­Պե­տա­կան այ­ցով ­Հա­յաս­տան գտնո­ւող ­Պուլ­կա­րիոյ նա­խա­գահ ­Ռու­մեն ­Ռա­տե­ւը ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»ը, ­Պուլ­կա­րիոյ նա­խա­գա­հը ծաղ­կեպ­սակ դրաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շար­ձա­նին եւ ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հեց ան­մար կրա­կին մօտ:
­Պուլ­կա­րիոյ նա­խա­գա­հը ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր այ­ցե­լած էր տիկ­նոջ հետ: Ա­նոնց կ­՛ու­ղեկ­ցէին ՀՀ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դուարդ ­Նալ­պան­տեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան:
­Պուլ­կա­րիոյ նա­խա­գա­հը տիկ­նոջ հետ շրջայց կա­տա­րեց նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ, ծա­նօ­թա­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին վկա­յող նիւ­թե­րուն, գրա­ռում կա­տա­րեց թան­գա­րա­նի յու­շա­մա­տեա­նին մէջ:
«Ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լե­լով յու­շա­հա­մա­լիր` ես կ­՛ա­ղօ­թեմ բո­լոր ան­մեղ հա­յե­րուն հա­մար, ո­րոնք զոհ գա­ցին 1915-1922 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րուն: Ես ցնցո­ւած եմ ող­բեր­գու­թե­նէն եւ մարդ­կա­յին տա­ռա­պանք­նե­րէն այն հա­յե­րուն, ո­րոնք զոհ դար­ձած են` պաշտ­պա­նե­լով ի­րենց ազ­գա­յին հա­մո­զում­ներն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը: Ին­ծի խո­րա­պէս կ­՛ան­հանգս­տաց­նէ այն, որ այդ հա­յե­րը եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք պայ­քա­րած են ապ­րե­լու հա­մար, ստի­պուած ե­ղած են հանգ­րո­ւան գտնել այլ եր­կիր­նե­րու մէջ: Ես հպարտ եմ, որ այդ բարդ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ հաս­տա­տո­ւած եւ զայն ի­րենց երկ­րորդ հայ­րե­նիք հա­մա­րող հա­յե­րու սե­րունդ­նե­րը կողք կող­քի կ­՛ապ­րին ի­րենց պուլ­կա­րա­ցի հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ»,- յու­շա­մա­տեա­նին մէջ գրած է ­Պուլ­կա­րիոյ նա­խա­գա­հը: ­Ռու­մեն ­Ռա­տե­ւը այ­նու­հե­տեւ ե­ղեւ­նի տնկած է ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի տա­րած­քին գտնո­ւող յի­շա­տա­կի ծա­ռու­ղիին մէջ: