­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­ժա­րա­նը պոլ­սա­հայ հա­մայն­քի բա­րե­րար­նե­րուն կող­մէ մեծ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն ստա­ցած է:
Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Թերթ.am»՝ վկա­յա­կո­չե­լով «Ա­կօս» թեր­թը:
Դպ­րո­ցի պիւտ­ճէի պա­կա­սոր­դը (բա­ցը) լրաց­նե­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած բա­րե­գոր­ծա­կան ընթ­րի­քի ժա­մա­նակ, 1 մի­լիոն 530 հա­զար թրքա­կան լի­րա­յի (մօտ 390.000 Ա.Մ.Ն. տո­լար) հաս­նող պա­կա­սոր­դը փա­կել յա­ջո­ղած են մա­սամբ:
Ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին ­Պոլ­սոյ հա­յոց փոխ-պատ­րիարք Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նած է, որ բա­րե­րար­նե­րու կա­տա­րած հան­գա­նա­կու­թեան շնոր­հիւ հա­ւա­քո­ւած է մեծ գու­մա­րի նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն` 900.000 թրքա­կան լի­րա, իսկ պիւտ­ճէի մնա­ցեալ բա­ցը պի­տի փա­կո­ւի հա­մայն­քա­յին հիմ­նադ­րամ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քով:
Ն­շենք, որ ­Պոլ­սոյ մէջ կը գոր­ծ է 16 հայ­կա­կան վար­ժա­րաներ, ո­րոնց­մէ 13ը մաս­նա­ւոր են, իսկ միւս 3ը կը հա­մա­րո­ւին հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը:
Այս դպրոց­ներ կրնան յա­ճա­խել միայն հայ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ­նե­րը՝ ներ­կա­յաց­նե­լով նախ մկրտու­թեան թուղթ: Ա­տի­կա կը կա­տա­րո­ւի ըստ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րէնսդ­րու­թեան, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ երկ­րի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս թուրք կը հա­մա­րո­ւին, իսկ հա­յե­րը, յոյ­նե­րը եւ հրեա­նե­րը կը հա­մա­րո­ւին կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն: Ըստ ­Լօ­զա­նի պայ­մա­նագ­րին` կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն հա­մա­րո­ւե­լու շնոր­հիւ, հա­յե­րը ի­րա­ւունք ստա­ցած են սոր­վե­լու ի­րենց մայ­րե­նին, որ­մէ զրկո­ւած են քիւր­տե­րը, զա­զա­նե­րը, չեր­քէզ­ներն ու լա­զե­րը:
­Թուր­քիոյ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մեծ մա­սը կը գո­յա­տե­ւէ հա­մայն­քի տար­բեր բա­րե­րար­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հաշ­ւոյն, ա­տոր հետ զու­գա­հեռ` դպրոց­ներ յա­ճա­խող հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը ա­մէն տա­րի կը նո­ւա­զի:
Ա­տի­կա կա­պո­ւած է թէ՛ Կ. ­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քի ար­տա­գաղ­թին, թէ՛ վար­ժա­րան­նե­րու ուս­ման բարձր վճար­նե­րուն հետ (­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն ուս­ման վար­ձե­րը կը կազ­մեն տա­րե­կան մի­ջի­նը 3000 տո­լար):