«Թուրքը այսօր անկիրթ բարբարոս է, բայց
քաղաքակրթուելուց յետոյ կը դառնայ կրթեալ աւազակ,
եւ այն ժամանակ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ»։
(Ռաֆֆի)
Որքա՜ն իրաւացի են այսօր, մեր մեծանուն վիպագրի՝ Ռաֆֆիի խօսքերը, որոնք գրուած են աւելի քան 150 տարիներ առաջ, սակայն դիպուկ կերպով ցոյց կու տան թուրք ցեղի բարբարոս դիմագիծը։
21րդ դարու քաղաքակրթութեան աշխարհին մէջ, թուրքն ու իր ցեղակից ազերին կը մնան այնպէս, ինչպէս գործեցին անցեալ դարերուն, իրենց ամէնէն վայրագ ու ոճրագործ դիմագիծով։
Սումկայթի ջարդը Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնօրինակը եղաւ։ Հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ ողբերգական սպին տակաւին կը յամենայ մնալ՝ ազերի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի ոճրագործութեամբ, որ իր ցեղի ամէնէն քսմտելի յատկութիւնները յառաջ բերելով, կացինահար ըրաւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին՝ Հունգարիոյ մէջ։
Սաֆարով, որ արդէն օրինակուած էր Սումկայթի դահիճներու արարքներէն, դարձաւ Ատրպէյճանի նոր ազգային հերոսը, պատիւներու արժանացաւ եւ այսօր իր զազրելի օրինակով կը շարունակէ «դաստիարակել» ազերի երիտասարդները։
Կարելի չէ տարբեր կերպով բացատրել օրեր առաջ եղած ազերի ուսանողներու մարդասպանութեան փորձը՝ ընդդէմ հայ երիտասարդ 18ամեայ Արթուրի, Ուքրանիոյ Խարքովօ քաղաքին մէջ։
«Ազատ Օր»ի երէկուան թիւին մէջ զայրոյթով կարդացինք լուրը եւ սրտի ցաւով տեսանք հայ երիտասարդի նկարը հիւանդանոցին մէջ, կոնքի կտրուածքներով եւ դէմքի վէրքերով։
Ազերի երիտասարդները միտումնաւոր կերպով ուզեցին թմրեցուցիչներով՝ հայ տղուն փորձանքի մէջ դնել, եւ երբ ան հասկցաւ անոնց արարքը, ազերի ուսանողները, ամէնայն պաղարիւնութեամբ, ի գործ դրին իրենց ծրագիրը՝ հայ երիտասարդին սպաննելու համար, բարձր պատուհանէն Արթուրին վար նետելով։
Դէպքը պատահեցաւ համալսարանին մէջ, հոն՝ ուր մարդկային եւ քաղաքակրթական արժէքները ուսումի ճամբով եւ ազնուական ամէնէն ցայտուն օրինակներով կը փոխանցուին նոր սերունդին։ Հաւանաբար, այսպէս մտածեց անմեղութեամբ պատուած հայ երիտասարդ Արթուրը, երբ փնտռեց ազերի «մատղաշ ոճրագործներ»ու բարեկամութիւնը՝ գիտութեան կաճառէն ներս։
Այսօր, աւելի քան երբեք, Ռաֆֆիին պատգամը ցոյց կու տայ թէ, թուրք ցեղը, նոյնիսկ ամէնէն քաղաքակիրթ միջավայրերուն մէջ, պիտի շարունակէ մեզ նեղել իր ցեղասպանի դիմագիծով ու էութեամբ։
Այս բոլորը յայտնեցինք, որպէսզի անգամ մը եւս մտահան ընենք այն ցնորական վարկածը, թէ կարելի է հաշտութեամբ գոյակցիլ թուրքին հետ։ Հայրենի քաղաքական միտքը թող օրինակուի վերջին պատահարէն։ Բոլոր այն ձայները, որոնք «ֆութպոլային» դիւանագիտութեան օրերէն մինչեւ այսօր՝ Արցախի հիմնահարցի փակուղիէն դուրս գալու համար «զիջողական» կեցուածքներ կ՚արտայայտեն, թող նախապէս կարդան եւ ուսումնասիրեն 1926ին գրուած Զարեւանդի՝ «Կրնա՞նք հաշտուիլ թուրքին հետ» գիրքը, որուն մէջ հեղինակը բառացիօրէն կ՚ըսէ. —
«Թշնամութիւնից բարեկամութիւն փութկոտ անցումները՝ միայն կասկա՛ծ կարող են ներշնչել: Իսկ տկարութեան ցուցադրումը՝ արհամարհա՜նք միայն: Ի զու՜ր պիտի խեղդենք մեր զայրոյթն ու արցունքը եւ ձեռք կարկառենք թուրքին, ի զու՜ր պիտի ջանանք բարի դրացիութեան ու սիրոյ անճարակ ֆրազներ թոթովել. նա աւելի՛ ու աւելի՛ պահանջկոտ է դառնալու՝ անկեղծութեան ու հաւատարմութեան դրական ապացոյցներ ունենալու համար: Պիտի պահանջի, որ իբրեւ գրաւական՝ հրաժարուե՛նք մեր բոլոր գանձելի իրաւունքներից ու մեր ունեցած համեստագոյն ստացուածքի՛ց էլ, ու զիջենք մինչե՛ւ մեր գոյութեան ամէնայետին իրաւու՛նքը:
Եւ երբ ստրկացած, իբրեւ ազգ՝ ոչնչութեան հաւասարուած, ամբողջովին լինենք իր ոտքերի տակ՝ նա դեռ ապացոյցնե՛ր պիտի ուզի… որովհետեւ վախենալու է իր ոտքի տակ ընկած հայի փոշու՛ց անգամ»:
Եթէ Ատրպէյճան Սաֆարովի մարդասպանական օրինակով պիտի կրթէ իր երիտասարդները, անոր դիմաց՝ Հայաստան պարտաւոր է մեր նորահաս սերունդները ներշնչել հայ ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման համար անհամար հերոսներու օրինակով։ Երբ Արցախի սահմանին վրայ հայ զինուոր մը իր կեանքը կը կորսնցնէ, հայրենի քաղաքական միտքը պարտի տէր կանգնիլ մեր երիտասարդութեան, որպէս երաշխիքը Հայաստանի գոյատեւման ու հայ ժողովուրդի ապագայ զարգացումին։
Երբեք պէտք չէ հանդուրժել, որ Հունգարիոյ կամ Խարքովոյի օրինակները կքեն մեր երիտասարդներու կամքը, ո՛չ ալ թոյլ տալ, որ անոնք կրկնուին։
Պիտի մնանք զգօն՝ թշնամիի ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն դիմաց։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»