­Յու­նո­ւար 18ի այս օ­րը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րի լու­սապ­սակ այն դէմ­քին, որ իր խօս­քով եւ գործ­քով ան­մա­հա­ցաւ ՌՈՍՏՈՄ ա­նու­նով՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան ու ­Հայ ­Մար­դու լիի­րաւ ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ զար­գաց­ման հա­մա­պար­փակ տես­լա­կա­նը։
­Ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ ա­ւե­լիով բիւ­րե­ղա­ցող եւ այժ­մէա­կան իր հնչե­ղու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գող ժա­ռանգ է ՌՈՍՏՈ­Մի գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւան­դը, որ կը շա­րու­նա­կէ ներշնչ­ման ան­խառն աղ­բիւր եւ ո­գե­ւոր­ման կեն­դա­նի ու ա­ռաջ­նոր­դող օ­րի­նակ մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ մղո­ւող ա­զա­տագ­րու­մի ան­դուլ պայ­քա­րին հա­մար։
ՌՈՍՏՈՄ կը հան­դի­սա­նայ ­Հա­յոց ­Լեռ­նե­րու ան­սա­սան հզօ­րու­թեամբ ա­մէն կար­գի հա­րո­ւած­նե­րու դէմ կան­գուն մնա­լու եւ յաղ­թա­կան վեր խո­յա­նա­լու ազ­գա­յին մեր կամ­քին մար­տու­նակ մարմ­նա­ւո­րու­մը, որ անձն­դիր գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան իր վար­քով ու գոր­ծով՝ գա­ղա­փա­րա­կան իր նեշն­չումն ու յե­ղա­փո­խա­կան իր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ստա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի տան­ջո­ւող սիր­տէն, ՍԻՐՏ՝ ո­րու բա­բա­խու­մին ան­սա­կարկ հա­ւա­տար­մու­թեամբ հե­տե­ւե­լու ու­ղին պատ­գա­մեց մեր սե­րունդ­նե­րուն.
«… ­Յե­ղա­փո­խու­թեան յե­նա­րա­նը պէտք է փնտռել ո՛չ ­Կով­կա­սում եւ ոչ էլ ար­տա­սահ­մա­նում, ուր կա­րող են շատ շու­տով ո­գե­ւո­րո­ւել եւ նոյն ա­րա­գու­թեամբ էլ սառ­չել եւ ան­տար­բե­րու­թեան մէջ ընկղ­մո­ւել, այլ այն­տեղ, հե­ռո՜ւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի տան­ջո­ւող սրտի մէջ, եւ որ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կանգ չի առ­նի ոչ մի խոր­տա­կիչ ու­ժի ա­ռաջ, քա­նի գո­յու­թիւն ու­նեն կեան­քի տան­ջանք­նե­րը,- նա միայն կը փո­խի իր ձե­ւը, յար­մա­րո­ւե­լով նոր պայ­ման­նե­րին, եւ եր­բեք ի էու­թիւ­նը»։
­Ռոս­տո­մի գա­ղա­փա­րա­կան կրթիչ խօսքն ու մար­տու­նակ ան­խոնջ գոր­ծը, եր­կա­թեայ կազ­մա­կերպ կամքն ու յե­ղա­փո­խա­կան խստա­պա­հանջ ո­գին ինչ­պէս ե­րէկ, նոյն­պէս եւ այ­սօր հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կ­՚ըն­ծա­յեն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թիւն վե­րա­թար­մաց­նե­լու, խո­րաց­նե­լու եւ զար­գաց­ման հա­րա­զատ հու­նով յա­ռաջ մղե­լու ուխ­տի վե­րա­նո­րոգ­ման գօ­տեպն­դիչ պա­հը։
­Ռոս­տո­մի ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած իւ­րա­քան­չիւր անդ­րա­դարձ, այդ ա­ռու­մով, կը վե­րա­ծո­ւի ո­գե­ւոր­ման ա­ռի­թի՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դժո­ւա­րին, այ­լեւ ա­րիւ­նա­լի՛ ու­ղին հու­նա­ւո­րող եւ դէ­պի վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ ա­ռաջ­նոր­դող Հ.Յ.Դ. ԱՒԱՆ­Դը, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րած­նուն­դի բո­լո՜ր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։
­Ռոս­տո­մի գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կին հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ ա­նոր հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րը՝ ընդ­դէմ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը խան­գա­րող, խա­թա­րող եւ կրծող ներ­քին ցե­ցե­րուն։
Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն, «Վ­նա­սա­կար տար­րեր» խո­րագ­րին տակ, 1890ա­կան­նե­րուն ­Ռոս­տո­մի հնչե­ցու­ցած ա­հա­զան­գը, մին­չեւ այ­սօր, այժ­մէա­կա­նու­թեամբ բա­բա­խուն պատ­գամ է ի խնդիր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեր վե­րած­նուն­դը ա­մէն կար­գի մա­կա­բոյծ­նե­րու չա­րի­քին դէմ պաշտ­պա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։
­Ժա­մա­նակ­նե­րը, պայ­ման­նե­րը եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը բնա­կա­նա­բար կը փո­խո­ւին, բայց ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ու լիի­րաւ ա­զա­տագ­րու­մին հա­մար շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քա­րը փաս­տօ­րէն, այ­սօր ալ, տա­կա­ւին կը դի­մագ­րա­ւէ ազ­գա­յին ինք­նա­մաքր­ման միեւ­նոյն անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն ու մար­տահ­րա­ւէ­րը.-
«Ա­մէն ան­գամ, երբ յե­ղա­փո­խա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան անձ­նա­զոհ, տո­կուն եւ անվ­հատ գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ձեռք է բե­րում ուժ եւ ազ­դե­ցու­թիւն, կեան­քի մէջ ստեղծ­ւում է հա­ւատ դէ­պի գոր­ծի յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ հարթ­ւում է ո­րոշ աս­տի­ճա­նով յե­ղա­փո­խա­կան ու­ղին, ա­մէն ան­գամ էլ հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խա­ւե­րի մէջ ի­րա­րան­ցում է ընկ­նում։ ­Բայց ընդ­հան­րու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան ո­գու բարձ­րա­նա­լուն հետ միա­տեղ, ա­մէն մի տե­ղից վեր­կա­ցող բախ­տախն­դիր, ա­մէն մի վաշ­խա­ռու, կե­ղե­քիչ, մին­չեւ իսկ մատ­նիչ­ներ, դա­ւա­ճան­ներ, մի խօս­քով՝ ա­մէն տե­սակ սո­ղուն­ներ, ո­րոնք գի­տեն հիա­նա­լի կեր­պով յար­մա­րո­ւել հան­գա­մանք­նե­րին եւ ա­մէն տե­սակ ջրե­րում ձուկ որ­սալ, աս­պա­րէզ են դուրս գա­լիս իբ­րեւ «յե­ղա­փո­խա­կան­ներ» կամ յե­ղա­փո­խու­թեան հա­մակ­րող բա­րե­կամ­ներ։
«Վ­նա­սա­կար են այդ սո­ղուն­նե­րը այդ­պի­սի րո­պէ­նե­րում, երբ փքուն խօս­քեր փչե­լով ու փա­րի­սե­ցիա­կան ձե­ւեր բա­նեց­նե­լով՝ շա­հա­գոր­ծում են ամ­բո­խի դիւ­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը ու տգի­տու­թիւ­նը։
«Իսկ ան­տա­նե­լի են, ցաւ ու պա­տու­հաս են դրանք յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման հա­մար այն ժա­մա­նակ, երբ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կրում է ժա­մա­նա­կա­ւոր ան­յա­ջո­ղու­թիւն եւ սկսում են տի­րել ա­ւե­լի վատ­թար պայ­ման­ներ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րի հա­մար։ Այդ ժա­մա­նակ այդ զազ­րա­լի ա­րա­րած­նե­րը սուս ու փուս քաշ­ւում են ի­րենց բնե­րը, եւ ար­դէն «խո­հե­մու­թիւն», «հե­ռա­տե­սու­թիւն», «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն», «միու­թիւն» եւ այլ դի­մակ­նե­րի տակ դար­ձեալ շա­րու­նա­կում են խա­ղալ ժո­ղովր­դի հետ՝ աշ­խա­տե­լով մի կերպ քո­ղար­կել ի­րենց իս­կա­կան գոյ­նը։ ­Շա­րու­նա­կե­լով կրել «յե­ղա­փո­խա­կան», «ազ­գա­սէր» տիտ­ղոս­նե­րը, դրանք դառ­նում են իս­կա­կան յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի ա­մե­նավ­նա­սա­կար խո­չըն­դոտ­ներ։
«Այդ ա­րա­րած­նե­րը աղ­բեր են, ո­րոնք մեծ ու փոքր կոյ­տե­րով, տե­սակ-տե­սակ բուր­մունք­նե­րով եւ գոյ­նե­րով թա­փո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան ճա­նա­պար­հի վրայ՝ ա­պա­կա­նում են յե­ղա­փո­խա­կան մի­ջա­վայ­րը։
«Ա­մէն մի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ ստի­պո­ւած է ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ թող­նել իր բուն գոր­ծը եւ զբա­ղո­ւել այդ աղ­բե­րով, ո­րոնք ընկ­նում են ոտ­քե­րի տակ եւ խան­գա­րում իր կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քը։
­«Ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ, կա­մայ-ա­կա­մայ նա իւր վրայ պէտք է առ­նի այդ զզո­ւե­լի աշ­խա­տան­քը՝ ի­մա­նա­լով հան­դերձ, որ իւր ցա­խա­ւե­լի հէնց ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծից այդ կոյ­տե­րը միան­գա­մից կը բա­ցո­ւեն եւ կը լցնեն օ­դը ի­րենց գար­շա­հո­տու­թիւն­նե­րով։
«Ար­ձա­կո­ւած բամ­բա­սանք­նե­րի, զրպար­տու­թիւն­նե­րի, ինտ­րի­գա­նե­րի մթնո­լոր­տի մի­ջով պէտք է դի­մի յե­ղա­փո­խա­կան իս­կա­կան գոր­ծի­չը դէ­պի իւր բուն նպա­տա­կը»։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւագ հիմ­նա­դի­րին՝ Ք­րիս­տա­փո­րի նման, ­Ռոս­տոմ եւս հա­յոց պատ­մա­կան ­Գողթն գա­ւա­ռէն էր. ծնած էր Ցղ­նա գիւ­ղը 18 ­Յու­նո­ւար 1867ին։ ­Նա­հա­պե­տա­կան ու բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ էր եւ, անձ­նա­պէս, կեան­քէն դառ­նա­նա­լու պատ­ճառ­ներ ու­նե­ցած չէր։ ­Բայց զգա­յուն հո­գի ու­նէր եւ ան­սահ­ման պաշ­տա­մուն­քի հաս­նող մար­դա­սի­րու­թեամբ ու այ­լա­սի­րու­թեամբ լե­ցո­ւած էր։ Ա­նանձ­նա­կան այդ հո­գե­կեր­տո­ւած­քը ծայր աս­տի­ճան հո­գա­ծու դար­ձուց ­Ռոս­տո­մին նախ իր շրջա­պա­տին եւ, ա­պա, ա­ւե­լի լայն ընդգր­կու­մով, ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած դառն ճա­կա­տագ­րին նկատ­մամբ. ծանր տա­րաւ եւ բնաւ չհան­դուր­ժեց հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ե­րե­ւու­թա­պէս ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան, իսկ խոր­քով ազ­գա­յին ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը՝ ա­րե­ւե­լեան թէ ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, ­Ցա­րա­կան թէ Օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեանց կող­մէ, թրքա­կան թէ ռու­սա­կան, վրա­ցա­կան թէ թա­թար-ա­զե­րիա­կան այ­լա­մերժ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան հե­տե­ւան­քով։
Ուս­ման ան­յագ ծա­րաւ ու­նէր եւ իր պա­տա­նե­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան կեան­քը ան­խոնջ վազք մը ե­ղաւ դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սին՝ ծննդա­վայր գիւ­ղի ծխա­կան դպրո­ցէն մին­չեւ ­Թիֆ­լի­սի ­Բէգ­լա­րեան մաս­նա­ւոր դպրոցն ու պե­տա­կան ռէա­լա­կան վար­ժա­րա­նը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ­Վար­շա­ւա­յի մեր­ձա­կայ ­Նո­վօ-Ա­ղեք­սանդ­րեան ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Ճե­մա­րա­նէն մին­չեւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Պետ­րովս­կա­յա ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Ճե­մա­րա­նը։
Մ­տա­ւո­րա­կան իր կազ­մա­ւո­րու­մով եւ աշ­խար­հա­յեաց­քով, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին ա­մէ­նէն մարք­սա­կան դէմ­քը ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ ­Ռոս­տոմ միա­ժա­մա­նակ եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հո­գեմտա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ա­մէ­նէն ա­ւե­լի քա­ջա­ծա­նօթ եւ հա­ղորդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին մէջ։
­Թէեւ ներ­կայ ալ չէր ե­ղած 1890ի ամ­րան կա­յա­ցած Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վին՝ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ ու­սա­նո­ղա­կան բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն իր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ­Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ իր ծննդա­վայ­րը աք­սո­րո­ւած ըլ­լա­լով, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Ռոս­տո­մի շեշ­տա­կի դրոշ­մին կը հան­դի­պինք ոչ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թիւ­նը նա­խա­պատ­րաս­տող խմո­րում­նե­րուն, այ­լեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին ե­րես­նա­մեա­կի գլխա­ւոր բո­լոր է­ջե­րուն վրայ։
­Ռոս­տո­մի ձե­ռագ­րով էր, որ 1890ին հիմ­նո­ւած ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 1892ին վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։
­Ռոս­տո­մի գրի­չով էր, որ նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան անդ­րա­նիկ Ծ­րա­գի­րը իր ա­ւար­տուն տա­րա­զու­մը ստա­ցաւ՝ Ք­րիս­տա­փո­րի եւ ­Զա­ւա­րեա­նի միաս­նա­կան ստո­րագ­րու­թեամբ ճամ­բայ հա­նուած ծրագ­րա­յին «Այ­բու­բեն»ը ամ­բող­ջաց­նե­լով՝ «Ընդ­հա­նուր ­Տե­սու­թիւն» ու «­Մեր Ծ­րա­գի­րը» խո­րա­գիր­նե­րով։
­Նոյն­պէս ­Ռոս­տո­մի ձեռքն է, որ կ­’ե­րե­ւի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Զի­նան­շա­նի լու­սա­պատ­կե­րին վրայ՝ ամ­րօ­րէն բռնե­լով ու միա­ձու­լե­լով հայ մշա­կին, մտա­ւո­րա­կա­նին եւ ռազ­մի­կին ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան միաս­նու­թիւ­նը խորհր­դանշող բա­հը, սուրն ու փետ­րագ­րի­չը։
­Ռոս­տո­մի ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան, աշ­խա­տու­նակու­թեան եւ ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թեան կը պար­տինք, յա­ջոր­դա­բար եւ թւու­մի կար­գով՝
1) ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին զի­նա­գոր­ծա­րա­նին հզօ­րա­ցու­մը ­Սալ­մաս­տի մէջ։
2) Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան ա­պա­հո­վումն ու կա­նո­նա­ւո­րու­մը։
3) 1890ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն Երկ­րի տա­րած­քին դպրո­ցա­կան ցան­ցի ըն­դար­ձա­կումն ու ու­ժե­ղա­ցու­մը։
4) ­Նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ­Պալ­քան­նե­րու մէջ եւ ընդ­հան­րա­պէս Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին, յա­նուն ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման պայ­քա­րող տար­բեր ազ­գու­թեանց յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րուն հետ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջա­ցու­մը։
5) 1903ին հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս ռու­սաց­ման հե­տա­մուտ ցա­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման շղթա­յա­զեր­ծու­մը եւ, այդ նպա­տա­կով, Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կին ուժ եւ նե­ցուկ տա­լով՝ հա­մազ­գա­յին ծա­ռաց­ման կազ­մա­կեր­պու­մը։ Ազ­գա­յին ըմ­բոս­տաց­ման այդ շար­ժու­մին շու­տով պի­տի հե­տե­ւէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ որ­դեգ­րու­մը «­Կով­կա­սեան ­Նա­խա­գիծ»ին, ո­րուն դար­բի­նը ե­ղաւ ­Ռոս­տոմ, Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մի ­Դա­տին զու­գա­հեռ յա­ռաջ մղե­լով նաեւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին-ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­մի դա­տը՝ ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար «Ա­ռանց հա­յու ­Հա­յաս­տան» ու­նե­նա­լու ցա­րա­կան կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
6) 1905ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեան հրահ­րած հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ըն­թաց­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին ընդ­հա­նուր ղե­կա­վա­րու­մը։
7) 1907ի Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նու­թեան պահ­պա­նումն ու ա­ւե­լիով ու­ժե­ղա­ցած վե­րա­կանգ­նու­մը՝ ա­ջէն թէ ձա­խէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման սպառ­նա­ցող պա­ռակ­տու­մի փոր­ձե­րուն եւ սադ­րանք­նե­րուն դէմ։
8) 1908ին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յա­րու­մը Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին եւ, զու­գա­հե­ռա­բար, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան դա­շին­քի ստո­րագ­րու­թիւ­նը՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին գոր­ծող այ­լազ­գի յե­ղա­փո­խա­կան եւ ընդ­դի­մա­դիր շար­ժում­նե­րուն հետ՝ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման նա­խօ­րէին։
Նաեւ՝ ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Զի­նո­ւո­րա­կան Դպ­րո­ցին հիմ­նու­մին։
9) ­Նոյն շրջա­նին բռնկած ­Պարս­կա­կան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման եւ յե­ղա­փո­խու­թեան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Ռոս­տո­մի քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ Եփ­րե­մի ու ­Նի­կոլ-­Դու­մա­նի մար­տա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։
10) 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման հե­տե­ւած հա­մե­մա­տա­կան խա­ղա­ղու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին, ­Կա­րի­նը կեդ­րոն ընտ­րե­լով, Երկ­րի տա­րած­քին կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին կեան­քի յաղ­թա­քայլ աշ­խու­ժա­ցու­մը։
11) 1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու նշա­նա­կա­լից մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Ռոս­տո­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Անդ­րա­նի­կի ու Նժ­դե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։
12) Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պա­կան ղե­կա­վա­րու­մին։
13) ­Ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն ու պա­հանջ­նե­րուն ներ­կա­յաց­ման եւ պաշտ­պա­նու­մին, մա­նա­ւանդ՝ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րու­մին, որ պսա­կո­ւե­ցաւ ­Պա­քո­ւի ­Հե­րո­սա­մար­տին ­Ռոս­տո­մի ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ընդ­դէմ հա­մաթր­քա­կան ջար­դա­րար ներ­խուժ­ման։
Ա­հա՛ սոսկ թո­ւար­կու­մը այն մեծ ա­ւան­դին, որ ­Ռոս­տո­մի դրոշ­մով ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան 1890էն մին­չեւ 1919 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւար 19ի ­Ռոս­տո­մի ա­պա­ժամ մա­հը եր­կա­րող ե­րես­նա­մեա­կին։
Ա­ւանդ՝ որ դափ­նեպ­սա­կը կազ­մեց եւ ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցուց ՌՈՍՏՈՄ ա­նու­նով հռչա­կո­ւած Ս­տե­փան ­Զօ­րեա­նին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի տան­ջո­ւող սիր­տէն խօ­սող յե­ղա­փո­խա­կա­նին, հա­յոց լեռ­նե­րուն պէս ան­սա­սան կամ­քով գոր­ծող ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նին, սե­րունդ­ներ ա­ռաջ­նոր­դող իր պատ­գա­մով.- «­Մեր կու­սակ­ցու­թիւնն իր վրայ ու­նի այն­պի­սի՛ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոն­ցից ա­զատ են ու­րիշ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։ ­Մենք ու­նինք ազ­գո­վին վտան­գո­ւե­լու հոգ­սը, եւ չենք կա­րող ան­տես առ­նել այդ հան­գա­ման­քը։ Ա­մէն ան­գամ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստի­պո­ւած է ե­ղել դուրս գալ ազ­գո­վին գոր­ծե­լու, նրան մե­ղադ­րել են, թէ նա բուր­ժո­ւա­կան է, կղե­րա­կան… Ես կը կա­մե­նա­յի, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին էլ նոյ­նը լի­նէր եւ պէտք ե­ղած ժա­մա­նակ պաշտ­պա­նէր ազ­գի շա­հը»։