Պզտիկ ծիածանին պատմութիւնը ­ւան­դու­թիւն)

­Սօս ­Վա­նի

Որ­քա՜ն գե­ղե­ցիկ է ­Վա­րագ լե­րան մա­նու­շա­կը…:
­Բայց ան­կէ ա՛լ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ ու քնքուշ էր ­Խա­զա­լը, գիւ­ղա­ցի հայ աղ­ջիկ մը, ան՝ որ մեզ­մէ շա՜տ դա­րեր ա­ռաջ ապ­րած է ե­ղեր:
­Խա­զա­լի մարմ­նին վա­յել­չու­թիւ­նը, ա­նոր աչ­քե­րուն խեն­թեց­նող կրա­կը, հպարտ ու հա­մա­չափ քա­լո­ւած­քին ա­նօ­րի­նակ ա­րո­ւես­տը՝ զին­քը ան­թե­րի յա­ւեր­ժա­հարս մը ը­րեր էին:
­Խա­զա­լի շրթնե­րը նռնա­հա­տիկ­նե­րու նման կար­միր էին, երբ կը խնդար՝ կար­ծես թէ ­Ձիաթռ­նու­կի ա­րե­ւա­ծագն էր որ կը բա­ցո­ւէր, ու շուրջդ բերկ­րու­թի՜ւն, ա­րե՜ւ կը հո­տէր, ու եր­կի­րը կը կա­խար­դա­նա՜ր, կ­‘ա­ղո­ւոր­նա՜ր յան­կարծ…:
Ա­նոր ա­տամ­նա­շա­րին ճեր­մա­կու­թիւ­նը քեր­թո­ւա­ծի մը կա­տա­րեալ յղա­ցու­մին պէս հա­ճե­լի էր, ու պա­հը քաղց­րաց­նող, տա­ճար էր ա­նոր բե­րա­նը, Աղ­թա­մա­րի չափ սրբե­նի եւ ա­նոր նման խորհր­դա­ւո­րու­թեամբ ծան­րա­ցած:
­Գիւ­ղի ծե­րե­րը, որ ապ­րած էին ­Խա­զա­լի ա­տեն, ապ­շու­թեամբ, զար­մա­նա­հա՜ր, բայց աշ­խու­ժով պատ­մեր էին ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն թէ՝ ­Խա­զա­լի ծնած գի­շե­րը, աստ­ղե­րը ա­ւե­լի շատ փայ­լե­ցան ու եր­կին­քը ծե­փե­ցին ար­ծա­թէ փո­շիով, թռչուն­նե­րը չքնա­ցան, ո­մանք ծա­ռե­րէն, ո­մանք քի­ւե­րու տա­կե­րէն, ո­մանք ալ թփուտք­նե­րէն՝ պայ­թե­ցու­ցին ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տին, ­Ձայ­նին ու ­Հա­գա­գին բո­լոր հարս­տու­թիւն­նե­րը, դար­ձան ձայ­նա­կան ան­զուսպ գետ եւ յոյ­զե­րու գի­սախ­ռիւ փո­թո­րիկ: ­Հօ­րե­նա­կան տան բա­կին մէջ գտնո­ւած նռնե­նին, որ մին­չեւ այդ օ­րը ծա­ղիկ չէր բա­ցած, մնա­ցած էր ա­մուլ, յան­կարծ ծաղ­կե­ցա՜ւ, բերկ­րա­ցա՜ւ, ու իր կար­միր բա­ժակ­նե­րու գի­նին մատ­ռո­ւա­կեց ա­մէ­նուն, ա­պա՝ իր անդ­րա­նիկ մայ­րու­թեան շքե­ղանքն ու հպար­տու­թիւ­նը փռեց բա­կին մէջ ու սե­մին վրայ:
Այդ գի­շե­րը, գիւ­ղը հրաշ­քի մը խոր­հուր­դը ու­նե­ցեր է:


­Մեծ­ցաւ ­Խա­զալ, ան­հոգ՝ թի­թեռ­նիկ­նե­րու պէս, ու­րախ՝ Ար­տօ­սի թփուտ­քին մէջ իր բոյ­նը հիւ­սող սո­խա­կին նման:
­Հա­սակ նե­տեց, կա­նաչ­ցա՜ւ Անգ­ղայ գե­տի մէջ ծլած «իս­պա­հան» ու­ռե­նի­նե­րու հան­գոյն, տե­րե­ւա­խիտ ու գրա­ւիչ կա­նա­չով՝ ո­րոնց սլսլոցն ու սվսվո­ցը կը յա­գեց­նեն ջու­րե­րուն ե­սը եւ ա­նոնց հո­սու­մին գո­ռոզ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը…:
­Մար­մի­նը հա­սուն­ցաւ ու քաղց­րա­ցաւ ­Մո­կաց Աշ­խար­հի մա­լա­չեկ տան­ձին նման, ո­րուն մէկ հա­տը քա­ղաք մը կ­’ար­ժէ, եր­կու հա­տով՝ եր­կինք մը կը գնուի, իր աստ­ղե­րովն ու լու­սի­նո­վը, իր ար­շա­լոյ­սովն ու ա­րե­ւո­վը: Այս տան­ձին մի­սը ճեր­մակ մեղ­րէն ա­ւե­լի քաղցր է, հո­տը՝ քիմ­քը լիաց­նող, երբ ան­կէ կտոր մը ու­տես, կար­ծես թէ բե­րանդ հո­տա­ւէտ վար­դաս­տան մը կ­‘ըլ­լայ, կը հո­տի՜ս, կը հո­տի՜ս շա­րու­նակ:
Ա­նոր ստինք­նե­րը կլոր­ցան ու տաք­ցան՝ ար­քա­յա­կան ժա­մուն ոս­կե­ղէն ջա­հին պէս: Ե­ղաւ աղ­ջիկ մը, մարմ­նա­կան ձե­ւե­րուն կա­տա­րե­լու­թեամբ, բայց՝ կա­մա­կոր, խեռ թի­թեռ­նի­կի մը քմայ­քով:


Օր մը, ­Խա­զա­լը մօ­րը հետ ի­րենց պար­տէ­զը ի­ջաւ:
­Գա­րուն էր: ­Խո­տե­րու, ծա­ռե­րու մէջ ու շուրջ՝ կը խա­ղար ու կը թռու­ռար ե­ղա­նա­կին պեր­ճու­թիւ­նը:
­Հո­ղին վրայ պառ­կած, ու ե­րան­գապ­նա­կը ձեռ­քին մէջ՝ ա­րե­ւը իբր մե­ծա­գոյն ա­րո­ւես­տա­գէտ ներ­կի ու գոյ­նի՝ թոյր ու ե­րանգ կը սփռէր: ­Թի­թեռ­նիկ­նե­րը, մե­զի անլ­սե­լի մնջերգ մը կը սու­լէին, ու մե­ղու­նե­րը կը խօ­սէին ծա­ղիկ­նե­րու հետ…:
­Գիւ­ղէն դէ­պի պար­տէ­զը եր­կա­րող ճամ­բուն վրայ մրջիւն­նե­րը հարս­նիք լա­րած էին, ու գի­նիի փո­խա­րէն՝ ա­րեւ կը խմէին:
­Կէ­սօ­րո­ւան դէմ՝ նախ ամ­պիկ մը ե­րեւ­ցաւ, որ ձիու կեր­պա­րանք ու­նէր, ար­շա­ւեց, քա­լեց ու սա­հե­ցաւ, բայց յան­կարծ կե­ցաւ բլու­րի գլխուն վրայ. յե­տոյ՝ ու­րիշ մը, ա՛ս ալ ­Նա­րե­նենց պա­ռա­ւին կը նմա­նէր, ա­նոր չսանտ­րո­ւած մա­զե­րով, թնտրկած այ­տե­րով, առ­տո­ւը­նէ մին­չեւ ի­րի­կուն կանգ չառ­նող, միշտ շար­ժող բեր­նով ու կզա­կով, ա­սի­կա՝ կանգ ա­ռաւ ­Հա­նէ­սենց ջաղ­ցին դի­մաց. ա­պա՝ նո­րէ՜ն ամ­պեր, ա­ջէն ու ձա­խէն, վա­րէն ու վե­րէն. ի­րա­րու մօ­տե­ցան, խառ­նո­ւե­ցան, գիրկ՝ գրկի, կռնակ՝ կռնա­կի, հիւ­սո­ւե­ցան մէջ մէ­ջի: Խ­ռովք ու ա­լե­կո­ծում…, ա­ճա­պա­րանք ու տե­ղա­շարժ…:
Ար­դեօք երկն­քի մէջ հարս­նի՞ք կար, հարս­նա­տէ­րը հար­սի ու փե­սա­յի գլուխ­նե­րուն վրայ մա­զե­րով, չա­միչ ու լէպ­լէ­պի, դրամ ու շա­քա՞ր կը ցա­նէր…, ա­տոր հա­մար ալ հարս­նե­ւոր ամ­պե­րը զի­րար կը հրմշտկէին որ ի­րար­մէ ա­ւե­լի՞ բան ժող­վեն գետ­նէն… հա­պա ի՞նչ կար երկն­քի մէջ, ին­չո՞ւ այս­քան ի­րա­րան­ցում ու խռովք ու­նէին ամ­պե­րը…:
Ամ­պե­րը խտա­ցան ու սեւ­ցան:
Անձ­րե՜ւ, անձ­րե՜ւ: ­Մազ­մազ անձ­րեւ կը տե­ղայ, հան­դա՜րտ ու բա­րու­թեան մը ազ­նո­ւա­կա­նու­թեամ­բը: ­Մար­գար­տի հա­տիկ­նե­րու նման կը կա­խո­ւին տե­րեւ­նե­րէն ու ճղիկ­նե­րէն, կը զար­նո­ւին ծա­ռե­րու բու­նե­րուն, կը մտնեն բա­ժակ­նե­րու մէջ, կը լո­ւան աղ­բիւ­րին քա­րե­ղէն այ­տե­րը, կը փսփսան ցան­կա­պա­տե­րուն ա­կան­ջին ու ի­րենց ջրա­յին եր­գին յու­զա­կա­նու­թիւ­նը կը թա­փեն պար­տէ­զին մէջ:
Ի՛նչ քաղցր է հա­ճոյ­քը բնու­թեան վա­յել­քին, ա­մէն ա­տեն ու ա­մէն տեղ:
­Ձիւնն ու անձ­րե­ւը, փո­թո­րիկ­ներն ան­գամ, ի­րենց մէջ խոր­հուրդ մը եւ ի­մաստ մը ու­նին, ան­սահ­ման բե­մի մը վրայ խաղ­ցո­ւած թա­տե­րա­կան եր­կի մը տե­սա­րան­ներ են ա­նոնք, հա­րուստ եւ բազ­մա­գո՜յն:
Ի՜նչ լաւ է ա­պա­հով տեղ մը կծկտիլ եւ տես­նել զայ­րոյ­թը շան­թին՝ որ կը ճեղ­քէ ժայ­ռա­կոյ­տը, կամ՝ հով մը որ ­Լէնկ­թի­մու­րեան կա­տա­ղու­թեամբ մտեր է ան­տա­ռը եւ ոս­տա­քանց կ­‘ը­նէ դա­րա­ւոր կաղ­նի­նե­րը, մահ ու ա­ւեր կը սփռէ ա­մէն դի. հա­ճե­լի չէ՞ տես­նել ծո­վու ցա­սու­մին են­թա­կայ նա­ւը…, ու հե­ղե­ղը՝ որ կը քշէ, կը տա­նի գիւղն ու ցան­քե­րը…:
­Խա­ղաղ էր անձ­րե­ւին էջ­քը, օրհ­նու­թեան մը նման բա­րի ա­նոր մրմուն­ջը:
­Խա­զա­լը որ­քա՜ն կը սի­րէր որ՝ ա­ւե­լի անձ­րեւ տե­ղար, եր­կին­քը պատ­ռէր ու երկ­նա­յին ջու­րե­րը վար թա­փէին ­Հաշ­կա­նից ջրվէ­ժին ա­րա­գու­թեամբն ու ու­ժո­վը, սրբէի՜ն, տա­նէին ա­մէն ինչ, ու ին­քը՝ պար­տէ­զի մէջ շի­նո­ւած տու­նի պա­տու­հա­նէն դի­տէր աշ­խար­հի ա­ւե­րը…:
­Բայց՝ չկա­տա­րո­ւե­ցաւ աղջ­կան փա­փա­քը: Ե­թէ Աս­տո­ւա­ծը ագ­ռաւ­նե­րու կըռ-կը­ռը մտիկ ը­րած ըլ­լար, ա­մէն օր եւ բո­լոր ե­ղա­նակ­նե­րուն մէջ, փա­լա՜ն, փա­լա՜ն ձիւն պի­տի տե­ղաց­նէր…:
­Քիչ ետ­քը, ի­րար­մէ փախ տո­ւին ամ­պե­րը, նօս­րա­ցան ու ճեղքռ­տե­ցան, տե­ղա­ցող անձ­րեւ­նե­րուն կա­թիլ­նե­րը մանր­ցան, ա­լիւ­րի հա­տիկ­նե­րու նման ե­ղան, ա­րե­ւը ծա­գե­ցա՜ւ, դուրս ե­լաւ ամ­պե­րու տա­կէն, իր շո­ղե­րը մտան ամ­պե­րու մէջ, տե­ղա­ցող անձ­րե­ւին ման­րիկ կա­թիլ­նե­րու մէջ, խուրձ-խուրձ վար կա­խո­ւե­ցան եր­կին­քէն…:
Ի՞նչ կայ դի­մա­ցի բլու­րին վրայ: Ին­չո՞ւ եր­կիրն ու եր­կին­քը ժպտե­ցան ու կա­խար­դա­կան գօ­տիի մը նման ա­ղեղ­նակ մը գծո­ւե­ցաւ…: ­Խա­զա­լը նոր կը տես­նէր ծիա­ծա­նը, հիա­ցաւ ա­նոր գե­ղեց­կու­թեան վրայ, ի՛նչ թարմ էին ա­նոր գոյ­նե­րը, եւ ի՛նչ հա­մա­չափ՝ ա­նոր մարմ­նա­կան կա­ռոյց­քը:
Աղ­ջի­կը հիա­ցաւ ծիա­ծա­նին վրայ…:
­Փա­փա­քե­ցաւ ծիա­ծան մը ըլ­լալ:­Մա՛յր, կը փա­փա­քիմ ա­ղեղ­նակ ըլ­լալ, գալ ու կե­նալ մեր գիւ­ղին դի­մա­ցը, իմ թարմ գոյ­նե­րու գե­ղեց­կու­թեամ­բը զար­դա­րել դաշտն ու ար­տե­րը:

­Խա­զա՛լ, ան­լե­զու ա­ղեղ­նակ մի՛ ըլ­լար, ինձ­մէ մի՛ հե­ռա­նար, քեզ­մէ զատ ո՞վ ու­նիմ, ո՜վ իմ սրտիս ծա­ղիկ եւ կեան­քիս լոյս, ե­թէ զիս լքես, իմ մայ­րա­կան գիր­կէն փա­խուստ տաս, գիտ­ցի՛ր որ այ­լեւս մայրդ պի­տի չտես­նես, սրտիս ցա­ւէն ժայռ մը պի­տի ըլ­լամ ու պի­տի ցցո­ւիմ մեր պար­տէ­զի մէջ­տե­ղը, ու քե­զի՜, աղ­ջի՜կս, քի­զի՜ պի­տի սպա­սեմ…:

­Չէ՛, մա՛յր, փա­փաքս փա­փա՜ք է, ես պի­տի եր­թամ, գե­ղի­ցիկ է ա­ղեղ­նա­կը եւ հմա­յիչ են ա­նոր գոյ­նե­րը… ես կ­‘ու­զեմ ծիա­ծան ըլ­լալ:
Աղ­ջի­կը կա­խար­դո­ւած էր:


­Խա­զա­լը գնաց, մէյ ման ալ ետ չե­կաւ:
Գ­նա՜ց, փոք­րիկ ծիա­ծան մը ե­ղաւ, վառ գոյ­նե­րով ծիա­ծան մը:
Իսկ մայ­րը լա­ցաւ ու ող­բաց, գլխուն մա­զե­րը փետ­տեց ու կուրծ­քը ծե­ծեց, մին­չեւ որ եր­կին­քը գթաց, զին­քը ժայ­ռի մը փո­խա­կեր­պեց, դրաւ պար­տէ­զի կեդ­րո­նը, իբր յի­շա­տակ ու վա­ւե­րա­կան փաստ մը՝ մօր մը որ­դե­սէր սրտին:
Ան­կէ ետ­քը, ա­մէն ա­տեն, գար­նան եւ ամ­րան, երբ մաղ­մաղ անձ­րեւ կ­‘իջ­նայ, եւ ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րը կը մտնեն ու կը հա­լին ա­նոր մէջ, կու գայ ծիա­ծա­նա­ցած ­Խա­զա­լը, իր թե­ւե­րէն մէ­կը կը հանգ­չեց­նէ ժա­մուն զան­գա­կա­տան վրայ, իսկ միւ­սը՝ ժայ­ռա­կոյտ դար­ձած մօ­րը գլխուն, կը խնդա՜յ, կը բերկ­րի՜, կ­‘օրհ­նէ՜ գիւ­ղը…:
­Կը սի­րո­ւը­տի ­Մայր-­Ժայ­ռին հետ, կը համ­բու­րէ ա­նոր քա­րե­ղէն սիր­տը, որ իր աղջ­կան հա­մար տա­կա­ւին կը բա­բա­խէ…, ա­պա գոհ՝ կը վե­րա­դառ­նայ երկ­նա­յին հանգս­տա­վայ­րը…:
Այն օ­րէն ի վեր՝ կան եր­կու ծիա­ծան­ներ, մէ­կը՝ մե՛ծ, աշ­խար­հին հա­մար, իսկ միւ­սը՝ փոքր, գիւ­ղին մօ­տիկ, եւ մի­միայն գիւ­ղին հա­մար…:
­Գիւ­ղա­ցի­նե­րը կը հա­ւա­տան թէ, երբ աղ­ջիկ մը ­Խա­զալ-ծիա­ծա­նին տա­կէն անց­նի՝ մանչ կ­‘ըլ­լայ ե­թէ մանչ մը անց­նի՝ աղ­ջի­կի կը փո­խո­ւի…:
Ա­սոր հա­մար է որ մեր գիւ­ղե­րու մա­նուկ­նե­րը երբ փոք­րիկ ծիա­ծա­նը տես­նեն՝ ա­նոր կա­մա­րին տա­կէն անց­նե­լու խենդ փա­փաք մը կ­‘ու­նե­նան…:
­Կը վա­զե՜ն, ու կը վա­զե՜ն…:
­Բայց չեն կրնար հաս­նիլ ա­նոր:
Ո­րով­հե­տեւ ծիա­ծա­նը գի­տէ գաղտ­նի­քը ա­նոնց սիր­տե­րուն եւ փա­խուստ կու տայ ա­նոնց­մէ…: