Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Մա­յի­սին, Հ.Կ.­Խա­չի ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիա­նիի «Աղ­թա­մար» մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը յետ-մի­ջօ­րեայ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պեց դէ­պի ­Թա­թո­յի եւ «Ի­փոք­րա­թիոս փո­լի­թիա», «­Մայ­րե­րու Օր»ո­ւան առ­թիւ:
­Փուլ­մա­նը գրե­թէ լե­ցուն էր: ­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Ան­նա ­Գա­զան­ճեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լոր տի­կին­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րեց զա­նոնք՝ մայ­րե­րու տօ­նին առ­թիւ, իսկ ընկ. ­Ծա­ղիկ ­Ճա­մու­զեան բա­ցատ­րեց պտոյ­տի յայ­տա­գի­րը եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց մեր այ­ցե­լու­թեան վայ­րե­րու մա­սին:
­Շա­րու­նա­կե­լով մեր եր­թը՝ ընկ. Ան­նա ­Գա­զան­ճեան օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, անդ­րա­դառ­նա­լով կի­նե­րու բազ­մա­տե­սակ դե­րե­րուն եւ մայ­րու­թեան տար­բեր ձե­ւե­րուն, զորս կը ճանչ­նանք մեր օ­րե­րուն: Ան խօ­սե­ցաւ նաեւ հայ մօր զո­հա­բե­րու­մին մա­սին, ո­րու կը պար­տինք մեր ազ­գի գո­յա­տե­ւու­մը ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն ետք: ­Շեշ­տը դրաւ Հ.Օ.Մ.ի ծրա­գիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը նպաս­տեն հայ ըն­տա­նի­քին: «­Թէ՛ հայ մայ­րը եւ թէ Հ.Օ.Մ.ը հո­մա­նիշ են նո­ւի­րու­մի: ­Նո­ւի­րում՝ հայ ըն­տա­նի­քին, նո­ւի­րում՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին»,- ը­սաւ ըն­կե­րու­հին:
Երբ հա­սանք նախ­կին թա­գա­ւո­րա­կան պա­լա­տի այ­գին եւ սկսանք պտտիլ ա­նոր տա­րած­քին մէջ՝ զգա­ցինք, որ ա­մուր կապ մը կը ստեղ­ծո­ւի բնու­թեան հետ, ա­ռանց հե­ռա­նա­լու Ատ­տի­կէի նա­հան­գէն: ­Դա­սա­կան գե­ղեց­կու­թեան հսկայ շէն­քեր հաս­տատ ձե­ւով կա­ռու­ցո­ւած 19րդ ­դա­րէն կ­‘իշ­խեն ան­տա­ռի մը մէջ՝ ա­պա­ցու­ցա­նե­լով ան­ցեա­լի միա­պե­տու­թեան ու­ժը: ­Լայն պա­տու­հան­ներ, ա­մուր փեղ­կեր, ար­ձան­ներ, ա­ւա­զան­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­ղիկ­ներ եւ հա­զո­ւա­դէպ բոյ­սեր ցոյց կու տան որ­քան ջանք թա­փած են իշ­խա­նա­ւոր­ներ ու բա­նո­ւոր­ներ, որ­պէս­զի ստեղ­ծո­ւի այս այ­լա­բա­նա­կան հե­քիա­թա­յին գիւ­ղա­քա­ղա­քը: ­Միա­ժա­մա­նակ շնոր­հա­լի մի­ջա­վայր մըն է՝ մար­զո­ւե­լու եւ հո­գին հանգս­տաց­նե­լու հա­մար:
­Շա­րու­նա­կե­լով մեր պտոյ­տը՝ ուղ­ղո­ւե­ցանք դէ­պի ­Պե­լե­ցի լի­ճը, որ ա­րո­ւես­տա­կան է եւ սկսաւ շի­նո­ւիլ 1973ին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով մեծ քա­նա­կով ջու­րի ա­պա­հո­վու­մը շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար: ­Վա­յե­լե­ցինք գե­ղե­ցիկ տե­սա­րա­նը, լի­ճին շուրջ տա­րա­ծո­ւող ան­տա­ռը, բազ­մա­թիւ կեն­դա­նի­նե­րը (կա­րապ­ներ, բա­թիկ­ներ, կրեա­ներ ու ձու­կեր) եւ փոքր կա­մուրջ­նե­րը:
­Վեր­ջա­պէս գա­ցինք Ա­ֆիտ­նես շրջա­նի ճա­շա­րան­նե­րէն մէ­կը, ուր ընթ­րե­ցինք ըն­կե­րա­յին, ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ՝ բա­ժակ մը գի­նի խմե­լով մայ­րե­րու կե­նա­ցը: Ընթ­րի­քէն ետք վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը հրամ­ցու­ցին ա­նու­շե­ղէն­ներ, զորս ի­րենք շի­նած էին, մինչ ա­ւե­լի կա­նուխ, փուլ­մա­նին մէջ, հա­մեղ խմո­րե­ղէն­ներ պա­նի­րով մե­ծա­րած էին: Ի­րենք բաժ­նե­ցին նաեւ շքեղ նո­ւէր­ներ՝ տնա­կան լե­մո­նա­տով լե­ցո­ւած պզտիկ շի­շեր գե­ղե­ցիկ զար­դա­րան­քով: Ա­սոնց­մէ զատ, տի­կին ­Մարլ ­Գո­շե­րեան իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ բո­լո­րին նո­ւի­րեց ճա­շա­կա­ւոր խո­հա­նո­ցի գոգ­նոց­ներ կամ ան­ձե­ռոց­ներ՝ ա­ռա­ւել եւս գո­հաց­նե­լով ներ­կա­նե­րը:
­Վե­րա­դառ­նա­լով մեր տու­նե­րը՝ շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քեր լսե­ցինք կազ­մա­կեր­պող­նե­րէն մեր մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ նո­ւէր­նե­րը եւ մե­ծա­րանք­նե­րը տրա­մադ­րող­նե­րուն հա­մար:
Անձ­նա­պէս, մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լով «­Մայ­րե­րու Օր»ո­ւան նո­ւի­րո­ւած այս պտոյ­տին՝ կրնամ ը­սել, որ իս­կա­պէս կ­‘ար­ժէր մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ կը թե­լադ­րեմ մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, որ մաս կազ­մեն խմբա­յին պտոյտ­նե­րուն ա­ռանց երկմ­տան­քի:
­Յոյ­սով եմ, որ մեր յա­ջորդ ա­մա­ռո­ւան ժա­մադ­րու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ գե­ղե­ցիկ ծո­վա­փի մը վրայ:
Ց­տե­սու­թիւն:

­Ներ­կայ ըն­կե­րու­հի մը