9 Նոյեմբեր 2020-ի տխրահռչակ համաձայնագիրի հետեւանքները բացայայտօրէն անելի մատնած են Հայաստանն ու Արցախը։ Ռուս խաղաղապահ ուժերու իսկ ներկայութեան, որոնք կը թուին անբաւարար ըլլալ, Ատրպէյճան կը փորձէ ահաբեկել Արցախի հայութիւնը, ոտնակոխ ըրած ըլլալով իր իսկ ձեռքով ստորագրուած համաձայնագիրը, մէկ կողմէն ձմռան սաստիկ պայմաններուն մէջ զրկելով Արցախի բնակչութիւնը կազի մատակարարումէն, միւս կողմէն Ասկերանի մէջ յառաջխաղացք կատարելով եւ փորձելով գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Փառուխ գիւղը եւ Քարագլուխ զինուորական բարձունքը։ Չորս օրերու լարուած կացութենէն եւ ռազմական գործողութիւններէն ետք, հակառակ խաղաղապահ ուժերու նախնական յայտարարութեան, թէ իրենց միջնորդութեամբ եւ բանակցութիւններուն շնորհիւ ատրպէյճանական զօրամիաւորումները ետ քաշուած են Փառուխէն, թշնամիին ուժերը կը շարունակեն գրաւած պահել Քարագլուխի բարձունքի մէկ հատուածը։
Եթէ ռուսական ուժերը չյաջողին ետ մղել ատրպէյճանական ստորաբաժանումները եւ վերջինները ամբողջութեամբ ամրակայուին Քարագլուխ բարձունքին վրայ, այն ժամանակ՝ Շուշիէն ետք, Ատրպէյճան ունեցած պիտի ըլլայ ռազմավարական երկրորդ յենակէտ մը, ուրկէ անմիջականօրէն պիտի հսկէ Արցախի դաշտավայրերուն եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին վրայ։
Վտանգը չէ վերացած։ Յայտնի կը դառնայ, թէ Ատրպէյճան դարձեալ պիտի դիմէ զէնքի ուժին, կտրելով շփման գիծը եւ գրաւելով ռազմական նշանակութիւն ունեցող դիրքեր։ Ըստ փորձագէտներուն, եթէ Ատրպէյճան յաջողի յառաջխաղացք ունենալ Արցախի հողին վրայ, իր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Լաչինի անցքը ու անոր հսկողութիւնը իր ձեռքը առնելու ամէն տեսակի փորձ, Հայաստանէն ընդմիշտ պոկելու համար Արցախը, համաձայն իր հայաջինջ քաղաքականութեան։
Ակնյայտ է Ատրպէյճանի սադրանքը, երբ նոյնիսկ վերջին յարձակումներուն դիմաց Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ մեղադրանքներուն պատասխանելով, Պաքուն լկտիաբար հայկական կողմին վրայ կը բարդէ իր իսկ յարձակողականութեան դրսեւորումները եւ հայկական բանակը կ՚որակէ «անօրինական զինուած ուժեր», Արցախէն անոնց դուրս բերելու պահանջը դնելով ռուսական կողմին առջեւ։
Յստակ է Ատրպէճանի քաղաքականութիւնը։ Արցախի հայաթափումը իր թիւ մէկ նպատակն է, որուն համար ամէն միջոց եւ սադրանք ի գործ դրած է, յաջողելու համար իր հակահայ ծրագիրներուն։
Անդին, ականատես կ՚ըլլանք թրքական խորամանկ քաղաքականութեան, որ կը գործադրուի հայ-թրքական երկխօսութեան շղարշին տակ, որուն որոգայթին մէջ մեծ փոթկուտութեամբ ինկած է հայրենի ղեկավարութիւնը, առանց հաշուի առնելու, թէ երբ Հայաստան մինակ մնացած է տարածաշրջանէն ներս, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան համատեղ կը կարգաւորեն իրենց տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը եւ հետագայ քայլերը, շնչահեղձ ընելու Հայաստանն ու Արցախը եւ ջլատելու համար խաղաղութեան վերականգնումին միտուած բոլոր ջանքերը։
Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի հանդիպումներու սիրալիր եւ ժպտադէմ խօսակցութիւններու լուսարձակներուն տակ, բանակցող կողմերուն կողմէ քաջալերական խօսքերը եւ մասնաւորաբար Հայաստանի դիւանագիտութեան ներկայացուցիչին կողմէ յուսալից արտայայտութիւնները առ ոչինչ եղան, պարզապէս որովհետեւ նպատակը մէկ է՝ երկու կողմէն ճնշել Հայաստանն ու Արցախը, թուլացնել անոր դիւանագիտական միջոցները եւ թրքական քաղաքականութեան հպատակեցնել հայ ժողովուրդի օրակարգը, ընդմիշտ վերացնելով Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը, ինչպէս նաեւ գետնին հաւասարեցնելով հայութեան իրաւական պահանջներն ու արդար սպասումները։
Կատարուածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած «Շուշիի հռչակագիր»-ի գործադրումը դիւանագիտական եւ ռազմական միջոցներով, որուն գլխաւոր նպատակն է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի պարտադրանքով Հայաստանին վրայ, մեր երկիրը եւ անոր բնակչութիւնը խեղթել նորօսմանական մամլակի ճնշող ուժին մէջ։
Վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, յստակ կը դառնայ, թէ հայ-թրքական խօսակցութիւններու փակ գործընթացը եւ անոնց կողքին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները կանխորոշող՝ Ատրպէյճանի կողմէ 5 կէտերու փաստաթուղթը լուրջ վերապահութիւններ եւ սպառնալիքներ կ՚ընդգրկեն իրենց մէջ։
Արցախի ու Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդի իրաւունքները անտեսելու կամ մերժելու միտուած որեւէ նկրտում՝ պարզապէս անընդունելի կը դառնայ: Արցախի հայութեան ձգտումներուն հակասող որեւէ զիջում, որեւէ յանձնառութիւն մերժելի է ըստ ամենայնի, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներու իրաւունքները ոտնակոխելու որեւէ փորձ կտրականապէս դատապարտելի է։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը ինքնին խօսուն է ամբողջ հայութեան ընդվզումին ու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման առաջքը առնելու համահայկական զօրաշարժի կարեւորութեան համար։ Միաժամանակ պէտք է զայն զօրաւոր կոչ մը համարել հայրենի իշխանաւորներուն՝ սթափելու եւ անյապաղ ստեղծելու միասնականութեան եւ համահայկական մասշտաբով գործելու այն մթնոլորտը, որ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է դիմակայելու համար թուրքեւատրպէյճանական սադրանքներու նորանոր յառաջխաղացքը՝ դիւանագիտական եւ ռազմական գետնի վրայ։
Համահայկական տարողութեամբ պէտք է դիմադրել այն բոլոր ոտնձգութիւնները, որոնք հայութեան վրայ կը պարտադրուին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բարի դրացնութեան եւ այսքան տանջուած խաղաղութեան մը գաղափարը դաշտ բերելով, կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու, սահմանազատումի, սահմանագծումի, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու, զանազան հարթակներու ստեղծման քաղաքական հաշիւներու եւ ռազմական արիւնալի գործողութիւններու պարտադրանքին տակ։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը ու հայութիւնը շնչահեղձ ընելու իրենց կրկնուող քաղաքականութիւնը պէտք չէ անպատասխան մնան։
Հայութիւնը պարտաւոր է համախոհութեամբ եւ ազգային արժանապատուութեամբ առերեսուելու իր ապագային հետ։ Պահպանելու համար մեր ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու արդար իրաւունքները, Արցախի գոյութիւնը եւ հայութեան ապրելու երաշխիքը:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Պէտք չէ հանդուրժել շնչահեղձ դառնալ թուրք-ատրպէյճանական մամլակին մէջ