Յունուար 18ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ Ստեփան Զօրեանին, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ մեր սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիարժէք ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։
ՌՈՍՏՈՄ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայոց լեռներու հզօր ու անսասան կամքին մարմնաւորումը, որ անձնդիր գերագոյն զոհաբերութեան իր վարքով ու գործով՝ գաղափարական իր նեշնչումն ու յեղափոխական իր մարտունակութիւնը ստացաւ հայ ժողովուրդի տանջուող սրտէն, ՍԻՐՏ՝ որուն անսակարկ հաւատարմութեամբ հետեւելու ուղին պատգամեց հետագայ սերունդներուն.
— «… Յեղափոխութեան յենարանը պէտք է փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել, այլ այնտեղ, հեռո՜ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք իր էութիւնը»։
Աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան՝ Ռոստոմ կրտսերագոյնն էր Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան։ Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։
— Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
— Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ը ամբողջացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծրագիր։
— Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, որ կ’երեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։
Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման արգասիքը եղան՝ պարզապէս խորագրային թւումի կարգով.-
1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը՝ Սալմաստի մէջ։
2) Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը՝ արտասահմանի մէջ։
3) 1890ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։
4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող շարժումներու հետ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը։
5) 1903ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը։ Ազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռաբար յառաջ մղելով նաեւ Արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։
6) 1905ին ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, Ռոստոմի ուսերուն ծանրացաւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։
7) Ռոստոմի կը պարտինք 1907ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ։
8) Ռոստոմի իրագործումը եղաւ 1908ին Դաշնակցութեան յարումը՝ Ընկերվար Միջազգայնականի մեծ ընտանիքին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող տարբեր ազգերու յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Համագործակցութեան այդ ոգիին վկայութիւնը եղաւ նաեւ, Պուլկարիոյ մէջ, Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումը։
9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան՝ Ռոստոմի ջանքերով Դաշնակցութիւնը բերաւ գործօն մասնակցութիւն՝ անձամբ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։
10) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Ռոստոմ դրօշակիրը եւ մղիչ ուժը դարձաւ Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։
11) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականները նշանակալից մասնակցութիւն ունեցան՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։
12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ թափ առած Հայ Կամաւորական Գունդերու կազմակերպման գործին մէջ վճռորոշ եղաւ Ռոստոմի ղեկավար դերակատարութիւնը, հակառակ անոր որ ինք անձամբ դէմ էր քաղաքական այդօրինակ քայլին՝ ցարական քաղաքականութեան նկատմամբ անվստահութեան պատճառով։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին։
13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու պոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրքեւթաթար ջարդարար ներխուժման։
Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն ներդրումներուն, որ Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան 1890էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19ի Ռոստոմի վաղաժամ մահը երկարող երեսնամեակին։
Ներդրումներ, որոնք Ռոստոմին դափնեպսակը կազմեցին եւ անմահութեան արժանացուցին Ստեփան Զօրեան աւազանի անուն-ազգանունով հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւակը։
Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։
Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար-ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։
Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ-Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։ Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի կը հասնէր, այսուհանդերձ՝ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն կը փախցնէր։ Այդ առումով ալ, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։
Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կ’ասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր-Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»։
Ռոստոմի նուիրուած հակիրճ այս վկայութիւնը կ՚արժէ եզրափակել՝ ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ նոյնինքն Ռոստոմի միջեւ եղած խոր մտերմութեան վրայ, որ դէպի հայկական յեղափոխութիւն առաջնոր էր ոչ միայն մեծն Թումանեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը, այլեւ՝ նոյնինքն Հանճարեղ Լոռեցիի գրական-ստեղծագործական յուզաշխարհը։
Կենսագիրներու եւ յատկապէս փրոֆ. Արամ Ինճիկեանի վկայութեամբ, Յովհաննէս Թումանեանի հռչակաւոր ու սիրուած «Հայոց լեռներում» բանաստեղծութիւնը, փաստօրէն, ներշնչման աղբիւր ունեցած է մեր լեռնաշխարհին տոկունութեան, դիմադրականութեան եւ ամեհի վեհութեան ամէնէն առինքնող մարմնաւորումներէն հանդիսացող անզուգական Ռոստոմը:
Մեր ճամփէն խաւար, մեր ճամփէն գիշեր,
Ու մենք անհատնում
էն անլոյս մըթնում
Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր
Հայոց լեռներում,
Դըժար լեռներում։
Տանում ենք հընուց մեր գանձերն անգին,
Մեր գանձերը ծով,
Ինչ որ դարերով
Երկնել է, ծընել մեր խորունկ հոգին
Հայոց լեռներում,
Բարձըր լեռներում։
Բայց քանի անգամ շէկ անապատի
Օրդուները սեւ
Իրարու ետեւ
Եկա՜ն զարկեցին մեր քարվանն ազնիւ
Հայոց լեռներում,
Արնոտ լեռներում։
Ու մեր քարվանը շըփոթ, սոսկահար,
Թալանուած, ջարդուած
Ու հատուած-հատուած
Տանում է իրեն վէրքերն անհամար
Հայոց լեռներում,
Սուգի լեռներում։
Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ՝
Հեռու աստղերին,
Երկընքի ծէրին,
Թէ ե՞րբ կը բացուի պայծառ առաւօտ՝
Հայոց լեռներում,
Կանաչ լեռներում։
Հայ ժողովուրդի տանջուած սրտով բաբախուն՝ Ռոստոմ հայոց լեռներէն առաւ եւ իր կեանքով, գործով, անձնազոհութեամբ եւ մարտունակութեամբ խտացեալ ուժանակի վերածեց հայ ժողովուրդին անսասան կամքը։