Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներու հետ: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպման առիթով շնորհաւորած եւ խորհրդարանականներուն յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւները, որով պատգամաւորները անցեալ տարի պարգեւատրուած էին Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ, «Եւրանեստ» խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Ռիշարտ Չարնեցկի պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ» մետալով:
Այս պարգեւին արժանացած են նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի եւ «Եւվրանեստ» խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամներ Եացեկ Սարիուս-Վոլսքի, Քնութ Ֆլեքենշթայն, Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ֆրանք Էնկել, Ե.Խ. արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամ, «Եւրանեստ» խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամ Եարոմիր Շթեթինա՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Հայաստան-Ե.Մ. խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամ, «Եւրանեստ» խորհրդարանական վեհաժողովի համանախագահ Հէյտի Հաութալա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
«Մխիթար Գօշ» մետալով պարգեւատրուած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ե.Մ.-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ էլենի Թէոխարուսը, որ Հայաստանի պետական այդ բարձր պարգեւին արժանացած է հայ-կիպրական բարեկամական կապերու զարգացման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Չարլզ Թանոքը պարգեւատրուած է «Երախտագիտութեան» մետալով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
Պետական բարձր պարգեւներ
Խումբ մը Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ Հայաստանի պետական բարձր պարգեւներու արժանացան