­Հա­րա­ւա­յին Ե­գէա­կա­նի մարզ­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ հայ­կա­կան եւ պոն­տա­կան եր­գե­րու նո­ւիրո­ւած ճոխ ե­րե­կոյ մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Ռո­տոս կղզիի մէջ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Ռո­տոս կղզիի «­Տիգ­րան Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի մաս­նակ­ցու­թեամբ ու հա­մադ­րու­մով։
Ե­րե­կոն նո­ւի­րո­ւած էր նո­րոգ հան­գու­ցեալ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Ռո­տո­սի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Խա­րա ­Քէօ­սէ­յեա­նի յի­շա­տա­կին, որ սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թիւն մըն էր տե­ղա­կան ըն­կե­րու­թեան մէջ եւս, իր կրթա­կան ու գրա­կան բազ­մա­բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ։
­Յու­շի, ցա­ւի ու տխրու­թեան, բայց նաեւ յոյ­սի ու ա­պա­գա­յի ու­րա­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած եր­գե­րու մե­ղե­դի­նե­րով հմա­յո­ւե­ցաւ ­Ռո­տո­սի բնակ­չու­թիւ­նը, որ յա­ջոր­դա­կան ու հզօր ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով գնա­հա­տեց հայ­կա­կան եւ պոն­տա­կան եր­գե­րու խառ­նուր­դը, որ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ի­րեն։ ­Լի­բա­նա­նէն հայ երգ­չու­հի ­Սա­րի­նա Ք­րոս, պոն­տոս­ցի ­Ցա­խու­րի­տիս եղ­բայր­նե­րու եւ տե­ղա­ցի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու մեծ թի­ւի մը վար­պետ կա­տա­րում­նե­րուն շնոր­հիւ, զգա­ցա­կան հա­րուստ եր­գաշ­խարհ մը բա­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն առ­ջեւ։
­Հա­մեր­գին ներ­կայ ե­ղան ­Հա­րա­ւա­յին Ե­գէա­կա­նի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Խա­ծի­մար­քոս, ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Եր­կո­տաս­նեան կղզի­նե­րու բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու ­Քա­լիս­թոս ­Տիա­քոեոր­ղիու, նոյն բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէ­նու­հի ­Մա­նիա ­Մի­խա­յի­լի­տի, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Ռո­տո­սի «­Տիգ­րան Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, ­Ռո­տո­սի պոն­տա­կան «­Տի­ղե­նիս» միու­թեան ան­դամ­ներ եւ ­Ռո­տո­սի պատ­մա­կան բեր­դի շրջա­կայ­քը ծայ­րէ ծայր լե­ցու­ցած յոյն հան­դի­սա­տես­ներ եւ օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­ներ։

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից