ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մամուլով յայտարարուեցաւ, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընտրապայքարի դուրս եկած կուսակցութիւններուն մէջ միակն է, որ Ջաւախքը ներառած է իր նախընտրական ծրագիրին մէջ:
«Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները կառուցել բարեկամութեան ու ազգային շահերի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքների վրայ:
Բարիդրացիական յարաբերութիւններն իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ջաւախահայութեան եւ ընդհանրապէս վիրահայութեան իրաւունքների լիարժէք իրականացման վրայ»,- գրուած է Հ.Յ.Դ. ընտրական ծրագիրին մէջ:
Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու լիարժէք իրականացման գործին իր շօշափելի զօրակցութիւնը տարիներէ ի վեր կը ցուցաբերէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ ունի մշտապէս գործող «Ջաւախքի Յանձնախումբ»:
Այս յանձնախումբի գործունէութեան հիմնական առաջադրանքը եղած է Ջաւախքի գլխաւոր կեդրոններուն մէջ հիմնել երիտասարդական կեդրոններ եւ մշտական աջակցութեամբ նպաստել, որ այդ կեդրոնները դառնան հայկականութիւն ճառագայթող օճախներ:
Ի վերջոյ, Ջաւախքի հայութեան մարդկային իրաւունքն է ապրիլ, ստեղծագործել, հաղորդուիլ ազգային մշակոյթով, երիտասարդութեան ներշնչել ազգային հպարտութիւն եւ ամրացնել ինքնութեան հաստատման յենասիւնները:
Հպարտ ենք, որ շրջանիս Հ.Օ.Մ.ուհիները հետեւողականօրէն կը շարունակեն տէր կանգնիլ Ջաւախքին օժանդակելու իրենց յանձնառութեան: Հպարտ ենք, որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի իրականութեան մէջ Հ.Օ.Մ.ը կ՛առանձնանայ Ջաւախքին հանդէպ իր ցուցաբերած գուրգուրանքով եւ շօշափելի զօրակցութեամբ:
Գիտակից ենք նաեւ, որ Հ.Օ.Մ.ը կարիքն ունի յաւելեա՛լ աջակցութեան, որպէսզի աւելի՛ արդիւնաւէտօրէն իրականացնէ իր առաջադրանքները: Այո՛, տարեկան շուրջ քառասուն հազար տոլարի հանգանակութեամբ կարելի չէ՛ իրականացնել այն ծրագիրները, որոնց կարիքը օրէ օր աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ. տակաւին չենք խօսիր նոր ծրագիրներու կամ նախկիններու ընդլայնման անհրաժեշտութեան մասին:
Պատրա՞ստ ենք Հ.Օ.Մ.ին տալու այդ բաւարարութիւնը: Եթէ այո՛, ապա Հ.Օ.Մ.ին կողմէ Մարտը Ջաւախքի ամիս հռչակուած ըլլալով՝ կարելի է ձեր մեծ կամ փոքր նուէրը փոխանցել Հ.Օ.Մ.ի «Ջաւախք Ֆոնտ»ին, կամ ներկայ ըլլալ Ապրիլ 2ին «Քուին Մէրի» նաւուն վրայ կազմակերպուած հանգանակային ձեռնարկին՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներն ալ հաւաքաբար յիշելու առիթի մը վերածելով զայն: