­­Ռու­բէն ­­Զար­դա­րեան. յի­շո­ղու­թեանս մէջ Ապ­րիլ 24-ի խոր­հուր­դին դի­մաց

0
57

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ, «­­Ժա­մա­նակ»

­­Բա­ցա­ռիկ յօ­դո­ւած մը ստո­րագրած է ­­Ռու­բէն ­­Զար­դա­րեա­ն, որ կը կրէ ՝ «Վս­տա­հու­թեան օ­ձը» վեր­նա­գի­րը։ ­­Ճիշ­դը ­­Զար­դա­րեա­նը կա­նաչ կող­քով հա­տո­րը (հրա­տա­րա­կու­թիւն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օ­րա­թեր­թի) միշտ ալ ե­ղած ու­շադ­րու­թեանս կեդ­րո­նին։
Եր­կար կամ կարճ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուս, Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ա­մե­նա­տար­բեր սրճա­րան­նե­րուն, կամ մայ­թե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած նստա­րան­նե­րուն վրայ՝ ­­Զար­դա­րեան միշտ ներ­կայ է։
Իր սրա­ծայր պե­խով, խո­րի­մաց մտա­ծո­ղի հա­յաց­քով, հա­մակ՝ էու­թեամբ։
­­Զար­դա­րեան որ­պէս ա­ռա­ջա­դէմ, որ­պէս մեծ սի­րո­ղը այդ քա­ղա­քին, ո­րուն սէ­րը չես գի­տեր ինչ հմայ­քով, ինչ գաղտ­նի ճամ­բա­նե­րով ու գու­ցէ նոյ­նիսկ փշոտ մա­ցառ­նե­րով ա­ճե­ցաւ դէ­պի քեզ։ ­­Դէ­պի միւս ե­րե­սը ինք­նու­թեանդ, որ ա­մէն ան­գամ վեր հա­նեց ինք խո­րունկ­նե­րուդ մէջ ընկղ­մած կար­միր բա­ռե­րը։
­­Զար­դա­րեա­նը գու­ցէ մէկն է այն հա­րիւր­նե­րէն, ո­րոնք ինձ­մէ եւ քեզ­մէ ա­ռաջ սի­րե­ցին եր­կի­րը, ցա­ւե­ցան ա­նոր հա­մար, ապ­րե­ցան այդ ցա­ւը եւ փո­խա­կեր­պո­ւե­ցան ու դար­ձան «ի­քո­նա»ներ։ ­­Ռու­բէն ­­Զար­դա­րեան դար­ձաւ մէ­կը այն հա­րիւր­նե­րէն, ո­րոնք մտան մեր ե­րակ­նե­րուն մէջ ու բնա­կե­ցան այն­տեղ։
Այդ հաս­տա­տու­մը, այդ թա­ղան­դը եւ այդ մեծ ապ­րու­մը, որն ա­ռանց լլկու­մի եւ ա­ռանց յոգ­նու­թեան մեզ տա­րաւ հե­ռո՜ւ-հե­ռու­ներ ու մենք, որ­պէս մաս­նի­կը այն հին պատ­մու­թեան որ կը հո­սի մին­չեւ այ­սօր …։
­­Կը հո­սի ա­ռանց հարց տա­լու մեր բո­ղո­քին, մեր վրի­պում­նե­րուն, մեր վէր­քե­րուն եւ մեր մեծ ո­րո­նում­նե­րուն մա­սին։
­­Հին քա­ղա­քը նկա­րագ­րե­լու ա­տեն պի­տի նկա­տես ան­շուշտ, որ հոն եր­կու տե­սա­կի բնա­կիչ­ներ կան։
­­Կան ա­նոնք, որ դժո­ւա­րու­թեան օ­րե­րուն միակ պա­յու­սակ մը «հա­ւա­քե­ցին» ու քա­լե­ցին դէ­պի ա­պա­հով ա­փեր ու կան ա­նոնք, որ չլքե­ցին ի­րենց հո­ղը, քշո­ւե­ցան, ծա­րաւ մնա­ցին, մա­հա­ցան բայց չլքե­ցին եր­կի­րը։
Ո­րո­շե­լու, ո­րո­նու­մի կամ փրկու­թեան մը հաս­նե­լու ընտ­րանքն ալ չէ ա­սի­կա, այլ մար­դուս մէ­ջէն բխող զգա­ցում մըն է, որ կը կապուի իր ե­սին հետ եւ ա­պա կա­մաց-կա­մաց կը դառ­նայ ճա­կա­տա­գիր։
Եւ ի­րօք քա­նի-քա­նի­ներ այդ ճա­կա­տագ­րին ի­րա­կան տէ­րե­րը դար­ձան, քա­նի-քա­նի­ներ այդ ճա­կա­տա­գի­րը պահ­պա­նե­ցին ու քա­նի-քա­նի­ներ հա­ւա­տա­ցին ի­րենց հա­մար սահ­մա­նո­ւած ճա­կա­տագ­րին…։
­­Նոյն ճա­կա­տագ­րի խա­ղե­րուն մա­սին, ա­նոր ան­հոգ խա­ւա­րում­նե­րուն, ա­նոր բե­րած մեծ կո­րուստ­նե­րուն մա­սին դա­տում ը­նող­նե­րը շատ են։
Ու ա­նոնք են, այդ շա­տա­խօս բե­րան­նե­րը, ո­րոնք հարց կու տան, թէ ին­չո՞ւ Գ­րի­գոր ­­Զօհ­րա­պը ­­Թա­լէաթ ­­Փա­շա­յին հետ ըն­կե­րու­թեան մը սե­ղա­նը կը կի­սէր, կամ ին­չո՞ւ նոյն ­­Ռու­բէն ­­Զար­դա­րեա­նը, այդ­քան սի­րով ու ջեր­մու­թեամբ կը փոր­ձէր բա­լա­սան մը ճա­րել մեծ վէր­քե­րու մէջ ե­ղող Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան, կամ ին­չո՞ւ, ա­յո ին­չո՞ւ մեծ բա­նաս­տեղծ ­­Սիա­ման­թոն հե­ռու- հե­ռու­նե՜ր՝ «­­Նիա­կա­րա»ի ջու­րե­րը հաս­նե­լէ յե­տոյ, յան­կարծ մեծ վե­րա­դար­ձի մը, կամ «­­Զիս ­­Պո­լիս տա­րէք» ը­սե­լու եր­գով մը կը վե­րա­դառ­նար դէ­պի իր բնօր­րա­նը։
Այս ա­նուն­նե­րը ապ­րե­ցու­ցին այդ ժա­մա­նա­կի շուն­չը։ ­­Գու­ցէ նոյ­նիսկ գի­տէին, որ դառն ճա­կա­տա­գիր մը կը սպա­սէր ի­րենց, բայց ու­զե­ցին այդ բա­ժակ մը ցա­ւի մեծ ա­հե­ղու­թեան դի­մաց կանգ­նիլ ու ծաղ­րել նոյն այդ լե­ղի դէպ­քե­րուն մեծ պա­տա­հու­մը։ Ա­նոնք ծաղ­րի ա­ռին ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը, ամ­բողջ դի­պո­ւա­ծը, ամ­բողջ վէր­քը մեր ժո­ղո­վուր­դին վրայ թա­փո­ւած ու ամ­բողջ ա­նէծ­քը, որ խա­ւար­նե­րուն մէջ ու­րո­ւա­կան դառ­նա­լով կը հա­լա­ծէ մեծ քա­ղա­քը իր ողջ տա­րո­ղու­թեամբ։
­­Նոյն այդ քա­ղա­քին մէջ, ա­նոնք հաց կի­սե­ցին, մոմ վա­ռե­ցին, ա­ղօ­թե­ցին, ապ­րե­ցան, բայց մա­նա­ւանդ սի­րե­ցին։
­­Սի­րե­ցին այդ կտոր մը հո­ղը, որ ի­րենց ու մեր պատ­մու­թեան ի­րա­կան ձու­լա­րանն էր։
­­Ձու­լա­րանն էր հո­գի­նե­րուն, ո­րոնք կը հե­ռա­նան, բայց չեն աղմ­կէր։
­­Ձու­լա­րանն էր հուր սրտե­րուն, ո­րոնք ա­րիւն ու ցաւ թա­փե­ցին այդ երկ­րին մէջ ու այդ երկ­րին հա­մար։
­­Ձու­լա­րանն էր այդ եր­կի­րը, ո­րուն խաչ­մե­րուկ­նե­րուն ու եր­կար ճա­նա­պարհ­նե­րուն վրայ կար­միր օ­ղակ­ներ շա­րո­ւե­ցան։
­­Ճա­նա­պարհ­նե­րու ձու­լա­րանն էր ան, ուր մա­հը եւ կեան­քը նոյն մայ­թե­րէ քա­լե­ցին, մագլ­ցե­ցան, սո­ղա­ցին, ին­կան, բայց չմե­ռան։
Չ­մե­ռան, ո­րով­հե­տեւ ո­րո­շած էին ապ­րիլ, ո­րո­շած էին մնալ, ու մա­նա­ւանդ սի­րել։
­­Զար­դա­րեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը, այդ մեծ ա­նուն­նե­րու ամ­բողջ ե­րա­մը հո­ղի ու սի­րոյ հա­մար ե­ղած աստ­ղեր էին։
Ու դուք ը­սէ՜ք, աստ­ղե­րը կ­­՚իյ­նա՞ն, աստ­ղե­րը կը մա­րի՞ն, կամ աստ­ղե­րը կը մեռ­նի՞ն…։
­­Մեծ քա­ղա­քի աղ­մու­կին մէջ, գի­րի եւ գիր­քի բա­ռե­րուն, քա­ռա­կու­սի­նե­րուն, դե­ղին ու խո­նաւ է­ջե­րուն վրայ կը սա­հի ա­նոնց փրկու­թեան ժա­մա­նա­կը եւ կը զար­դա­րէ մեր ամ­բողջ ա­ռօ­րեան։
­­Մե­ռել­նե­րը, որ կան մեր հետ են գու­ցէ, կամ մեր կողքն են, որ մեր ա­նուն­նե­րու բա­ռե­րուն մէջ են, մեր սնա­րին, մեր սե­նեա­կի վա­րա­գոյ­նե­րուն, մեր տես­նո­ւած կամ ու­շա­ցող ե­րազ­նե­րուն մէջ կը յոր­դին հի­մա…։
­­Կը յոր­դին ու կը պատ­մեն մե­զի, որ ան­պայ­ման կայ վե­րա­դարձ մը հին եւ մա­շեց­նող մա­հէն։ Որ կան, պի­տի ըլ­լան դար­ձեալ պայ­ծառ ա­ռա­ւօտ­ներ, ուր բո­լո­րը շար­քի պի­տի կանգ­նին ու պատ­մեն ի­րենց լու­սա­ւոր ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն­նե­րուն ու սի­րոյ եր­գե­րուն մա­սին։
­­Գու­ցէ ա­մէն տեղ են ա­նոնք, ­­Պոլ­սոյ ա­մե­նա­խիտ փո­ղոց­նե­րուն մէ­ջէն, դէ­պի վեր բարձ­րա­ցող նեղ­լիկ թա­ղե­րէն կամ մին­չեւ կա­պոյ­տը հո­սող ճա­նա­պարհ­նե­րը, ո­րոնք կը տա­նին հե­ռա­ցու­մի նա­ւակ­նե­րուն, ուր կան կոտ­րո­ւած թիե­րը մեր ինք­նու­թեան։
Ուր կան բա­ռե­րը ա­մա­յի քա­ղաք­նե­րուն, կամ մեծ վե­րա­դարձ­նե­րուն, ո­րոնց կա­րօ­տը ա՜խ կը տան­ջէ հո­գիս։
Ես ինչ գրեմ ա­նոնց հա­մար, ա­նոնց մա­սին, ո­րոնց մե­ղադ­րանք­ներ կը յղո­ւին այ­սօր։ Ա­նոնց մա­սին, որ իմ ժո­ղո­վուր­դիս պայ­ծառ ե­րես­ներն են, օրհ­նանքն են, բառն են, հո­ղի ար­մատն են, բանն են ու մա­նա­ւանդ սէրն են։
Ի՞նչ ը­սեմ ա­նոնց, ու ինչ պատ­մեմ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն մա­սին, ուր­կէ կ­՚անց­նի իմ թրու­պա­տուր հո­գին։
­­Հոս Ե­րե­ւա­նի ծայ­րա­մա­սե­րուն, ա­նոր խո­նաւ մեթ­րո­յի անց­քե­րուն, հոն ­­Պէյ­րու­թի մէջ, ա­նոր թաց ու վի­րա­ւոր ճա­նա­պարհ­նե­րուն վրայ։
­­Դեռ հոն՝ դէ­պի Ա­թէնք կա­տա­րո­ւած ճամ­բոր­դու­թեան օ­րե­րուն, կամ ­­Թիֆ­լիս տեղ մը, մօ­րու­քա­ւոր քա­ղա­քի ճիշդ ան­կիւ­նը, այլ տեղ մը ­­Տիգ­րան մե­ծէն մնա­ցած յու­շին մէջ՝ ­­Կիպ­րոս … եւ դեռ ա­հա­գին տե­ղեր, ան­կու­մի, յառ­նու­մի, ապ­րու­մի… բայց լլկու­թեան։
Այդ բո­լո­րին մէջ ­­Զար­դա­րեա­նը չկայ, ա­նոր մեր­ձա­ւոր­նե­րը չկան, ա­նոր սրա­ծայր պե­խե­րուն վրայ պատ­մու­թեան ժա­մա­ցոյ­ցը չի խօ­սիր ու ա­նոր ֆէ­սի ծայ­րե­րուն գա­ւա­ռի հա­յու­թեան վէր­քը չի կոտ­տար …
­­Հոն, հե­ռո­ւին մէջ, ո­րո­նու­մի վեր­ջին ծալ­քե­րուն, հո­ղի ու սի­րոյ կե­նաց­նե­րուն ու ար­բե­ցու­մին հետ։ ­­Հոն ուր ու­րիշ­ներ չհա­սան ու դեռ ու­րիշ­ներ ալ չե­րեւ­ցան…
­­Հոն ապ­րիլ­նե­րը միշտ կար­միր էին, ու հոն դար­ձեալ փրկու­թեան լաս­տե­րը ճեր­մակ սա­ւան­նե­րով կը փաթ­թէին կարծր դար­ձած մեր վէր­քե­րը…
­­Հոն հե­ռո­ւին հա­մար, տխուր եր­գե­րուն ու սա­կայն պայ­ծառ գա­լի­քին մէջ, մեզ պա­հող, մեզ փրկող, մեզ ի­րա­րու մօ­տեց­նող։
­­Հոն, ուր ­­Զար­դա­րեան­նե­րը չեն մեռ­նիր, ո­րով ե­ղած են ի սկզբա­նէ ապ­րե­լու հա­մար, հո­ղին հա­մար՝ սուրբ եւ սի­րոյ մա­տեա­նին մէջ ա­մէ­նա­կան…։
­­Հո՜ն մին­չեւ նոր սկիզ­բը մեր բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն ու յա­նուն մեր մեծ սէ­րե­րուն։