Ատրպէյճանի յաջորդ յարձակումը պիտի ըլլայ Արցախէն հարաւ եւ հիւսիս ուղղութիւններով: Փետրուար 28ին, «Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի սրման ներքին եւ արտաքին գործօնները» նիւթով քննարկման ժամանակ, նշած է «տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոն»ի տնօրէն, քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան:
Անոր խօսքով` Ատրպէյճան իրականութեան մէջ չի մտածեր մարդկային կորուստներու մասին: «Վերջին գործողութիւններով՝ ատրպէյճանական կողմը ընդամէնը փորձեց ստուգել, թէ որքա՞ն լաւ զինուած են հայկական կողմերը: Անոնք ընդամէնը կ՝ուզէին ստուգել` ի՞նչ փոխուած է Ապրիլեան իրադարձութիւններէն յետոյ:
Նշուած տեսանկիւնէն` անոնց համար ատիկա ձախողութիւն էր, ի հարկէ, անոնք սուղ վճարեցին»,- ընդգծած է Կիրակոսեան:
Ըստ քաղաքագէտին, անոնք փորձած են խաբել ռազմական տեսանկիւնէն, քանի որ կ՝ուզէին պահել իրենց գործողութիւններուն իրական նպատակը: «Անոնք նաեւ կ՝ուզէին խաբել պաշտպանող կողմը եւ ցոյց տալ, որ իբր թէ հերթական յարձակումը այդ ուղղութեամբ պիտի ըլլայ»,- աւելցուցած է Կիրակոսեան:
Ռիչըրտ Կիրակոսեան
Ատրպէյճան կը փորձէր ստուգել, թէ որքան լաւ զինուած են հայկական կողմերը,- կ՚ընդգծէ Ռիչըրտ Կիրակոսեան