«Ս­թամ­պու­լում (­Պո­լիս) ձեր­բա­կա­լո­ւած հայ գրող, հրա­պա­րա­կա­խօս Սե­ւան Ն­շա­նեա­նին է յանձ­նո­ւել սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան» յու­շաշքան­շա­նը»,- այս մա­սին՝ ըստ panorama.amի՝ այ­սօր լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ յայտ­նած է

Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր Ա­րա­գած Ա­խո­յեան:

Ան ման­րա­մաս­նած է, որ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նին յու­շաշքան­շա­նով պար­գե­ւատր­ման ո­րո­շու­մը կա­յա­ցած էր 2014 թո­ւա­կա­նին.- «Ն­շա­նեա­նը գտնւում է բան­տում, իսկ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներն էլ ապ­րում են ­Գա­նա­տա­յում: ­Յու­շաշ­քան­շանն ան­ձամբ նրան յանձ­նել չյա­ջո­ղո­ւեց, յանձ­նե­ցինք փաս­տա­բա­նին»:

Պատ­գա­մա­ւո­րը պատ­մած է, որ Ն­շա­նեա­նի ձեր­բա­կա­լո­ւե­լէն ետք ստեղ­ծո­ւած էր «­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան» մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­խումբ, ուր բա­ցի հա­յե­րէ կան նաեւ ­Թուր­քիոյ ձա­խա­կող­մեան եւ կեդ­րո­նա­կան հա­յեացք­նե­րու տէր մար­դիկ. ­Յու­շաշքան­շա­նի յանձ­նու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է ­Սեպ­տեմ­բեր 23ին ­Գա­լա­թա­սա­րա­յի մշա­կոյ­թի տան մէջ, ուր ներ­կայ ե­ղած են թրքա­կան խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը: Թր­քա­կան մա­մու­լը, ինչ­պէս նաեւ տե­ղի հայ­կա­կան մա­մու­լը բա­ւա­կան մեծ անդ­րա­դարձ կա­տա­րած է այդ ի­րա­դար­ձու­թեան, ուր հնչած է նաեւ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի մօր տե­սաու­ղեր­ձը, ուր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն»:

Ա­խո­յեա­նի խօս­քով` այս ձե­ւով փոր­ձած են օգ­նել եւ զօ­րակ­ցիլ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նին:
Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւո­րը յի­շե­ցու­ցած է, որ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նը ձեր­բա­կա­լած էին իր սե­փա­կան այ­գիին մէջ տուն կա­ռու­ցե­լու հա­մար եւ ո­րո­շած են դա­տա­պար­տել 17 տա­րո­ւայ ա­զա­տազրկ­ման։ «Ն­րան ձեր­բա­կա­լե­լը ե­րե­ւի թէ ինչ որ մէ­կի պա­տո­ւէրն է: ­Շա­տերն են նկա­տել, որ դա քա­ղա­քա­կան են­թա­տեքստ ու­նի, դրա մա­սին գրել են ան­գամ «­Մար­մա­րա»ն­ ու «­Ժա­մա­նակ»ը»,- յայտ­նած է պատ­գա­մա­ւո­րը: