Եր­կու­շաբ­թի, 22 Օ­գոս­տո­սին, «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը այ­ցե­լե­ցին ­Թա­մար Ս­նա­պեան-Սուր­ճեան եւ իր ա­մու­սի­նը ­Յա­րու­թիւն ­Սուր­ճեան, ո­րոնց հետ թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը մտեր­միկ զրոյց մը ու­նե­ցաւ։ ­Թա­մար Ս­նա­պեան դուստրն է սփիւռ­քա­հայ հան­րա­ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան եւ գրող, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Բա­գին» պար­բե­րա­թեր­թի եր­կա­րա­մեայ խմբա­գիր ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի, միա­ժա­մա­նակ ան Հ.Յ.Դ. ար­խիւ­նե­րու մաս­նա­գէտ, մտա­ւո­րա­կան եւ հան­րա­յին գոր­ծիչ ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեա­նի օգ­նա­կանն է ար­խիւ­նե­րու ­Պէյ­րու­թի գրա­սե­նեա­կին մէջ։
­Հան­դի­պու­մին ա­ռի­թով, ­Թա­մար Ս­նա­պեան-­Սուր­ճեան ստա­ցաւ ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի հան­րա­ծա­նօթ եւ բազ­միցս հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցած «Ես այդ շունն եմ» գիր­քի յու­նա­րէն տար­բե­րա­կէն օ­րի­նակ­ներ, որ թարգ­մա­նո­ւած է ընկ. ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նին կող­մէ եւ լոյս տե­սաւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քէն։
Ընկ. Ա­ղա­պա­տեան ներ­կա­յա­ցուց Ս­նա­պեա­նի իւ­րա­յա­տուկ եր­կի յու­նա­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րը, գիր­քի ընտ­րու­թե­նէն մին­չեւ հե­ղի­նա­կի ո­ճի ու մտա­ծում­նե­րու թարգ­մա­նու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ ­Թա­մար Ս­նա­պեան մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց գիր­քի յու­նա­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քը, որ կ­՚ա­ւել­նայ այլ օ­տար լե­զու­նե­րով լոյս տե­սած տար­բե­րակ­նե­րուն վրայ։
­Յա­ջոր­դա­բար, ա­ռիթ ե­ղաւ զրու­ցե­լու ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի տուն-թան­գա­րա­նին մա­սին, որ կը գտնո­ւի ­Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան Այն­ճար գիւ­ղին մէջ, ուր վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մեր մեծ գրա­կան դէմ­քի բարձ­րա­քան­դա­կին զե­տեղ­ման ե­լոյ­թը։ ­Թան­գա­րա­նը սկսաւ գոր­ծել 2015-ին, Սնա­պեա­նի մա­հէն մէկ տա­րի ետք։ ­Հոն ամ­փո­փո­ւած է մտա­ւո­րա­կա­նի ամ­բողջ ար­խի­ւը, իր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը, օ­րագ­րու­թիւն­նե­րը, դի­ման­կար­ներ, ձե­ռա­գիր­ներ, թան­կար­ժէք հնա­տիպ գիր­քեր, մա­մու­լի կա­րե­ւոր նմուշ­ներ, գրե­նա­կան անձ­նա­կան ի­րե­րը եւ հա­րուստ գրա­դա­րան մը։
­Ցու­ցադ­րու­թեան յատ­կան­շա­կան նմուշ­նե­րէն մէկն է մեծ գրող ­Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի վե­րար­կուն, որ Ս­նա­պեան՝ որ­պէս ա­նոր ա­շա­կեր­տը, մա­սուն­քի պէս պա­հած է իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին եւ այ­սօր այն իր տե­ղը գտած է թան­գա­րա­նին մէջ։ ­Հա­րուստ է նաեւ լու­սան­կար­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, ո­րոնց մէջ Ս­նա­պեան լու­սան­կա­րո­ւած է իր ժա­մա­նա­կա­կից հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հետ։
­Թան­գա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած է ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի եր­կու նոր գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ յատ­կան­շա­կան ե­ղած է մեծ թի­ւով այ­ցե­լու­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը Ս­նա­պեա­նի օ­ճա­խին մէջ։
­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը նպա­տակ ու­նի վառ պա­հել սփիւռ­քա­հայ մեծ գրո­ղի մտա­ւո­րա­կան վաս­տա­կը, ո­րուն գրա­կան հա­րուստ աշ­խա­տան­քը, իր հե­ղի­նա­կած գիր­քերն ու մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած յօ­դո­ւած­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն յու­զել հայ ըն­թեր­ցո­ղը։