ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

«­Կը սա­սա­նի եր­կիրն հիմ­քէն դա­րա­ւոր,
կը սա­սա­նի կա­մարն ան­գամ երկ­նա­յին,
մինչ ռում­բե­րու բո­ցե­րուն տակ կանգ­նած,
կը կան­չենք քեզ այ­սօր, ­Հա­յաս­տա՛ն։»

­Տե­սա­րան ա­ռա­ջին։
1999-ի ­Սեպ­տեմ­բերն է։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գու­մա­րո­ւի ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք Ա. հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցինք ­Յու­նաս­տա­նէն պատ­գա­մա­ւոր­ներ։ ­Ժո­ղո­վը չսկսած, ներ­քին մղու­մէ մը թե­լադ­րո­ւած՝ կ­՚ո­րո­շենք Ար­ցախ այ­ցե­լել եւ նոյ­նիսկ եր­կու կարճ օ­րե­րու մէջ շնչել ա­զատ հո­ղի ու եր­կին­քի ու­ժը։
­Հա­սած ենք Ս­տե­փա­նա­կերտ. հիւ­րա­նո­ցի մը մէջ տե­ղա­ւո­րո­ւե­լէ ետք, ճամ­բայ կ­՚առ­նենք դէ­պի ­Շու­շի, հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կի խորհր­դա­նի­շը, հոն՝ ուր մեր այ­ցե­լու­թե­նէն քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, հա­յու սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­ռաս­պե­լա­կան տա­րո­ղու­թեամբ ա­զա­տագ­րեց մեր ար­ծո­ւա­բոյն ամ­րոցն ու հայ մշա­կոյ­թի օր­րա­նը։
­Քայ­լե­րը մեզ կ­՚ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի ­Շու­շիի «­Ղա­զան­չե­ցոց Ս. Ա­մե­նափր­կիչ» ե­կե­ղե­ցին, ո­րու տպա­ւո­րիչ կա­մար­նե­րուն տակ այդ պա­հուն տե­ղի կ­՚ու­նե­նար պսա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Եր­կու գե­ղա­դէմ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ե­րես­նե­րը հպած, կը լսեն չոր­ցած կեր­պա­րով, ֆե­տա­յիի նմա­նող քա­հա­նա­յի կուռ ու սաստ­կող պատ­գա­մը՝
«­Դուք պի­տի մնաք այս հո­ղին վրայ։ ­Դուք պի­տի ապ­րիք այս հո­ղին վրայ, զոր ձեր եղ­բայր­նե­րը ա­զա­տագ­րե­ցին։ Եր­բեք չէք ձգեր այս հո­ղը. ձերն է այն եւ ձեր զա­ւակ­նե­րուն կը պատ­կա­նի։ Այս է իմ խոր­հուրդս ու պատ­գամս ձե­զի, սի­րե­լի ե­րի­տա­սարդ­ներ»։
Ամ­բողջ մարմ­նով կը ցնցո­ւիմ։ Ե­կած եմ օ­տար երկ­րէ մը, վկան դառ­նա­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ եւ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ եր­կու ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ուխ­տին՝ հաս­տատ մնա­լու ու ապ­րե­լու հա­յու հո­ղին վրայ, շէ­նաց­նե­լու, ծաղ­կեց­նե­լու, զա­ւակ տա­լու՝ ա­պա­գայ մշա­կը, զի­նո­ւո­րը, ու­սու­ցի­չը, ստեղ­ծա­գործ մար­դը…։
Վս­տահ եմ, այ­լեւս։ ­Մեր բեր­դը ա­նա­ռիկ է։

­Տե­սա­րան երկ­րորդ։
Ան­ցած են 21 տա­րի­ներ։ Թշ­նա­միի ռում­բե­րը ան­դա­դար կը տե­ղան Ար­ցա­խի վրայ։ ­Հայ զի­նո­ւո­րը մա­հու կե­նաց պայ­քա­րով կը դի­մադ­րէ թուրք-ա­զե­րի գրո­հը։ ­Դար­ձեալ վի­րա­ւո­րո­ւած է ­Շու­շիի «Ս. Ա­մե­նափր­կիչ» ե­կե­ղե­ցին։
Ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը անն­կա­րագ­րե­լի հրճո­ւան­քով կը դիտէ խո­ցո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թին տակ կա­տա­րո­ւող հար­սա­նի­քը։ ­Փե­սան՝ զի­նո­ւո­րա­կան հա­մազ­գես­տով, հար­սը՝ նախ­շուն հայ­կա­կան զար­դա­րանք­նե­րով։ Ի­րենց շուրջ՝ սա­կա­ւա­թիւ ազ­գա­կան­ներ, փե­սա­յի զի­նա­կից­նե­րը հա­մազ­գես­տով, մեծ թի­ւով լրագ­րող­ներ։
Ցն­ցող պատ­կեր­ներ՝ յու­զում, ու­րա­խու­թիւն, հպար­տու­թիւն, յոյս… ա­մէն ինչ ի­րար խառ­նո­ւած սրտի բո­ցա­վա­ռող ժայթ­քում­ներ կը պատ­ճա­ռեն։
­Կը մտա­բե­րեմ հին պատ­կե­րը։ ­Հար­ցա­կան­ներ կան։ ­Մի­թէ զի­նո­ւո­րա­կան հա­մազ­գես­տով փե­սան, այն ե­րի­տա­սար­դը, որ խրա­մա­տը առ­ժա­մա­բար ձգած՝ ե­կած է իր կեան­քը միաց­նե­լու իր սի­րած աղջ­կան հետ, 21 տա­րի ա­ռաջ նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ իմ հան­դի­պած նո­րապ­սակ զոյ­գին զա­ւա՞կն է։
­Տար­բեր չի կրնար ըլ­լար։ ­Հարսն ու փե­սան զա­ւակ­ներն են այն բո­լոր զոյ­գե­րուն, ո­րոնք պինդ եւ հե­րո­սա­կան կեան­քով, հայ հո­ղի ան­դի­մադ­րե­լի ու­ժէն գե­րո­ւած, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կը նո­ւի­րա­բե­րեն հայ­րե­նի­քի բա­գի­նին, որ­պէս­զի ոչ միայն Ար­ցա­խը, այ­լեւ ­Հա­յաս­տանն ու ա­նոր կող­քին ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ապ­րին ու գո­յա­տե­ւեն։
Ա­յո՛, կեան­քով լե­ցուն այս եր­կու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը զա­ւակ­ներն են բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ­Շու­շիի ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ, ի­րենց հո­գիին ու ամ­բողջ էու­թեան մէջ կը դրօշ­մէին քաջ քա­հա­նա­յի պատ­գա­մը՝ «Այս հո­ղին վրայ պի­տի ապ­րիք»։
Եր­կու տար­բեր ժա­մա­նակ­ներ, նոյն տե­սա­րա­նը։ ­Յոյ­սի ու կեան­քի տե­սա­րան­ներ։
Ե­թէ պսա­կէն ետք փե­սան դար­ձեալ մար­տի ճա­կատ մեկ­նե­ցաւ, թող ա­մէն մէկս վստա­հու­թիւն ու­նե­նայ, որ ան յաղ­թա­կան պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր տու­նը։ ­Հոն, ուր իր սի­րա­ծը հայ­կա­կան օ­ճա­խը տաք պա­հած՝ պի­տի սպա­սէ ա­նոր յաղ­թա­պանծ վե­րա­դար­ձին։
ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ՛ՆՔ։ Այս է պատ­գա­մը։
­Հե­ռա­ւոր այս ան­կիւն­նե­րէն չենք կրնար մոռ­նալ մեր քա­ջա­րի մար­տիկ­նե­րը։ Ա­մէն ինչ զի­նուո­րին հա­մար, Ար­ցա­խին ու ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար։
Ա­րեան ու սրտի գե­րա­գոյն պարտք ու­նինք նո­րապ­սակ զոյ­գին։
Ապ­րի՛ք, հե­րոս հա­յոր­դի­ներ։