Յունիս 14ի այս օրը, 50 տարի առաջ, 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին, Պոսթընի մէջ վախճանեցաւ հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Ռուբէն Դարբինեան, որուն անունին անջնջելիօրէն կապուած պիտի մնայ նուաճումը հայ մամուլի կոթողական փառքերէն մէկը հանդիսացող «Հայրենիք Ամսագիր»ի հրատարակութեան։
Նոյնինքն Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին ամէնէն երկարակեաց խմբագրապետը եղաւ Ռուբէն Դարբինեան։ 1922էն 1968, մինչեւ իր վերջին շունչը, Ռ. Դարբինեան տէր կանգնեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէութեան «Հայրենիք» հաստատութեան եւ իր բոլոր ուժերը անսակարկ նուիրաբերեց «Հայրենիք»ի ճառագայթումին։
Անխոնջ աշխատանքի իր բացառիկ շնորհքով, հրապարակագրական տաղանդով ու գաղափարական վարակիչ շունչով՝ Ռուբէն Դարբինեան ոչ միայն տարագիր հայութեան կեանքին մէջ ստեղծեց եւ կենսունակ պահեց հայ մտաւորականութեան ինքնահաստատման ու ինքնադրսեւորման ճառագայթող օճախ մը, այլեւ` մօտաւորապէս կէս դար յառաջապահ դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ Դաշնակցական Մտքին ու Առաջնորդող Խօսքին՝ յատկապէս հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն առջեւ լայն հորիզոն բանալով։
Քսաներորդ դարու 20ականներու սկիզբէն մինչեւ 60ականներու աւարտը, խորհրդային կարգերու տակ տուայտող Հայաստանի ու հայութեան ազգային-քաղաքական կողմնորոշման հիմնական բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պատմական մեծ նշանակութեամբ վերիվայրումներու գլխաւոր բոլոր փուլերու ընթացքին, Ռուբէն Դարբինեան իր գաղափարախօսական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ եւ վճռորոշ դեր խաղցաւ հայ քաղաքական մտքի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄին հունաւորման մէջ։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան եւ ապազգային գաղափարախօսութեան դէմ Դաշնակցութեան մղած գաղափարական անհաշտ պայքարը կարեւոր չափով սնանեցաւ Ռ. Դարբինեանի մտքերով։ Նոյնպէս եւ հայ քաղաքական մտքին բնորոշ՝ մարդկայնապաշտ դէմքով, ժողովրդավարական յանձնառութեամբ եւ ազատախոհ թռիչքով ընկերվարական աշխարհայեացքի մշակման մէջ մեծ եղաւ Դարբինեանի ներդրումը։ Բայց մանաւանդ բազմակարծութեան ու տեսակէտներու եւ գաղափարներու անկաշկանդ արծարծման նկատմամբ Ռուբէն Դարբինեանի տածած պաշտամունքն ու ցուցաբերած գուրգուրանքը առանձնայատուկ պատուանդան մը ապահովեցին հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն յառաջապահ այս մեծ երախտաւորին՝ որոշապէս «Հայրենիք Ամսագիր»ը վկան դարձնելով հայ քաղաքական մտքի ամբողջ հորիզոնը ազատ ու նորարար թռիչքով պայծառացնելու յանձնառութեան։
Դաշնակցութեան երկրորդ սերունդի կրտսեր անդամներէն էր աւազանի անունով Արտաշէս Չիլինկարեան մկրտուած, իսկ Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցին մէջ Ռուբէն Դարբինեան վերանուանուած գաղափարապաշտ այս հայորդին։ Ծնած էր Ախալքալաք, 4 Փետրուար 1882ին: Հայկական Ջաւախքի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր արժէքներով ու աւանդներով սնած՝ Ռուբէն Դարբինեան պատանի տարիքէն փարեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին։
Հազիւ 14 տարեկան էր Արտաշէս, երբ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի եւ այլ անչափահաս սերնդակից ախալքալաքցիներու հետ՝ Րաֆֆիի «Խենթ»էն ներշնչուած, յեղափոխական խումբ կազմեցին ու փորձեցին Երկիր անցնիլ ու միանալ ֆետայական շարժման։ Ռուսական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց զանոնք եւ անչափահասութեան պատճառով ազատ արձակեց, բայց կարնեցիի իր արմատներուն կառչած Ռուբէն Դարբինեան արդէն ընտրած էր իր գաղափարական ուղին։
Հիմնական իր կրթութիւնը ստացաւ Թիֆլիսի մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Գերմանիա՝ Հայտելպըրկի եւ Միւնիխի համալսարաններէն ներս։ Իրաւաբան վկայուեցաւ Մոսկուայի համալսարանէն։ Անմիջապէս վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական կեանքի ու դաշնակցական գործունէութեան՝ ատենի հայ մամուլի էջերէն հանդէս գալով Ռուբէն Դարբինեան ստորագրութեամբ՝ գաղափարախօսական եւ ազգային-քաղաքական յօդուածներով։
1908-1909ին, երբ Ցարական Ռուսաստանը իր մեծ հալածանքին ձեռնարկեց Դաշնակցութեան դէմ եւ, իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականներու, բանտերը նետեց ատենի արեւելահայ մտաւորականութեան սերուցքը՝ հարիւրներով, Ռուբէն Դարբինեան Ռոստոմի յանձնարարութեամբ անցաւ Պոլիս, ուր միացաւ նորաստեղծ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան։ Ռուբէն Զարդարեանի, Շաւարշ Միսաքեանի եւ «Ազատամարտ»ի սերունդը կռանած մտաւորական մեր միւս մեծերու կողքին, Ռուբէն Դարբինեան նոր թափ տուաւ հրապարակագրական իր տաղանդին եւ ընդունակութեանց։
1913ին մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր տարի մը մնաց եւ կարեւոր դեր ունեցաւ Հայ-Գերմանական Ընկերութեան ստեղծումին մէջ։ Իսկ 1914ին վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր նախ Թիֆլիսի, ապա Պաքուի մէջ՝ մասնակցեցաւ Հայ Ազգային Խորհուրդներու կազմութեան աշխատանքներուն։ Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի քարտուղարն էր, երբ 1918ին Ռոստոմի կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական հերոսական դիմադրութեան կազմակերպումին՝ ընդդէմ իթթիհատ-մուսաւաթական հակահայ միացեալ գրոհներուն։ Պաքուի անկումէն ետք անցաւ Երեւան։ Մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ վարող հայկական իրերայաջորդ պատուիրակութեանց։ Իսկ 1920ի աշնան մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, ստանձնելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումէն ետք, պոլշեւիկներու նորակազմ Յեղկոմը բանտ նետեց նաեւ Ռուբէն Դարբինեանին, որ Փետրուար 18ի համաժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակով ազատ արձակուեցաւ, մինչեւ Ապրիլ մնաց Երեւան եւ, այնուհետեւ, իր կարգին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան, ուրկէ ուղարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, վերջնականապէս հոն հաստատուելու եւ նուիրուելու համար ազգային-հասարակական գործունէութեան իր փայլուն ասպարէզին՝ իբրեւ «Հայրենիք»ի վաստակաշատ խմբագիրը։
1922ի Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով՝ Դարբինեանին յանձնուեցաւ «Հայրենիք»ի խմբագրութիւնը: Խմբագիր Դարբինեանի առաջին նուաճումը եղաւ «Հայրենիք Ամսագիր»ի լոյս ընծայումը՝ 1922ի Նոյեմբերին: Ամսագիրը անմիջապէս մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ իր բովանդակութեամբ դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու գրականութեան, մշակոյթին ու արուեստներուն վերծանման, արժեւորման եւ վերանորոգման անսպառ աղբիւրը:
1933ին, Դարբինեանի մղումով, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Պատգամաւորական Ժողովը որոշում տուաւ՝ նաեւ անգլերէն հրատարակութիւն մը ունենալու: 1934ի Մարտէն սկսեալ լոյս տեսնող «Hairenik Weekly»ն (ներկայիս՝ «Armenian Weekly») եղաւ Ռ. Դարբինեան խմբագրին երկրորդ կարեւոր ներդրումը: Իսկ աւելի ուշ, անգլերէն քարոզչութեան, վերլուծման եւ մտաւորական զարգացման համար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ անգլերէն այլ հրատարակութեան մը եւ Ռ. Դարբինեանի օրով սկսաւ հրատարակուիլ «Armenian Review» հանդէսը, 1948 Յունուարէն սկսեալ:
Յատկապէս «Հայրենիք Ամսագիր»ը հանդիսացաւ կոթողական նուաճում մը, որովհետեւ Ռուբէն Դարբինեան կրցաւ ի մի բերել տարագրութեան մէջ ապրող հայ մտաւորականութեան ամբողջ փաղանգ մը՝ հնարաւորութիւնը ընձեռելով հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներուն, որպէսզի ստեղծագործեն, միտք զարգացնեն, գեղարուեստական ճաշակ մշակեն, հայ քաղաքական մտքի եւ հայ մշակոյթի պատմութիւնն ու աւանդը նորահաս սերունդներուն փոխանցեն, իրենց յուշերը գրեն եւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքին վրայ ամսական կանոնաւորութեամբ տեղեկատուական եւ քննական լուսարձակ մը բանան։ Կոստան Զարեան եւ Աւետիք Իսահակեան, Միքայէլ Վարանդեան եւ Աւետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Վազգէն Շուշանեան, Յակոբ Օշական եւ Համաստեղ, Յ.Ճ.Սիրունի եւ Արտաշէս Աբեղեան կը բանան, բայց չեն սպառեր երկար շարքը այն անուանի հեղինակներուն, որոնք «Հայրենիք Ամսագիր»ը վերածեցին հայապահպանման եւ հայակերտման, այլեւ հայ քաղաքական մտքի ինքնահաստատման իսկական դպրոցի մը մեր սերունդներուն համար։
Ռուբէն Դարբինեան անձնապէս հանդիսացաւ այն մայր օղակը, որ իրարու անքակտելիօրէն կապուած արժէքներու մարգարտաշար շղթայի մը վերածեց իր ժամանակի հայ մտքի հսկաները, հաստատուած հեղինակութիւն ըլլային անոնք, թէ նորայայտ խոստմնալից ուժեր։
1963ին, Ռ. Դարբինեան սրտի տագնապ ունեցաւ եւ տկարացաւ, սակայն շարունակեց աշխատակցիլ օրաթերթին եւ վարել ամսաթերթի խմբագրութիւնը:
Բայց երկար չդիմացաւ եւ 14 Յունիս 1968ին տերեւաթափը հայ կեանքէն առյաւէտ տարաւ հայ քաղաքական մտքի այս երախտաշատ մշակին։
Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն յառաջապահ գաղափարի մարտիկին մահուան յիսնամեակին առիթով, Ռուբէն Դարբինեանի ազգային-քաղաքական մտածողութեան եւ գաղափարական կտակին մասին հպանցիկ պատկերացում մը փոխանցելու համար, կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել 1954ին իր կատարած մէկ ընդգծումը Թուրքիոյ վերաբերեալ։
Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հակադաշնակցական բուռն պայքարի խօսնակները շարունակ ծամծմած են, թէ իբր Դաշնակցութեան այսպէս ըսուած «թրքասէր ուղղութեան խօսուն ապացոյց» կը հանդիսանայ Դարբինեանի այն ընդհանրացումը, ըստ որուն՝ «Միջազգային ներկայ կացութեան մէջ Թուրքիոյ ազատ աշխարհին հետ ըլլալը ոչ թէ չարիք մը, այլ բարիք մըն է ազատատենչ հայութեան համար»։
Թրքասիրութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունի, ընդհակառակն՝ ազգանամոլ եւ ֆաշական թրքական պետութիւնը Ազատ Աշխարհի հակակշռին տակ առնելու, կարգի հրաւիրելու եւ անհրաժեշտ բարեկարգման հունին մէջ դնելու արեւելումի մը յառաջապահ մտածողութիւնը կը զարգացնէ Ռուբէն Դարբինեան։ Դաշնակցական միտքը ատենին եւ մինչեւ մեր ժամանակները պարբերաբար իր բուռն բանավէճի կիզակէտին վրայ կը բերէ ռազմավարական այս հանգուցային օրակարգը։
Ռուբէն Դարբինեան ազգային մտածողութեան եւ անկոխ ուղիներ բանալու դաշնակցական մտաւորականի յանձնառութեան եւ յանդգնութեան դրօշակիրն է եւ, իբրեւ այդպիսին, արժանաւորապէս ու իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ քաղաքական մտքի կենսունակութեան մշտահոս աղբիւր մը։
Ռուբէն Դարբինեանի ազգային-քաղաքական մտածողութեան եւ գաղափարական կտակին վրայ ուսանելի լոյս կը սփռէ Յովհաննէս Քաջազնունիի «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» գործին առ ի պատասխան Դարբինեանի հատու մատնանշումներէն հետեւեալ խորհրդածութիւնը.
«Անկախութիւնը,- ինչպէս եւ ազատութիւնը,- այո՛,
Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968)
Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968). Հայ քաղաքական մտքի անկաշկանդ դեգերումներուն դրօշակիրը Ն.