Յիսուն տարի խմբագիր
Յիսուն տարի նուիրում
Յիսուն տարի հաւատարիմ
Յիսուն տարի զոհողութիւն
Աստուած պահէ նուիրումն այս ունեցողին
Աստուած պահէ հայ լեզուն
Գիրն ու գրականութիւնը մեր
Մեր դարաւոր մշակոյթն ու ժողովուրդը
Գործն է, որ կը մնայ կեանքին մէջ
Յաւիտեան մնացողը այն է միայն
Մենք կու գանք ու կ՛երթանք
Սնամէջ ապրած կեանք մը անիմաստ է ու աննպատակ
Աննկատելի
Ըլլալն է կարեւորը
Ոչ թէ ապրիլը միայն
Դուն,
Բոլորանուէր կատարած գործովդ
Անմահացար
Իմ ընկեր սիրելի
Ուրիշ տեղ մի որոներ անմահութիւնը
Երկրի վրայ է ան
Ինչպէս դժոխքն ու դրախտը
Բարին ու վատը հոս են
Ու միայն հոս
Մեր հոգիներուն
Մեր մտքերուն
Մեր կատարած գործերուն
Ու կեանքին մէջ են անոնք
Որոնք ակնբախ կ՛երեւին
Ժամանակն է, որ կ՛ապրի
Քու կատարած գործերուդ մէջ
Նպատակայարմար գործեր են անոնք
Գաղափարին նուիրուած
Քու գործովդ պիտի յիշուիս դուն
Յաւիտեան

Քեզ սիրող ու կատարած գործդ
միշտ գնահատող ընկերդ
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի գիւղ 1 Նոյեմբեր 2017