: Ընկերային լայն շրջանակ ունեցան հայկական նաեւ յունական իրականութենէն ներս: Իրենց տունը եւ սիրտը միշտ բաց էր ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան:
«Եթէ կ՚ուզես մարդու մը նկարագիրին ծանօթանալ հետը առեւտուր ըրէ», կ՚ըսէ առածը: Իբրեւ առեւտրական, Ռուլին իր անձնական գործին մէջ եղաւ պարկեշտ եւ բծախնդիր: Շուկային մէջ իր նկարագիրին շնորհիւ սիրուեցաւ բոլորէն:
Ամէն ինչ կանխամտածուած ձեւով կը կազմակերպէր, կը խնամէր, կը ծրագրէր, ոչինչ կը ձգէր պատահականութեան:
Յատկանշական դրուագ մը՝ երբ ուզեց իր գործը ընդլայնել, աւելի մեծ խանութ փոխադրուելով, նախքան ամէն ինչի, բժշկական ընդհանուր քննութիւններ ըրաւ երբ տակաւին հազիւ 40 տարեկան էր: «Անչափահաս զաւակներ ունիմ եւ պէտք է ամէն ինչ հաշուեմ», ըսաւ:
Իբրեւ գործատէր հայրական գուրգուրանքով վարուեցաւ իր պաշտօնեաներուն եւ այդ իսկ պատճառով փոխադարձաբար սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ անոնցմէ:
Երբ հանգստեան թոշակի անցաւ, գործը փոխանցեց իր մեծ զաւկին Յակոբին, քանի որ Տիգրանը, իր ուսումին ճամբով տարբեր ասպարէզ ընտրած էր:
Ռուլին խորհուրդներով եւ անշուշտ անձնական ներկայութեամբ, ուր որ պէտք էր, միշտ օգնական եղաւ:
Հետագային, Տիգրանն ալ մասնակցեցաւ գործին եւ երկու եղբայրները ձեռք-ձեռքի տուած, իբրեւ երրորդ սերունդ, կը շարունակեն իրենց մեծ հօր հիմնած, հօր շարունակած եւ արդիականացուցած գործը:
Սիրելի Ռուլի,
Վստահ եղիր, որ ամէն ինչ կը շարունակուի, այս է կեանքի ընթացքը, դուն քու պարտականութիւնդ լրիւ կատարեցիր ազգիդ եւ ընտանիքիդ հանդէպ:
Բարի ճանապարհ։ Վարձքդ կատար։
ԹԱԳՒՈՐ