Փետրուար 15ի այս օրը, 133 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ հայ գրականութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Ռուբէն Սեւակ, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ եւ չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել Արդարութեան եւ Ցասումի երգը հնչեցնելու իր կոչումն ու առաքելութիւնը, որովհետեւ ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց կեանքին թելը, բիւրաւոր մեր նահատակներուն հետ, նաեւ Ռուբէն Սեւակի։
Արդարութեան եւ ցասումի անաւարտ երգ մը դարձաւ եւ ինք՝ Ռուբէն Սեւակ, որուն ձայնն ու շունչը այսօր եւս կը խռովեն հայ մարդու միտքն ու հոգին.
Վայրա՜գ գոռիւն մը գիշերին մէջ թնդա՜ց.
Ձիւնոտ ցայգին անբա՜ւ սուգին մէջէն թաց,
Բոցերու պէս շըքեղ, տէգի՜ պէս հըպարտ,
Կարմիր դրօշա՜կը բարձրացաւ անհանդարտ…
Ու ես տրտո՜ւմ, ու ճմլուա՜ծ, անբարբա՜ռ,
Կը դիտէի, որ կ’երթային տրտմաբար,
Ձիւնի՜ն մէջէն, մութին մէջէն անսահմա՜ն,
Գրաստներու սեւ բանակի մը նման…
Ո՞ւր, դէպի ո՞ւր… Քաղցած կեանքեր համօրէ՜ն,
Ի սպառ լքուած աստուածներէ՜ն, մարդերէ՜ն,
Լո՜ւռ կ’երթային, խո՜ւլ բնազդի մը հլո՜ւ,
Նո՛ր օրէնքի նո՛ր նժար մը կերտելու…
Ու ինձ այսպէ՜ս թուեցաւ, թէ լռելեա՜յն,
Ճակատագրին թեւը կ’իշխէ՜ր իրենց վրան.-
Բայց կ’երթային անոնք. ի զէ՜ն, ի պայքա՜ր,
Արդարութեա՛ն կը դիմէին խո՜նջ, տըկա՜ր,
Արդարութեա՜ն, որ ա՛ս կերպո՜վ պիտի գար…
Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր արդէն 1905ին, երբ քսան տարեկանին իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։
Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի «Ասքանազեան» վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած էր Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901ին ընդունուած էր Պոլսոյ «Պէրպէրեան» վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1905ին եւ ղրկուեցաւ Լօզան՝ տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի «Արմենիա» ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։
Միաժամանակ թէ՛ փայլուն բժիշկի եւ թէ մեծատաղանդ բանաստեղծի շարունակական վերելք մը եղաւ կեանքը Ռուբէն Սեւակի՝ անոր մէջ արմատաւորելով երկու բեւեռներու միջեւ տարուբերուելու յուզաշխարհն ու աշխարհընկալումը.-
«Երկու հսկաներու միջեւ կը տատանուիմ ու կը տատանուիմ։ Երկու միականի կիկլոպներ կը բաժանեն հոգիս։ Գիտութիւն մը՝ որ փաստեր ունի ու իտէալ չունի, եւ Կրօնք մը՝ որ իտէալ ունի ու փաստեր չունի»։
Յատկապէս 1909ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորամոյն յուզաշխարհ մը բացաւ հայ գրականութեան առջեւ՝ 1910ին հրատարակուած իր առաջին գործով, «Կարմիր գիրքը» խորագրին տակ։ «Ջարդի խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան աւանդին, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ահա՛ խօսուն նմոյշ մը՝ Ռ. Սեւակի երկնած հայ մօր «Վերջին օրօր» քերթուածը.
Օրօ՜ր, օրօ՜ր… օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս,
Վիրաւոր հօրըդ ճիչերն ա՜լ չիմանաս,
Ծիծէս ծըծածըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտնաս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ’ըլլար, այլ տիրէ՛…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Հօրըդ վըրայ եթէ անշո՜ւնչ չինկայ ես,
Զի ուխտեցի՛ Հռոմի էգ գայլին պէս
Նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Բազուկներուս պարա՜ն, ոտքիս ալ կացի՜ն,
Ստինքիս զո՜յգ պտուկներն ալ կտրեցին։
Վերքէս արիւնս ծծէ, որդեակ միածին…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Ահա կ’իյնամ… Հայաստանը մա՜յր քեզի,
Կտակ կուտամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝
Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ’այրի…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Ռուբէն Սեւակ 1911ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանազգի իր կեանքի ընկերուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները՝ մեծարժէք բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։
Ռուբէն Սեւակ չուզեց ապրիլ Լօզանի հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ։ 1911էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, ան ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը եւս հաստատագրելով։
Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռուբէն Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց ե՛ւ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, ե՛ւ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, ե՛ւ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց անսահման յուզաշխարհը։ Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկի եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանղըրը, ուր թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճրային ծրագիրը Սեւակին ճակատագրակից ու եղեռնակից դարձուց հանճարեղ Դանիէլ Վարուժանին։
Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։ Պատմական արխիւներուն մէջ կայ վկայութիւնը թուրք սայլապանի մը, որ կը նկարագրէ, թէ ինչպիսի՛ վայրագ դաժանութեամբ թուրք ոստիկանները ծառի մը կապեցին եւ բառին ամէնէն անմարդկային իմաստով ուղղակի մորթեցին միայն հայ գիրին ու դպրութեան ծառայելու «յանցանքը» գործած Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։
Ահա այսպէ՛ս ցեղասպան թուրքը խեղդեց կանխահաս հանճարը Ռուբէն Սեւակ անուն հայ բանաստեղծին ու արձակագրին, որ նոր թեւակոխած էր իր երեսուն տարիքը եւ այնքա՜ն բան ունէր տալու ե՛ւ հայ ժողովուրդին, ե՛ւ ողջ մարդկութեան։
Մարգարէական շունչի տէր էր Ռուբէն Սեւակ եւ կարծէք իր ճակատագրին երգը կը գրէր, երբ Կիլիկիոյ աղէտէն ներշնչուած կը ստեղծագործէր «Ջարդի Խենթը» ընդհանուր խորագրով շարքը քերթուածներու, որոնց մէջ անլռելի ղօղանջի պէս անվերջ կը պոռթկայ «Բեմական մենախօսութիւն — Քրքիջը» անունով քերթուածը.
— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Հօրս դիակն ուսիս, կը քալեմ ահա՜
Ջարդուածներու դաշտին վըրայ լուռ…
Զառա՜մ Քահանայ, դիակըդ տըխուր
Ի՜նչ ծանր է ուսիս, ի՜նչ ծանր է ուսիս…
Անշուշտ, երբ իբր խենթ արտաքսեցիր զիս
Հայրենի բոյնէդ, չի խորհեցա՜ր բնաւ,
Թէ պիտի գայի գտնել քեզ խոնաւ
Թաքստոցիդ մէջ խեղդուած, շան մը պէս,
Իմ պա՜րտքս վերջին կատարելու քեզ…
— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Բոլոր խելացի մարդիկներն ահա՜,
Ահա՜ խելօքներն այս ապուշ կեանքին,
Ահա՜ անոնք, որ իրենց ծանր հոգին
Համրիչ քաշելով կ’զբօսնէին,
Ու նուիրումով մը աստուածային`
Կիրակին անգա՜մ մը բերանով ծոմ
Տիրամօր առջեւ կ’սպառէին մոմ,
Շաբաթ մը ամբողջ, անվա՜խ, անհամա՜ր,
Շնալու, ստելու, գողնալու համար:
— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Բոլոր տիրացու հոգիներն ահա՜,
Ահա անոնք որ, ուղեղնե՜ր ծանծա՜ղ,
Ամէն մութ հարցի ունէին ծիծաղ,
Սաղմոսով սնած սոփեստներ աժան`
Հեշտ կ’լուծէին հարցումներ դաժան,
Դամոկլեան սուրի մը տակ դող ի դո՜ղ`
Շտեմարաննին կ’ուռցնէին գո՜հ,
Հարսնիքները շէ՜ն տօնելու վաղուա՜ն…
Ու չէին հաճե՜ր իսկ խորհիլ Մահուան…
— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜,
Բայց ինչո՞ւ քրքիջս այսպէս կ’դողայ…
Ահա բոլո՛րն ալ, բոլո՛րն ալ, բոլո՛ր,
Մութին ու լուռին մէջ անդնդախոր,
Պառկա՜ծ խօլական, պառկա՜ծ ամբարիշտ,
Պառկա՜ծ քարեղէն ցաւի մէջ ընդմիշտ,
Պառկա՜ծ, Աստուա՜ծ իմ, ու որչափ ալ կա՜յ,
Ու որչափ ալ կա՜յ, մինչեւ հեռակայ
Ճամբարներուն եզրը փռուա՜ծ, կարծես
Անդրհեղեղեան անտառի մը պէս…
— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Լուռ գիշերներին մէջ շուներուն, ահա՜,
Երախին մէջ — դեռ կեանքով գալարուն
Կը լսեմ ճարճա՛տը ոսկորներուն…
Բարեկամ շունե՜ր, բարեկամ ձեռքե՜ր,
Բարեկամ լեզուով լափլիզուած վէրքեր…
Երնէ՜կ, գազաննե՜ր անբան… Բայց ինչպէ՜ս
Բոլոր արջառները, գլուխնին վէ՜ս,
Սուրացին հեռո՜ւի դաշտերը անծի՜ր,
Գնդակէ՜ն, բոցէ՜ն, աչքերնին կարմիր…