Մայիս 9ի այս օրը, 75 տարի առաջ, Մոսկուայի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի գիտական հանճարին ճառագայթող դէմքերէն Ռուբէն Օրբելի՝ աւագ եղբայրը խորհրդային դարաշրջանին ռուս հասարակութեան մէջ փառաւոր բարձունք նուաճած վաստակաւորներ Լեւոն եւ Յովսէփ Օրբելի եղբայրներուն։
Wikipedia Հանրագիտարանի հայկական խմբագրութեան արժեւորումով՝ Ռուբէն Օրբելի կը հանդիսանայ հիմնադիրը ստորջրեայ հետազօտութեանց եւ հնագիտութեան։ Արխիւային նիւթերու եւ սկզբնաղբիւրներու իր բծախնդիր ուսումնասիրութեամբ եւ հետազօտութիւններով՝ Ռուբէն Օրբելի 1930ականներէն սկսեալ գլխաւորած է խորհրդային գիտնականներու բազում արշաւախումբեր՝ բացայայտելով ծովերու եւ ովկիանոսներու ստորջրեայ գաղտնիքներու խորհրդաւոր աշխարհը։
Ռուբէն Օրբելի ծնած է 1880ի Փետրուար 26ին, Նախիջեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քութայիսի մէջ, ապա՝ յաճախած է Թիֆլիսի 3րդ դասական գիմնազիան։ 1903ին աւարտած է Պետերբուրգի համալսարանի իրաւաբանական հիմնարկին դասընթացքները եւ լծուած է իր աւարտաճառի պատրաստութեան, միաժամանակ՝ դասախօսական պաշտօն ստանձնած է միեւնոյն համալսարանին մէջ։
1904ին առաջին աստիճանի վկայականով աւարտած է համալսարանը եւ աշխատանքի անցած է քաղաքացիական իրաւունքի ամբիոնին մէջ, ուր պաշտպանած է մագիստրոսական աւարտաճառը եւ ստացած է մագիստրոսի աստիճան։
1905ին երկու տարուան պայմանաժամով գործուղղուած է Գերմանիա՝ Ենայի եւ Պոննի համալսարանները, ուր ստացած է իրաւունքի դոկտորի գիտական աստիճան։
1906ին Ռուբէն Օրբելի Գերմանիայէն վերադարձած է Սանկտ Պետերբուրգ, ընտրուած է Սանկտ Պետերբուրգի Կայսերական Համալսարանի իրաւաբանական ընկերութեան իսկական անդամ, աշխատանքի անցած է Սենատի մէջ, նշանակուած է վճռաբեկ ատեանի աւագ քարտուղար՝ հետագային արժանանալով կայսերական իրաւունքի դոկտորի գիտական աստիճանի։
1906 թուականէն սկսեալ, իբրեւ քաղաքացիական իրաւունքի մագիստրոս, Ռ. Օրբելի տեսական դասընթացքներու հետեւած է Ենայի ու Պերլինի համալսարաններուն մէջ, ստացած է Ենայի համալսարանէն համապատասխան իրաւունքի դոկտորի գիտական աստիճան։ Տիրապետած է 12 օտար լեզուներու։
1914ին Օրբելի կրկին կը մեկնի Գերմանիա՝ փիլիսոփայական գիտելիքները կատարելագործելու նպատակով։
1918ին Օրբելի աշխատանքի կ՚անցնի Տամբովի պետական հիմնարկին մէջ՝ մանկավարժութեան բաժանմունքի բարոյագիտութեան ամբիոնը, եւ կը դասաւանդէ իրաւունք ու փիլիսոփայութիւն։
1921ին վերադառնալով Պետրոգրադ` Օրբելի աշխատանքի կը կոչուի Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Գրադարանին մէջ: Այդ տարիներուն ան ջանասիրաբար կ՚աշխատի արխիւներու եւ գրադարաններու մէջ` կատարելով թարգմանութուններ եւ կը դառնայ գրադարանային եւ արխիւային գործի յայտնի մասնագէտ։ Ճիշդ այդ ժամանակ ալ ան կը գտնէ իր կոչումը, կեանքի իսկական գործը՝ ստորջրեայ հետազօտութիւններու բնագաւառը։
1934էն սկսեալ մինչեւ մահը, Ռ. Օրբելի ղեկավարած է Խ.Ս.Հ.Մ. ծովերու եւ գետերու ստորջրեայ աշխատանքներու յատուկ նշանակման կարմրադրօշ արշաւախումբը՝ ԷՊՐՕՆ։ Ասորեստանեան հարթաքանդակներու, ջրասուզակներու պատկերներով կնիքներու, յունական հեղինակներու (Հոմերոս, Հերոդոտոս, Եւրիպիդէս, էսքիլէս, Ստրաբոն եւ ուրիշներ) երկերու ուսումնասիրութեամբ պարզած է ջրասուզակներու հասարակական պատկանելութիւնը, խնդիրները, աշխատանքի պայմանները, հանդերձանքն ու սարքակազմը։
Մեծ գիտնականի անձին, հայու ներաշխարհին եւ աշխատունակոvթեան մասին կը վկայէ Ռուբէն Օրբելիին ուղղուած անոր հօր՝ Աբգար Օրբելիի հետագայ նշանակալի նամակը (առնուած՝ Յովիկ Չարխչեանի պլոկէն).-
Ռուբէնիկ ջան,
Ճշմարտութիւնը, որը դու փնտռում ես, նիւթական չէ, որը կարելի լինի բռնել, շօշափել: Ճշմարտութիւնն ինքն իրեն կը ծնուի քո գլխում միայն այն դէպքում, եթէ երկար ժամանակ հանգիստ պրպտես, աշխատես, ուսումնասիրես հիմնաւորապէս այն առարկաները, որոնք դասաւանդում են: Եւ չես վազվզի այս ու այն կողմ՝ դիմելով սրան-նրան, եւ ճշմարտութիւնից սարքել մի բան, որը չես կարող բռնել ձեռքերով, արդիւնքում տարիներ կը կորցնես կիսացնոր խելագարի պէս: Ուստի՝ նախ եւ առաջ անցիր գործի և պատրաստուիր քննութեան այն առարկաներից, որոնք անհրաժեշտ են յանձնել` երրորդ կուրս փոխադրուելու համար եւ նրանց տուած ծրագրով… Գործիդ եղիր, զբաղուիր որոշակի գործով, եղիր ամուր եւ հաստատ` նպատակներիդ հասնելու համար: Առաւել եւս, դու ունես բաւական ժամանակ, որպէսզի հանգիստ, հիմնաւորապէս պատրաստուես քննութիւններին: Ազատ ժամանակդ կարող ես ուսումնասիրել նշանակալից դասական աշխատութիւնները: Անհրաժեշտ է միայն, որ գլուխդ չկորցնես, ուշադիր լինես քո գործում, դես ու դէն չընկնես, չցրուես, չշեղուես ճանապարհիցդ: Անիմաստ մի կորցրու ժամանակդ թերթեր կարդալով, ժողովներ այցելելով, դատարկ խօսակցութիւններով, ընկերների յետևից ընկնելով: Ընկերների խօսքով դես ու դէն ընկնելով` մարդս ո՛չ կը զարգանայ, ո՛չ գիտելիք ձեռք կը բերի, ո՛չ մարդ կը դառնայ եւ ո՛չ էլ ամուր ոտքի կը կանգնի: Այս բոլորը լաւ է, եթէ չափ ու սահմանն իմանաս: Նախ եւ առաջ մարդ պէտք է զբաղուի վստահելի, լուրջ գործով, եւ ուշադրութիւնն ու մտքերը կենտրոնացնի իր գործի վրայ: Քո ամբողջ ժամանակը պէտք է լինի կանոնաւորուած, որ չկորցնես ոչ մի րոպէ, աշխատես արդիւնաւէտ, այսպիսով կատարես քո սրբազան պարտքը: Եւ դրանից յետոյ միայն կարելի է հանգստանալ, հանդիպել ընկերներին, բարեկամներին, զրուցել եւ ժամանակ անցկացնել, կարդալ թերթեր եւ ստանալ այլ հաճոյքներ: Դրա հետ մէկտեղ քո իւրաքանչիւր քայլ պէտք է թելադրուած լինի պարտքի զգացումով, պարտքի զգացում քո առջեւ, ինչպէս նաեւ քո մօտիկների, շրջապատող հասարակութեան եւ ընկերների: Այլ կերպ չի կարելի մարդ դառնալ եւ լինել օգտակար քեզ եւ հասարակութեանը: Կարծում եմ, այսքանը բաւական է, որ դու հասկանաս եւ մտածես մնացածի մասին ու չշեղուես ճանապարհից, չկորցնես քեզ…
Քո հայր՝ Ա. Օրբելի:
-Թիֆլիս, 26 Հոկտեմբերի, 1899թ.:
-Ռուբէն Օրբելիի գիտական հետազօտութեանց մասին ընդհանուր գաղափար մը կը փոխանցէ հանրագիտական աղբիւրներէ քաղուած հետեւեալ տեղեկանքը.-
Օրբելի զբաղուած է ջրասուզակային գործի գիտական ուսումնասիրմամբ ընդամէնը տասնեւհինգ տարի՝ որպէս կանոն առաջնորդուելով սկզբնաղբիւրներով, ինչին նպաստած է 12 լեզուներու անոր իմացութիւնը (ռուսերէն, վրացերէն, հայերէն, լատիներէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, շուէտերէն, իտալերէն, հին իտալերէն)։
Հնագոյն աղբիւրներու ուսումնասիրման հիման վրայ Ռ. Օրբելին հաստատած է, որ տակաւին մ.թ.ա. 480ական թուականներուն, ջրասուզակները վճռորոշ դեր կատարած են ծովային ճակատամարտներու ընթացքին։ Ռուբէն Օրբելի ապացուցած է, որ ստորջրեայ սուզումների համար նախատեսուած կազային շնչառական սարքի գիւտը կը պատկանի Լէոնարտօ Տա Վինչիին, որ գտնուած է նաեւ Հայաստան եւ, ի թիւս իրեն մատչելի աշխարհագրական տարածքի, ծովերու եւ գետերու, իր ձեռագիրներուն մէջ յիշատակած է նաեւ Հայաստանի գետերը։
Ռուբէն Օրբելիի ղեկավարած արշաւախումբները յայտնաբերած են ստորջրեայ յունական քաղաքի մնացորդներ Ղրիմի մէջ, հնադարեան նաւահանգիստային կառոյցներ՝ Օլվիայի, Խերսոնի մէջ եւ այլուր։
1939 թուին անոր արշաւախումբը Բուգ գետէն հանած է մօտ 2500 տարի առաջ սուզուած սկիւթական նաւակ։ Օրբելի տուած է ստորջրեայ կառոյցները պաշտպանելու նպատակով ծովափերն ամրացնելու գաղափարը, առաջարկած է հնագոյն իրերը ջուրէն հանելու եւ պահպանելու եղանակներ։
Ռուբէն Օրբելի գիտական շրջանառութեան մէջ մտցուցած է «ստորջրեայ հնագիտութիւն» եզրը (հետագային առաջարկած է «հիդրոհնագիտութիւն» տարազումը)։ Օրբելի հեղինակ է իրաւաբանական շարք մը աշխատութիւններու, գերմաներէնէ ռուսերէն թարգմանած է Օ. Բարի, ֆրանսերէնէ՝ Ա. Միշելի գործերը։ Ստորջրեայ հնագիտութեան գործի հսկայական գրականութեան եւ արխիւային նիւթերու ուսումնասիրութեան արդիւնքով՝ Օրբելի հիմնեց գիտութեան նոր ճիւղ՝ հիդրոհնագիտութիւնը։
Ուսումնասիրելով Արիստոտէլի, Հոմերոսի, Պղատոնի, Էսքիլէսի աշխատութիւնները՝ ան գրած է շարք մը աշխատութիւններ՝ «Ջրասուզակի կերպարը մեծ մտածողների ստեղծագործություններում», որ նուիրուած է ջրասուզակներու պատմութեան, իսկ «Յունաստանի եւ Հռոմի ջրասուզակները» աշխատութեան մէջ ան վերլուծած է ջրասուզակի կերպարը ըստ Արիստոտէլի, Հոմերոսի, Պղատոնի, Էսքիլեսի ստեղծագործութեանց։
Ռ. Օրբելիի «Լէոնարտօ Տա Վինչին եւ անոր աշխատանքները ստորջրեայ լողի եղանակներու ընտրման և ստորջրեայ ընկղումներու վերաբերիալ» գիրքը արդիւնքն է հանճարեղ մտածող եւ նկարիչ Լէոնարտօ Տա Վինչիի բնագրերի ուսումնասիրման աշխատանքին, որ ան կատարած է հայելիի եւ խոշորացոյցի օգնութեամբ։
Յաջորդ աշխատանքը՝ «Մոսկովեան Ռուսիայի ջրասուզակները», ամբողջովին հիմնուած է 18րդ դարու ոուսական ձեռագիր փաստաթուղթներու վրայ։ Օրբելի հաւաքեց եւ ուսումնասիրեց փաստաթղթեր, որոնք կը բնութագրէին ջրազուսակային գործի վիճակը Պետրոս Առաջինի եւ անոր յաջորդներու օրօք։
Օրբելիի «Ջրասուզակները առաջին ծովային պատերազմում ըստ հին աշխարհի գրողների» աշխատութեան մէջ ներկայացուած է ջրասուզակներու հսկայական դերը յունական-պարսկական երկրորդ պատերազմի (ք. ա. 481-480) ժամանակ։
Ռ. Օրբելիի «Ստորջրեայ հնագիտութեան զարգացման համար», «Մակոյկը` (միակտոր նաւը)», «Ստորջրեայ պատմական որոնումները եւ ԷՊՐՈՆի խնդիրները», «Ստորջրեայ պեղումները հնութեանց ետեւէն» աշխատութիւնները անոր կատարած հսկայածաւալ գիտական աշխատանքներու արդիւնքն էին, որոնք եղան անցումային՝ հեղինակին համար, քանի որ ան արհեստագիտութեան եւ գիտութեան պատմութեան յատուկ նիւթէն անցաւ ընդհանուր պատմութեան։
Նշանաւոր գիտնականին կեանքի թելը կտրուեցաւ այն պահուն, երբ Ռ. Օրբելի դեռ շատ ընելիքներ ունէր, երբ անոր պատմագիտական հետազօտութիւնները, անոր իսկ հիմնադրած գիտութեան նոր ճիւղի՝ հիդրոհնագիտութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները համընդհանուր ճանաչման կ’արժանանում։