19 Սեպտեմբերին, «Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողով»ի ծիրին մէջ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» նիւթով քննարկման ընթացքին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հաստատած է, որ առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու` Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական պետութիւն չի դառնար, ո՛չ ալ Քրտական Հարցը լուծում կը ստանայ: Անոր համաձայն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ առանց առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ: «Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է ունենանք առաւե՛լ լայն տեսլական, միա՛յն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, միա՛յն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք սպասելու յաւելեալ տասնեակ տարիներու: Թուրքիան ներկայիս կրկին կ՛ապրի մութ ժամանակաշրջան: Ան վերադարձած է այն ժամանակաշրջանին, երբ խորհրդարանին մէջ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելը յանցանք կը նկատուի: 102 տարի առաջ տեղի ունեցաւ մեծ ոճիր, եւ անիկա կը շարունակուի այսօր, քանի որ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր ոճիր կ՛առաջնորդէ նոր ոճիրի: Ինչպէս 100 տարի առաջ Արեւմուտքը իր աչքերը փակեց Ցեղասպանութեան ի տես, ներկայիս ալ նոյնը կ՛ընէ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն դիմաց: Ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար»,- ըսած է հայ երեսփոխանը: Կարօ Փայլանի համաձայն՝ Թուրքիա այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, յետընթաց կ՛ապրի նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն գծով: Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ հեռացո՛ւմ ժողովրդավարութենէն.- «Ես այս մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ մը տեղի ունեցած է: 20րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. ես խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, որ եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր այդ ճանապարհին ենք: Թուրքիան 100 տարի ետք ալ կը շարունակէ ոճիր գործել»,- ըսած է Փայլան: Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ Մուշի, Համշէնի մէջ հարիւր-հազարաւոր հայեր կան:
«Թուրքիոյ հայերը, դժբախտաբար, դարձեալ վախի մէջ են, դարձեալ անձայն մնացած են: Լուռ մնալը, սակայն, դեռ ապահովութեան երաշխիք չէ: Անձայն մնալ չի նշանակեր հանգիստ ըլլալ, չես կրնար հանգիստ ըլլալ ազգայնամոլներուն մէջ: Ատոր համար ալ, եթէ ազգայնամոլները վրադ յարձակին, պէտք է պատասխանես: Եթէ անձայն մնաս, ազգայնամոլները աւելի եւս կը յարձակին վրադ»,- ըսած է ան:
Կարօ Փայլան ըսած է, որ Հայաստան եկած է իշխանութիւններուն հետ քննարկելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումը: «Ազգայնամոլները ուժ ունին, բայց եթէ մենք ըսենք, որ թուրքը թուրք է, անոնք ըսեն` հայը հայ է, քիւրտը քիւրտ է, այն ատեն ինչպէ՞ս ուժ պիտի ունենանք արդարութեան համար: Հոս եմ Հայաստան-Թուրքիա կամուրջը կրկին շինելու համար: Գիտեմ` շատ դժուար է, բայց պէտք է ջանք ի գործ դնել այդ ուղղութեամբ: Պէտք չէ սպասել, որ լաւ օր մը պիտի գայ եւ մենք պիտի խօսինք այս մասին, պայմանները օրէ օր կը վատթարանան, պէտք է ուղիներ գտնել հարցերուն լուծում տալու համար»,- աւելցուցած է ան:
«Պիտի շարունակեմ պայքարիլ, որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»
«Պիտի շարունակեմ պայքարիլ, որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»