Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտուն, ցուրտ հողին յանձնուեցաւ մարմինը դաշնակցական հաւատաւոր ընկերոջ մը՝ Պերճ Գույումճեանի։ Հայութեան ու յունահայ գաղութին հանդէպ անդիմադրելի հաւատարմութիւն ցուցաբերած սերունդի մը վերջին ներկայացուցիչներէն եղաւ ընկ. Պերճ, որու կեանքէն ներս նաե՛ւ մեր օրաթերթը՝ «Ազատ Օր»-ը, մասնաւոր դեր եւ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Մոլի ընթերցողն էր թերթին. անհամբեր կը սպասէր ցրուիչի ժամանումին, նոյնիսկ երբ քամուած մնաց իր տառապանքի մենութեան մէջ։ Յաճախակի հեռաձայններով խմբագրատուն՝ պատուէր մը, նուիրատուութիւն մը տալու, խնդրանք մը արտայայտելու միտքով, հեռուէն եկող ձայնը «ձեր կողքին եմ» ըսելու գօտեպնդող սփոփանք մը եղաւ թերթի հեւքոտ առօրեային մէջ։ Իր մահով սոսկ ընթերցող մը չէ որ կը պակսի մեր ցուցակներէն, այլ թերթի սիրտի զարկերուն հետեւող անձ մը, թանկագին բարեկամ մը։
Ընտանեկան պարագաներէն զատ, մեծ թիւով հայրենակիցներ, գաղափարի ընկերներ եւ յոյն բարեկամներ փութացած էին Ֆիքսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցին, յարգանքի վերջին տուրքը տալու մեր ընկերոջ անշնչացած մարմինին առջեւ։
Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքին մէջ մէկ առ մէկ թուեց Պերճ Գույումճեանի ծառայութեան արժանիքները՝ կուսակցական, միութենական եւ եկեղեցաշինութեան բնագաւառներէն ներս, ուր իր շեշտուած անհատականութեան եւ նկարագիրի հետքը թողեց։
Յաջորդաբար, դամբանականներով հանգուցեալին մասին արտայայտուեցան ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։ Ապա յունարէնով՝ ընտանիքին կողմէ սրտի խօսք արտասանեց իր որդին՝ Սերգօ Գույումճեան։ Երկու ընկերներու դամբանական խօսքերը կու տանք սոյն թիւով։
Ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի դամբանական խօսքը
Սիրելի սգակիրներ,
Մեր գաղութի եւ յատկապէս Ֆիքսի հայ գաղութի հասարակաց յիշողութեան մէջ, մարդիկ կան, որոնց կեանքի պատմութիւնները անպայմանօրէն կապակցուած են գաղութի կեանքին հետ։ Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի սեւ ու ճնշուած օրերէն ետք, երբ գերագոյն ճիգ մը կը կատարուէր երկիրը վերակազմակերպելու, հայութիւնը իր սահմանափակ միջոցներով բայց զօրաւոր կամքով՝ անձնական կեանք եւ ազգային կառոյցներ կը կազմակերպէր։ Ընկեր Պերճը այդ անձերէն է, որ իր անձնական ճանապարհի բոլոր եզրերը միահիւսեց գաղութային գործօններուն մասնակցելով եւ աշխատանքները կազմակերպելով ու աշխուժացնելով։ Լման սերունդ մը կար այդ օրերուն, որոնց կեանքի պահերը վէպ եւ կենդանի վկայութիւններ կը դառնան, մեզմէ առաջ գրուած պատմութեան տողերուն համար։
Ընկեր Պերճը ճիշդ այդ ճանապարհէն քալեց իր կեանքին ընթացքին։ Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկական վոհմակին մասնակցելով, ապա Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան անդամակցելով, իսկ հետագային Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան շարքերէն ներս, իրեն նման խանդավառ, կայտառ ու Դաշնակցական հաւատաւոր երիտասարդ¬երիտասարդուհիներու հետ, եղան այդ ամուր գաղափարակից սերունդը, որ օրինակելի տիպարներ պիտի կազմէին մեզ բոլորիս համար։ Աւանդապահ հայ ընտանիքի անդամ ըլլալով, իր կողակցին՝ տիկին Անահիտին հետ միասնաբար, օրինակելի ներկայութիւններ դարձան մեր ազգային¬գաղութային կեանքէն ներս։ Ընկեր Պերճը հպարտութեամբ կը վկայէր՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան իր տուած երդման յուշը, որ կատարած էր Բեգլար Նաւասարդեանի կնքահայրութեամբ, ապա յատկապէս Դաշնակցականի իր երդումը՝ Գաբրիէլ Լազեանի կնքահայրութեամբ։ Լման սերունդ մը, որ բախտը ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան տիտաններու շունչով հաղորդուելու, նկարագիր ջամբելու, ծառայութեան ոգիով ամրապնդուելու եւ գաղափարի ճամբով ուղղուելու։
Ծառայելով Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի Կոմիտէի կազմէն ներս, կուսակցական իր փորձառութիւնը ստացաւ մեր շրջանի աւագ ընկերներուն մօտ, մօտէն հետեւելով ակումբի կեանքին ու աշխատանքներուն, միաժամանակ ծառայելով որպէս Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամ։ Ան մաս կազմեց նաեւ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբին եւ այլ գործակիցներու հետ միասին՝ յաջողեցաւ իրականացած տեսնել Ս. Յովհաննու Կարապետ նոր եկեղեցւոյ շինութիւնը։
Ընտրուելով նաեւ Ֆիքսի շրջանէն Յունահայոց Թեմական Ժողովի պատգամաւոր, երեք յաջորդական ընտրութիւններու ընթացքին, աշխուժ ներկայութիւն դարձաւ կրօնական-ազգային մեր կառոյցներուն մօտ, իր նիւթական ու բարոյական նպաստը բերելով, ամէն անգամ որ կը խնդրուէր իրմէ։
Վերջին տարիներուն դիմագրաւած առողջական հարցերուն պատճառով, ան զրկուեցաւ ազգային կեանքին մէջ ներկայութիւն ըլլալէ։ Այսուհանդերձ, Ազատ Օրի ճամբով, ընկերներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ եւ իր ընտանիքի անդամներուն հետ զրոյցներով, ան տեւաբար կը հետեւէր գաղութի կեանքին, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ իրադարձութիւններուն, մտահոգուելով, սրտնեղելով, տառապելով։ Իսկ երբ առիթը ներկայանար եւ իր զաւակներու ուղեկցութեամբ ակումբ գար, ձեռնարկի մը կամ ժողովի մը մասնակցելու համար, մեծ էր իր հրճուանքը եւ իր գոհունակութիւնը որ ծանօթ վայրերուն մէջ եւ ծանօթ դէմքերով շրջապատուած՝ ինք անգամ մը եւս մասնակից կը դառնար եղելութեանց։
Զինք ճանչցած բոլոր մեր ընկերները կրնան վկայել իր կամքի ուժին մասին, որ երբեք չի հաշտուեցաւ հիւանդութեան հետեւանքներուն, այլ նոյն ատեն տագնապեցաւ զանոնք յաղթահարելու համար։ Կեանքը մարտահրաւէր մըն էր իրեն համար, շարունակական պայքար մը։ Եւ ահա՛ ան կը միանայ վերջերս մեզմէ մշտապէս բաժնուած մեր ընկերներու փաղանգին։ Ընկերներ, որոնք ազգային խոր գիտակցութեան տէր եղան եւ ամբողջ կեանք մը ծառայեցին հայրենիքին եւ ժողովուրդին։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքի անդամներուն, զաւակներուն եւ թոռնիկներուն, որոնք իրենց տան մէջ կանուխէն սորվեցան ծառայութեան ոգիի արժէքը եւ օրինակելի նուիրումով կը շարունակեն այդ ճամբէն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան Կոմիտէութեան եւ գաղափարի բոլոր ընկերներուն կողմէ, խորին ցաւակցութիւններ բոլորին։
Յիշատակը անթառամ կը մնայ մեր մօտ։
Ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեանի դամբանական խօսքը
Սգակից հայրենակիցներ, ընկերներ,
Քիչ ետք հողին պիտի յանձնուի յոգնատանջ մարմինը սիրեցեալն Պերճ Գոյումճեանի, որ գաղութիս եւ յատկապէս մեր շրջանի վերջին մոհիկաններէն էր: Անոնցմէ էր, որոնք իրենց ողջ-առողջ կեանքի ընթացքին աշխատեցան, պայքարեցան ազգի պահպանութեան համար, մշտատեւ մտահոգուեցան եւ իրենց կարելին չխնայեցին գաղութի գործօնները պահելու եւ անոնց գործունէութիւնը անխափան դարձնելու ջանքին մէջ՝ դպրոց կամ եկեղեցի, ակումբ թէ մամուլ, սկաուտական, մարզական թէ մշակութային աշխուժութիւններ կամ կուսակցութիւն: Փոխանակ աւելորդ-պակաս բարոյախօսելու կամ յորդորներու, համեստ գործերու տրամադրուածութեան ու կամաւոր ծառայութեան իրենց անձնական օրինակը տուին նորերուն:
Հանգուցեալ Պերճին եւ սերնդակիցներուն կեանքը մշտական կռիւ մը եղաւ: Պատանեկան տարիքին՝ չքաւորութեան եւ պատերազմի արհաւիրքին մէջ կռիւ մը փողոցի հրապոյրին դէմ, որպէսզի անոր ճանկին մէջ չիյնան, երիտասարդութեան՝ գործի մէջ յաջողելու, սեփական վաստակով ու արդար քրտինքով տուն-տեղ դառնալու, ընտանիք կազմելու, ընտանիքը հայախօսութեամբ ու աւանդապահ բարքերով ապրեցնելու կռիւ մը: Զուգահեռաբար ու միաժամանակ, հանգուցեալ Պերճն ու իր սերունդը այդ կռիւը նոյն եռանդով տարածեցին նաե՛ւ ազգային ճակատ եւ պայքարի մէջ մտնելով բազմաբնոյթ պարտականութիւններ յանձն առին, եւ իբրեւ «անկեղծ զինուոր» գաղութային գործօններու ճամբով անշահախնդիր ծառայեցին հայ կեանքին: Դժուար կռիւ մըն էր անոնցինը, կամաւոր ու անսակարկ, այլեւ չերեւցող աշխատանք: Պարզ գործերն անգամ կատարեցին վեհութեամբ եւ մանաւանդ՝ հաւատքով:
Իսկ վերջին տասը տարիներուն, հանգուցեալը իր կեանքի ամէնէն ահաւոր ու դաժան կռիւը մղեց ճակատագրին դէմ, զինք անկողնին ծառայ դարձնող հիւանդութեան դէմ: Երբեք չհանդուրժեց, չհամակերպեցաւ հաշմանդամի յուսահատ կացութեան: Անյուսահատ կռուեցաւ հիւանդութեան դէմ եւ այդ կռիւն էր, որ տասը տարի ապրեցուց զինք, մինչեւ որ ուժերը մաշեցան, հիւծեցաւ եւ անկարող դարձաւ դիմադրելու հողի կանչին:
Պիտի չմոռնամ երբեք: 70-ական թուականներուն էր, իբրեւ վարժարանի տնօրէն, աշակերտահաւաքի համար վարժարանը սեփական ինքնաշարժով մը օժտելու մտածումով կարգ մը ազգայիններէ դրամական փոխառումի միջոցին դիմեցի: Առաջին դիմումս Պերճին եղաւ, որ առանց այլեւայլի սիրով ընդառաջեց եւ այդ օրերուն համար նշանակալի գումար մը փոխանցեց, ինչ որ թթխմոր ու քաջալերանք հանդիսացաւ, որ հետագայ տարիներուն յաւելեալ ինքնաշարժեր ունենանք եւ կանոնաւորենք աշակերտներու փոխադրութեան գործը:
Հանգուցեալը մէկն էր նաեւ Դաշնակցութեան «անկեղծ զինուոր»ներէն: Թէեւ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք այնքա՜ն հաւատարմութեամբ կառչած ըլլան իրենց պատկանած կուսակցութեան ու այդ ճամբով նաեւ հայրենիքի գաղափարին, բայց տարբեր էր Պերճին կառչածութիւնը: «Աչքը գոց» դաշնակցական էր, որուն համար իր կուսակցութիւնը չէր սխալեր երբեք: Ինչ ալ ըլլար կուսակցութեան ուղեգիծը կամ որոշումը, կ՚ենթարկուէր ան առանց այլեւայլի, առանց մաղելու, առանց սեփական դատումին ենթարկելու: Այնպիսիներէն էր, որոնք մեծ գաղափարներով նոյնիսկ հետաքրքրուած չեն, բայց ունին տոկուն հաւատք եւ այդ հաւատքը տոկուն կը պահէ կուսակցութիւնը: Տեսակ մը նոր ժամանակներու «պալապեխ Կարապետ»ներ…:
Կուսակցական ժողովի մը մէջ էր, չեմ յիշեր քննուող օրակարգը, բայց կը յիշեմ Պերճին պոռթկումը. « Գիտցէ՛ք ընկերներ, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին թէ՛ տէրն է եւ թէ՛ ծառան. տէ՛ր պիտի ըլլանք մեր ազգին եւ պիտի ծառայենք անոր, ա՛յս է մեր գիտցածը, ա՛յս է մեր սորվածը…»: Շարունակած խօսքերէն կը հասկցուէր, որ ըսել ուզածը այն էր, թէ իսկական տիրութիւնը իմաստ ու արժէք կը ստանայ ծառայութեամբ եւ փոխադարձաբար՝ ծառայութեան մէջ կը գտնուի իսկական տիրութեան զգացումը:
Տէր ու ծառայ ըլլալու նկարագիրը հարազատ բնութագիծն էր հանգուցեալ Պերճին, ինչպէս հաւաքական, նոյնպէս իր անձնական կեանքին մէջ: Տէրն էր իր սեփական գործին, բայց միաժամանակ անոր ծառան՝ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ իրիկուն: Այդ ծառայութիւնը իր մէջ մշակած էր անօրինակ աշխատասիրութիւն մը, որ կը տարածուէր նաեւ արձակուրդի օրերուն վրայ՝ իբրեւ ժամանց:
Տէ՛րն էր իր ընտանիքին, միաժամանակ անոր ծառան՝ բառին ազնուագոյն իմաստով:
Օրը գիշեր ու գիշերը ցերէկ կը դարձնէր, որ իր երեք զաւակներէն ոչինչ պակսէր, որ տուն-ընտանիք կազմեն անոնք, ազնուասիրտ տիկին Անահիտը ոչ մէկ բանի կարօտ չմնար:
Իսկ վերջին իննը-տասը տարիներուն, հանգուցեալը իր կեանքի ամէնէն ահաւոր ու դաժան կռիւը մղեց ճակատագրին դէմ: Ուղեղային ահաւոր խռնում մը զինք հաշմանդամ դարձուց, քալելու անկարող, անկողնի ծառայ, որմէ կը խորշէր ան: Երբեք չհանդուրժեց, չհամակերպեցաւ հաշմանդամի յուսահատ կացութեան: Անյուսահատ կռուեցաւ իր վիճակին դէմ եւ այդ կռիւն էր, որ իննը-տասը տարի ապրեցուց զինք՝ հաշմանդամ վիճակով, մինչեւ որ ուժերը մաշեցան, հիւծեցաւ եւ անկարող դարձաւ դիմադրելու հողի կանչին:
Ճշմարիտ է, երբ կ‘ըսուի, թէ սրտամօտ կամ հաւաքականութեան մէջ բարի վարքով ու կամքով ճանչցուած մարդը չի մեռնիր: Պարզապէս կ՚անշնչանայ ան, անոր մարմնեղէն ներկայութիւնը կը բաժնուի մեզմէ , եւ ինք կը դառնայ յիշատակ: Ողջ մնացողներուն մէջ ան կ՚ապրի իբրեւ այդպիսին:
Վերջին ամիսներուն, գրեթէ ամէն այցելութեանս կ՚ըսէր ինծի «Անահիտս մեռաւ, ես ալ գրեթէ մեռայ: Դիմանալու ուժս հետը տարաւ:
Հիմա, արդէն միացած ես Պերճ, Անահիտի հոգիին :
Յիշատակդ անթառամ, սիրեցեալդ իմ Պերճ: Երթա՜ս բարով, լոյս հոգիիդ…: