Պտոյտ դէպի հայրենիք

Պտոյտ դէպի հայրենիք

0
13578

7 Օ­գոս­տոս 2019ի լու­սա­բաց, Ե­րե­ւա­նի ժա­մով ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 3:00ին, Aegean ըն­կե­րու­թեան օ­թա­նա­ւը վայ­րէջք կա­տա­րեց Ե­րե­ւա­նի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­թա­կա­յա­նը։ Ու­ղե­ւոր­նե­րուն թի­ւին 19ը Հ. Յ. Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րէն խումբ մըն էր, ո­րոնք 12 օ­րո­ւայ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պած էին «­Դէ­պի հայ­րե­նիք»։ Ե­րեք օր վերջ, Օ­գոս­տոս 10ին խում­բին միա­ցան 7 ըն­կեր­ներ եւս, թի­ւը բարձ­րաց­նե­լով 26ի։
Պ­տոյ­տին ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը Օ­գոս­տոս 7-10ը՝ Ար­ցախն էր։ Ու­րեմն, 19 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը «փուլ­ման» ինք­նա­շար­ժով մը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ար­ցախ։ Ա­ռա­ջին կա­յա­նը ­Սիւ­նի­քի, ­Գո­րիս քա­ղաքն էր։ ­Կէ­սօ­րո­ւայ ժա­մե­րուն հա­սանք «Ե­ղեւ­նադ» հիւ­րա­նո­ցը, որ նա­խա­պէս ա­պա­հո­վո­ւած էր, տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցանք, ճա­շե­ցինք, հանգ­չե­ցանք։ ­Մեր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը ե­ղաւ ­Տա­թե­ւի վանք։ ­Բո­լորս միա­սին բարձ­րա­ցանք «­Տա­թե­ւի թե­ւե­րը» կո­չո­ւած «թե­լե­ֆե­րի­քը»։ ­Մեր հետ բե­րինք ­Սիւ­նեաց բնու­թեան կա­նաչ գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ ան­շուշտ վան­քին դա­րա­ւոր կան­գուն ար­ժէ­քը։ Ե­րե­կո­յեան, պտտե­ցանք ­Գո­րիս գիւ­ղա­քա­ղա­քը, ա­նու­շիկ բնու­թիւն ու­նէր եւ հան­դար­տու­թիւն մը կը զգա­ցո­ւէր։ Ե­ղա­նա­կը ա­մառ ըլ­լա­լով հան­դերձ, բա­ւա­կան զո­վուկ էր։
Առ­տուն մեծ խան­դա­ւա­րու­թեամբ, մեր ճամ­բան շա­րու­նա­կե­ցինք դէ­պի Ար­ցախ։ ­Հա­սանք Ս­տե­փա­նա­կերտ, կէ­սօր էր։ Ինք­նա­շար­ժէն ի­ջած ժա­մա­նակ, հան­դի­պե­ցանք տա­րեց կնոջ մը իր թոռ­նու­հիին հետ։ ­Կի­նը մեծ ու­րա­խու­թեամբ մեզ դի­մա­ւո­րեց, հարց ու փորձ ը­րաւ եւ երբ հա­յե­րէն պա­տաս­խա­նե­ցինք մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ մեզ գրկեց։
­Մեզ­մէ շա­տե­րուն հա­մար ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր որ Ար­ցախ կ՚ այ­ցե­լէինք։ Ս­տե­փա­նա­կեր­տը փո­խո­ւած էր դէ­պի լաւ, կեան­քը բնա­կա­նոն ըն­թացք ու­նէր, նոր խա­նութ­ներ բա­ցո­ւած էին՝ գրե­նա­կան պտոյք­նե­րու, հա­գուստ­նե­րու, ե­րե­խա­նե­րու հա­գուստ­նե­րու, ե­ւայլն։ ­Մեր հիւ­րա­նո­ցին դի­մա­ցի նո­րա­կա­րոյց ե­կե­ղե­ցիին մէջ պսա­կադ­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մըն ալ տե­ղի կ՚ ու­նե­նար։ Ու­րախ եւ հա­ճե­լի ա­նակն­կալ մըն էր մե­զի հա­մար։
Ար­ցախ մեր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն, զա­նա­զան այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք, ո­րոնք կազ­մա­հեր­պո­ւած էին մեր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ըն­կեր­նե­րուն կող­մէն։ ­Գա­ցինք ­Շու­շի, ­Ղա­զան­չե­ցոց ե­կե­ղե­ցին, Ճտր­տուզ, «­Մա­միկ եւ ­Պա­պիկ»ի յու­շա­հա­մա­լի­րը, Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նը, Հ. Յ. Դ. Ար­ցա­խի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան գրա­սե­նեա­կը, ուր հան­դի­պե­ցանք ­Մա­յի­սին Ա­թէն­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­ժո­ղո­վին ա­ռի­թով ծա­նօ­թա­ցած ըն­կեր­նե­րու։ ­Վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն, Հ. Յ. Դ. Ֆ­րան­սա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի միու­թեան ըն­կեր­նե­րուն հետ հա­սանք, մին­չեւ ­Հու­նոտ ձո­րի մէջ գտնո­ւող «­Զոն­տիկ» (հո­վա­նոց) ջրո­ւէժ­նե­րը։ Ա­ւելց­նենք, որ Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձանք ­Վար­դե­նի­սի ճամ­բով եւ կրցանք ­Թա­դի­վանք ալ մտնել։
Օ­գոս­տոս10ի ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւան հա­սանք, ուր մեր եօ­թը ըն­կեր­նե­րը, նոյն օ­րը Ա­թէն­քէն ժա­մա­նած մե­զի կը սպա­սէին։ ­Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն 26 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րով պտտե­ցանք մեր հայ­րե­նի­քի պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող հնու­թիւն­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, վան­քե­րը, դի­տե­ցինք եւ սոր­վե­ցանք մեր մշա­կոյ­թին մաս կազ­մող ար­հեստ­ներ եւ ա­րո­ւեստ­ներ եւ վա­յե­լե­ցինք մեր հայ­րե­նի բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը իր լեռ­նե­րով, ան­տառ­նե­րով, լի­ճե­րով եւ գե­տե­րով։ Այս պտոյտ­նե­րուն մէջ չմոռ­ցանք այ­ցե­լել Հ. Յ. Դ. ­Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կը։
­Հայ­րե­նի­քին մէջ նաեւ ապ­րե­ցանք Ար­ցա­խեան եւ Ե­րե­ւա­նեան գի­շեր­նե­րը։ ­Թէեւ ա­մառ էր եւ սփիւր­քա­հա­յե­րով լե­ցուն էր մեր հայ­րե­նի­քը, քա­նի որ նոյն օ­րե­րուն ­Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղերն ալ կ՚ ըն­թա­նա­յին, նկա­տե­ցինք որ մեր տա­րե­կից հայ­րե­նաբ­նակ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ մենք նոյն ձե­ւով կը զո­ւար­ճա­նանք։

***

Այս ամ­փոփ նկա­րագ­րա­նին մէ­ջէն, կ՚ու­զենք ա­ւելց­նել որ «­Դէ­պի հայ­րե­նիք» այս պտոյ­տի ըն­թաց­քին, մեր 26 հո­գի­նոց խում­բի ըն­կեր­նե­րը կրցան սեր­տաց­նել ի­րենց մի­ջեւ կա­պե­րը, իւ­րա­քան­չիւրս իր ձե­ւով կա­պո­ւե­ցաւ ­Հայ­րե­նի­քին եւ մեզ­մէ շա­տե­րուն մէջ արթն­ցաւ ­Հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու եւ հոն հաս­տա­տո­ւե­լու զքա­ցումն ու ե­րա­զան­քը։ ­Մեր փա­փաքն է, որ այս ե­րա­զան­քը, օր մը, ոչ շատ ուշ, ի­րա­կա­նա­նայ։ ­Մինչ նոր հան­դի­պում՝ սի­րե­լի ­Հայ­րե­նիք…

­Մաս­նակ­ցող մը