Մօտէն հետեւելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանցիներու կատարած ոտնձգութիւններու ծաւալումը Սիւնիքի մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակում մը կատարեց, որով կը յայտնէ, թէ պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Նախարարարութիւնը, ակնարկելով նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու հատումին ու ներթափանցումին, կը նշէ, թէ պէտք է կանգ առնեն միակողմի արարքները, որոնք կը խափանեն շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը։
Ստորեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառումը։
«Մասնաւորապէս մտահոգիչ է լարուածութիւնը, որ ստեղծուած է Հայաստանի սահմաններու երկայնքին ։ Պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Անհրաժեշտ է խուսափիլ որեւէ միակողմի արարքներէ, որոնք կրնան խափանել շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը։