Վենետիկի 74րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի ծիրէն ներս, Իտալիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան Սեպտեմբեր 7ին հանդիպած է Վենեթօ նահանգի մշակոյթի գծով տարածաշրջանային խորհրդական Քրիստիանօ Գորացցիի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն: Հանդիպման ներկայ եղած են Վենետիկի փառատօնին ներկայացուած «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի բեմադրիչ Ջիվան Աւետիսեան,ժապաւէնի արտադրողներ Գէսդուդիս Տրազտաուսգաս եւ Ատրինէ Միրզայեան, Իտալիոյ Հայերու Միութեան նախագահ Մինաս Լուրեան, դերասանուհի Սանտրա Տաուգշայդէ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Վենեթոյի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ամուր կապերուն եւ անոնց համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան: Քրիստիանօ Գորացցի նշած է, որ Վենետիկեան փառատօնը, որուն կը հետեւի ամբողջ աշխարհը, լաւ առիթ է` ընդգծելու հայ ժողովուրդին հանդէպ բարեկամութիւնը եւ այս բարդ ժամանակներուն մէջ ներկայացնելու հիմնարար արժէքները, ինչպէս` միջ-մշակութային երկխօսութիւնը եւ խաղաղութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը: Օրուան երկրորդ կիսուն, փառատօնի ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին նուիրուած մամուլի ասուլիս, որու ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած են Իտալիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան եւ գրող Անթոնիա Արսլան:
Ջիվան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը»
Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին ցուցադրուած է Ջիվան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը