«21 Սեպտեմբեր 1991»ը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Հայաստանի վերանկախացման խորհուրդի նշանակալից նուաճումն է, 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմականօրէն անգերազանցելի հռչակումին մերօրեայ նուիրագործումը, որուն մէջ մարմնացաւ Մայիսեան անկախութեան անկատար մնացած երազանքը ու հայ ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու, իր հայրենիքը պետականօրէն արմատաւորելու եւ քաղաքականօրէն ամրապնդելու հաստատ ու միակամ ձգտումը։
Հայաստանի վերանկախացումը արդէն կը հաշուէ նուաճումներով եւ բացթողումներով լի 28 երկար տարիներ։ Անոր կողքին, Արցախի անկախութեան հռչակումը, հայրենի երկու պետութիւններու զուգահեռ ընթացքը պատմութեան անիւները կը շարժէ՝ հայ ժողովուրդին առջեւ բանալով միացեալ Հայաստանի մը երազանքը, թէկուզ մասնակիօրէն իրագործած ըլլալու իրողութեամբ, որուն մէջ ամբողջ հայութեան մէկտեղումը հայոց հայրենիքի ամբողջութեան մէջ, հայ քաղաքական միտքի կարգախօսէն անդին, պարտի սեւեռակէտը հանդիսանալ՝ նոր Հայաստանը կերտելու ուղիին վրայ։
Այսօր ժամանակը հասած է այլեւս, որպէսզի Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը խօսին համազգային օրակարգերուն մասին։ Յաճախ ըսուած ու գրուած եռակողմ միասնութիւնը պէտք է իր բաղադրիչ մասնիկներու իւրայատկութեան շեշտաւորումէն աւելի անդին երթայ եւ անիկա դառնայ իրարու շաղախուած, իրար սնուցող, իրարմէ ուժ ստացող՝ նախ մէկ եւ ամբողջական գաղափար, ապա հայ ազգի ապագայ ուղին բացող մէկ ու ամբողջական մարմնաւորում։
Եթէ այսօր հայրենի ղեկավարութեան շրթներէն կ՚արտասանուի «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» անժխտելի հաստատումը, նոյնքա՛ն ողջունելի է լսել եւ համազգային օրակարգին մէջ անոր համազօր տեղ ու նշանակութիւնը տալ՝ «Սփիւռքը Հայաստան է եւ վե՛րջ» հրաւէրին, ուղղուած սփիւռքացած ու հայրենի կարօտով ապրող հսկայ զանգուածներուն։
Եթէ հայ քաղաքական միտքը ամրօրէն կը հաւատայ, թէ «Սփիւռքը Հայաստան է եւ վե՛րջ», Սփիւռքը մաշեցնող իրականութեան դիմաց, ան պարտի այնքա՜ն խօսուած ու երազուած Հայրենադարձութիւնը սերմանել իւրաքանչիւր սփիւռքացած հայու սրտին ու հոգիին մէջ, որպէս մեր լինելութեան գրաւական ու վերջնական հանգրուան։
Հայրենադարձութիւն, ո՛չ միայն Հայաստանէն «անդարձ» մեկնածներու դէպի հայրենիք վերադարձը ապահովելու համար, այլեւ Սփիւռքի մէջ արմատ նետած ու ազգային ինքնութեան կորստեան մատնուող հայու ոգին մայր հայրենիքի մէկ ու անփոխարինելի տեսլականով կերպարանափոխելու համար։
Այսպէս, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամբողջացումը հրամայական առաջնահերթութիւն է, այլեւս։
Անոր մէջ, իր անվիճելի տեղը ունի հայ ժողովուրդէն բռնի խլուած պատմական հողերու ու անոնց վրայ արիւնով ու քրտինքով կերտուած ժառանգութեան վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին։
Միասնութեան ամբողջացումը կը պահանջէ համահայկական մտածողութեան վրայ փարում, համահայկական ուժերու լարումով։ Այն կը պահանջէ, որ մեր հայրենիքի անկախութեամբ ամբարուած ներուժը չի մսխուի, այլ անիկա վերանորոգէ մեր սրբազան ուխտը՝ ամբողջական Հայաստանը իր ժողովուրդի ամբողջութեամբ իրագործելու երազանքով։
Ամուր կերպով պիտի կառչինք մեր հայրենիքի անկախութեան գաղափարին։ Բոլոր ուժերով եւ միասնական ոգիով պիտի շարունակենք տէր կանգնիլ համազգային մեր ուխտին։
Միասնութեան արմատաւորումը կ՚երաշխաւորուի յանդուգն կեցուածքներով, իրապաշտ մօտեցումով եւ շրջահայեացութեամբ, բաժանարար գիծերու վերացումով, տեսլականներու ներշնչումով։
Այս է հայ քաղաքական միտքի միակ ու հայրենակերտ հրաւէրը՝ ուղղուած համայն հայութեան։
Պէտք չէ մսխուի անկախութեան ներուժը
Պէտք չէ մսխուի անկախութեան ներուժը