Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան Օգոստոս 21ին հեռացաւ կեանքէն,- կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»։ Պերճ Զէյթունցեան ծնած է 1938ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս): Ան Հ.Խ.Ս.Հ. մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ (1989) էր: Զէյթունցեան 1948ի հայրենադարձողներէն էր: Ան աւարտած է Երեւանի Ղազարոս Աղայեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1963ին՝ Փիդիկորսքի օտար լեզուներու ուսումնարանը: 1963-1964 թուականներուն հետեւած է Մոսկուայի բարձրագոյն բեմագրութեան դասընթացներուն: 1965-1968 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ» արուեստանոցի խմբագիր, ապա՝ 1965-1975, հեռուստաժապաւէններու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիր։ Աւելի ուշ՝ 1975-1986, ան վարած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղարի պաշտօնը: Եղած է Հայաստանի մշակոյթի առաջին նախարարը՝ 1991-1992: Պերճ Զէյթունցեանի առաջին գիրքը տպագրուած է 1956ին:
Հեղինակ է 12 թատերախաղերու, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ: Գիրքերը թարգմանուած են 11 լեզուներու, ներառեալ՝ ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի:
Զէյթունցեան պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր եղած էր, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հռոմի արուեստներու եւ հասարակական գիտութիւններու «Տիբերինա» ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ: 2007ին, Պերճ Զէյթունցեանին յանձնուած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» բարձր շքանշանը: Ատկէ քանի մը տարի առաջ ան արժանացած էր նաեւ «Հայ արուեստի ասպետ», ինչպէս նաեւ «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներուն:
2013ին, Հայաստանի վարչապետին որոշումով, Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած է Հայաստանի վարչապետի յուշաշքանշանով: 2016ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25ամեակին առիթով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար, Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով:
Պերճ Զէյթունցեան հրաժեշտ տուաւ կեանքին
Պերճ Զէյթունցեան հրաժեշտ տուաւ կեանքին