­Թուր­քիոյ յայտ­նի այ­լա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն ­Ռա­կըպ ­Զա­րա­քօ­լու թրքա­կան «artigercek.com» կայ­քի իր սիւ­նա­կին մէջ կրկին անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան:
Ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով այն փաս­տին վրայ, որ Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վը Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ո­րա­կած է իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք ե­զի­տի­նե­րու, քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ ա­լաո­ւի­նե­րու դէմ՝ ­Զա­րա­քօ­լու շեշ­տած է, որ այս ա­րարք­նե­րը 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն են եւ ա­ւել­ցու­ցած է, թէ բո­լո­րը պէտք է նախ ա­ռե­րե­սո­ւին ի­րենց պատ­մու­թեան հետ, նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ կան­խե­լու հա­մար:
­Զա­րա­քօ­լու ընդգ­ծած է ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու ան­ցեա­լին հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ նշե­լով, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հեր­քող ո­րե­ւէ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի չի կրնար ա­պա­հով զգալ:
­Միա­ժա­մա­նակ՝ մտա­ւո­րա­կա­նը հպար­տու­թեամբ նշած է, որ թէեւ ի­րենք ծանր գին կը վճա­րեն ճշմար­տու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայ­նե­լու հա­մար, սա­կայն այ­սօր ­Թուր­քիոյ մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը դար­ձած է մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըլ­լա­լու իւ­րօ­րի­նակ չա­փա­նիշ:
­Զա­րա­քօ­լու գրած է.- «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, կը նշա­նա­կէ ը­սել՝ «Ա­յո՛, ը­րած ենք եւ ե­թէ պէտք ըլ­լայ՝ նո­րէ՛ն կ­՛ը­նենք»»: Ան ցաւ յայտ­նած է, որ հա­յե­րը այ­սօր հա­սած են այն­պի­սի վի­ճա­կի, ուր «ամ­բողջ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեամբ կրնան ապ­րիլ միա՛յն ­Պոլ­սոյ մէջ, եւ այդ ալ՝ մշտա­կան վա­խի մէջ»: Ն­շենք, որ ­Զա­րա­քօ­լո­ւի հիմ­նած «­Պել­կէ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ա­ռա­ջին­նե­րէն էր ­Թուր­քիոյ մէջ, որ անդ­րա­դար­ձած է ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին՝ 1990ա­կան­նե­րու սկիզբ­նե­րը: Հ­րա­տա­րակ­չա­տու­նը հրա­պա­րա­կած է «­Յու­շա­մա­տեան Ապ­րիլ 24ի», «­Թուր­քիոյ վա­րած ու­ծաց­ման եւ լե­զո­ւաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը», «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եւ ­Հայ­կա­կան հար­ցին նո­ւի­րո­ւած տաս­նեակ մը այլ գիր­քեր: