Պեհաէտտին Շաքիրի ու Ճեմալ Ազմիի ահաբեկումը

17 Ապրիլ 1922. Պեհաէտտին Շաքիրի ու Ճեմալ Ազմիի ահաբեկումը. «Այս­պէ՛ս սպան­նե­ցինք» մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը Ն.

0
1346

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­ճա­նաչ­ման եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման, ապ­րած ար­հա­ւիր­քին ու կու­տա­կած ցա­սու­մին, ան­ճիտ­ման եւ վրի­ժա­ռու­թեան, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ գող­գո­թա­յին ու յա­րու­թեան յու­շա­րար է­ջե­րէն մէ­կը կը բա­ցո­ւի Ապ­րիլ 17ի օ­րը։
96 տա­րի ա­ռաջ, 17 Ապ­րիլ 1922ին, ­Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ, ար­դար մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­ցան ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն եր­կու­քը՝ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիրն ու ­Ճե­մալ Ազ­մին։
­Դաշ­նակ­ցա­կան եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Ա­րամ Եր­կա­նեան եւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան միաս­նա­բար գոր­ծադ­րե­ցին թուրք եր­կու ջար­դա­րար­նե­րուն միա­տեղ ա­հա­բե­կու­մը, որ մաս կը կազ­մէր ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 9րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին (գու­մա­րո­ւած Ե­րե­ւան, 1919ին) ո­րո­շած «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեանց շար­քին։
­Հա­յու­թեան դէմ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած, կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը, ա­ռա­ջին հեր­թին, հայ ժո­ղո­վուր­դի բիւ­րա­ւոր «նա­հա­տակ­նե­րուն կտակն էր», ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան պի­տի ընդգ­ծէր՝ իր յու­շե­րը հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նե­լով։
Իսկ «­Նե­մե­սիս»ի շար­քին ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի եւ ­Ճե­մալ Ազ­միի ա­հա­բե­կու­մը, իր յանդգ­նու­թեամբ եւ խի­զա­խու­թեամբ, հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն ան­խո­ցե­լի ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չեց՝ սոր­վեց­նե­լով, Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի յու­շե­րու հա­տո­րին վեր­նագ­րով, թէ «Այս­պէ՛ս Ս­պան­նե­ցինք» ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­յա­ցու­ցած «­Նե­մե­սիս»ի ո­րո­շու­մը ա­մէն բա­նէ վեր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան քայլ էր, ո­րով­հե­տեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած ­Պոլ­սոյ ­Պա­տե­րազ­մա­կան Ա­տեա­նը, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը դա­տե­լով եւ ա­նոնց դէմ մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճիռ ար­ձա­կե­լով հան­դերձ, եր­բեք քա­ղա­քա­կան կամ­քը չցու­ցա­բե­րեց իր կա­յա­ցու­ցած դա­տավ­ճի­ռը գոր­ծադ­րե­լու։
Իսկ յան­ցա­պարտ­նե­րը պար­զա­պէս օգ­տո­ւե­ցան ան­պատ­ժե­լիու­թեան ա­ռի­թէն, փա­խուստ տո­ւին ­Պո­լի­սէն եւ ա­նուն ու հաս­ցէ փո­խե­լով ան­յայ­տա­ցան…
­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չէր կրնար այդ­պէս ան­պա­տիժ ձգել ­Հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թուրք ե­ղեռ­նա­գործ­նե­րը։
«­Նե­մե­սիս»ի ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, սա­կայն, ան­մի­ջա­պէս չսկսաւ։ ­Նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նե­լու դժո­ւա­րին ժա­մա­նա­կը կ’ապ­րէր։ ­Հիւ­սի­սէն պոլ­շե­ւիկ­նե­րը եւ ա­րե­ւել­քէն քե­մա­լա­կան­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րեն յա­տուկ հա­շո­ւարկ­նե­րով, նոր դա­ւեր կը նիւ­թէին ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, իբ­րեւ ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման ա­ռա­ջա­տար ու­ժը եւ նո­րաս­տեղծ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան փաս­տա­ցի իշ­խա­նու­թիւ­նը, վե­րապ­րող հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման կռո­ւան­նե­րը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ մար­տահրա­ւէ­րը կը դի­մագ­րա­ւէր։
Ո­րո­շու­մի կա­յա­ցու­մէն տա­րի մը ետք միայն ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծադ­րու­թեան։
15 ­Մարտ 1921ին, ­Պեր­լի­նի մէջ, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ձե­ռամբ, ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէաթ փա­շան։ 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 1921ին, Հ­ռո­մի մէջ, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի կող­մէ ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան վար­չա­պետ ­Սա­յիտ ­Հե­լիմ փա­շան։
Իսկ 17 Ապ­րիլ 1922ին կար­գը հա­սաւ ­Մեծ ե­ղեռ­նի «գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ» ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի եւ Տ­րա­պի­զո­նի հա­յոց սպան­դը ան­ձամբ գլխա­ւո­րած կու­սա­կալ ­Ճե­մալ Ազ­միի։
«­Նե­մե­սիս»ի 17 Ապ­րիլ 1922ի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­մէ­նէն յան­դուգն էր։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ միա­ժա­մա­նակ եր­կու թի­րա­խի դէմ կ’ուղ­ղո­ւէր՝ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, նաեւ, որ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր եւ ­Ճե­մալ Ազ­մի ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու մեծ խում­բով բա­նուկ փո­ղո­ցէ մը կ’անց­նէին ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան պա­հուն։ Այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ այն պատ­ճա­ռով, որ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք ­Պեր­լի­նը դժո­ւար ռազ­մա­դաշտ դար­ձած էր ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց հա­մար։
­Բայց Ար­մէն ­Գա­րո­յի, ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի, Հ­րաչ ­Փա­փա­զեա­նի, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի, Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի եւ «­Նե­մե­սիս»ի ի­րա­գործ­ման պա­տաս­խա­նա­տու դաշ­նակ­ցա­կան բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար ան­յաղ­թա­հա­րե­լի բան չկար։ ­Մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը տրո­ւած էր եւ «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծո­ղու­թեանց շղթա­յին այս օ­ղակն ալ պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւէր։ Եւ յան­դուգն ա­հա­բե­կու­մը գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ՝ հա­կա­ռակ խան­գա­րող պա­րա­գա­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­մին, օ­րի­նակ՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի սայ­թա­քե­լով գե­տին իյ­նա­լուն, թուր­քե­րու խում­բին մէջ գտնո­ւող ­Թա­լէա­թի այ­րիին կող­մէ գե­տին ին­կած ­Շի­րա­կեա­նի ատր­ճա­նա­կը վերց­նե­լու ճի­գին ե­ւայլն։
­Պէտք է կար­դալ ե՛ւ Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի «Այս­պէ՛ս սպան­նե­ցինք», ե՛ւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի «Կ­տակն էր նա­հա­տակ­նե­րուն» յու­շե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան հա­տո­ւած­նե­րը, խո­րա­չա­փե­լու հա­մար տա­րո­ղու­թիւ­նը թէ՛ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կած յանդգ­նու­թեան, թէ՛ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ան­պար­տե­լի դարձ­նող ցա­սու­մի եւ վրի­ժա­ռու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան կրա­կին։
­Փաս­տօ­րէն Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, ըլ­լա­լով ա­ռա­ջին կրա­կո­ղը, ­Ճե­մալ Ազ­միին գլխուն մա­հա­ցու փամ­փուշ­տը տե­ղա­ւո­րե­լէ ետք՝ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի այ­տոսկ­րին հաս­ցու­ցած էր ոչ-մա­հա­ցու հա­րո­ւած մը։ Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի ա­րագ մի­ջամ­տու­թեան շնոր­հիւ էր, որ ճի­ւա­ղը ստա­ցած էր օր­հա­սա­կան փամ­փուշ­տը։
­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր եւ Ճե­մալ Ազ­մի տեղ­ւոյն վրայ մա­հա­ցան։
­Զոյգ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կրցան, դէ­պի օ­դը կրա­կե­լով, խու­ճա­պի մատ­նել ան­ցորդ­նե­րը եւ փա­խուստ տալ ու ի­րենց հետ­քը թաքց­նել հե­տապն­դող­նե­րէն։
Ա­հա «Այս­պէ՛ս Ս­պան­նե­ցինք» եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով ցե­ղաս­պան թուր­քե­րը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լու «­Նեմե­սիս»ի հա­տու հա­րո­ւա­ծը, որ ըստ ա­մե­նայ­նի «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն», հայ ժո­ղո­վուր­դի մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ, այ­լեւ սուրբ զո­հե­րուն։

«Այս­պէ՛ս սպան­նե­ցինք».
«Կ­տակն էր նա­հա­տակ­նե­րուն»

­Հայ­րե­նի պատ­մա­բան ­Ռո­միկ ­Յով­նա­նեան, հիմ­նո­ւե­լով Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի «Այս­պէ՛ս սպան­նե­ցինք» եւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի «Կ­տակն էր նա­հա­տակ­նե­րուն» գիր­քե­րուն վրայ, հե­տե­ւեալ ման­րա­մասն նկա­րագ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ թուրք ե­ղեռ­նա­գործ­նե­րու ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան.
1922 թո­ւի փետ­րո­ւա­րեան մի ցուրտ օր, Ար­շա­ւի­րը մի քա­նի ըն­կեր­նե­րով Կ. ­Պոլ­սից շո­գե­նա­ւով մեկ­նում է ­Կոնս­տան­ցա, այն­տե­ղից էլ ­Վիեն­նա, որ­տեղ նրանց էր սպա­սում ­Շա­հան ­Նա­թա­լին, ո­րը ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մի­նի կող­մից նշա­նա­կո­ւել էր «­Բեռ­լի­նեան գոր­ծո­ղու­թեան» ղե­կա­վար:
1922 թ. ­Փետ­րո­ւա­րի 24ին Վ­րի­ժա­ռու­նե­րի խում­բը ժա­մա­նում է ­Բեռ­լին ի կա­տար ա­ծե­լու այն­տեղ ա­պաս­տա­նած ե­րիտ­թուր­քե­րի գա­ղա­փա­րա­խօս, հա­յե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րից մէ­կին՝ ­Բե­հաէդ­դին ­Շա­քի­րին եւ Տ­րա­պի­զո­նի ճի­ւաղ կու­սա­կալ ­Ջե­մալ Ազ­միին մա­հա­պատ­ժի են­թար­կե­լու վճի­ռը: Վ­րի­ժա­ռու­նե­րին ա­րա­գօ­րէն յա­ջող­ւում է յայտ­նա­բե­րել ­Ջե­մալ Ազ­միի խա­նու­թի եւ բնա­կա­րա­նի տե­ղը եւ խիստ հսկո­ղու­թիւն սահ­մա­նել նրանց վրայ:
Ազ­միի խա­նու­թը թուրք մե­ծա­մեծ­նե­րի ժա­մադ­րա­վայրն էր, եւ այդ պատ­ճա­ռով վրի­ժա­ռու­նե­րը մտա­դիր էին ներս խու­ժել եւ մէկ հա­րո­ւա­ծով ոչն­չաց­նել բո­լո­րին: ­Հա­րո­ւա­ծի ազ­դան­շա­նը պէտք է տար Հ­րաչ ­Փա­փա­զեան, ո­րը թա­փան­ցել էր ­Ջե­մալ Ազ­միի շրջա­պատ` որ­պէս թուրք ու­սա­նող ­Մեհ­մեդ Ա­լի:
­Բեռ­լին ժա­մա­նե­լու երկ­րորդ օ­րը ­Շա­հան ­Նա­թա­լին ար­գե­լեց վրի­ժա­ռու­նե­րի խմբին եր­կու շա­բա­թով ե­րե­ւալ Ազ­միի խա­նու­թի ու տան կող­մե­րը: ­Պատ­ճառն այն էր, որ Ա.Մ.Ն.ում ­Գեր­մա­նիա­յի դես­պա­նատ­նից հե­ռա­գիր էր ու­ղար­կո­ւել ­Բեռ­լին, ո­րով յայտն­ւում էր, թէ ա­հա­բե­կիչ­ներ են ժա­մա­նել ­Բեռ­լին` սպան­նե­լու ­Շա­քի­րին եւ Ազ­միին: Այս լու­րը յայտ­նել էր Հ­րաչ ­Փա­փա­զեան:
­Հե­տապն­դում­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­ցին, որ ­Ջե­մալ Ազ­մին ա­մէն ա­ռա­ւօտ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով ժա­մը 9ին գնում էր խա­նութ եւ վե­րա­դառ­նում ե­րե­կո­յեան 6ին եւ ոչ մի կաս­կած չէր ցու­ցա­բե­րում, թէ ի­րեն հե­տապն­դում են: Դ­րան հա­կա­ռակ՝ ­Բե­հաէդ­դին ­Շա­քի­րը զգում էր վտան­գը, շատ զգու­շա­ւոր էր եւ տա­նից դուրս էր գա­լիս եւ վե­րա­դառ­նում թիկ­նա­պա­հի ու­ղեկ­ցու­թեամբ:
Ար­շա­ւի­րին յա­ջող­ւում է մի սե­նեակ վար­ձել Ազ­միի խա­նու­թի շրջա­կայ­քում: ­Պարզ­ւում է, որ այդ տու­նը պատ­կա­նում է ոս­տի­կա­նու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան սպա­յի, ին­չը հե­տա­գա­յում օգ­տա­կար է լի­նում ­Բեռ­լի­նից անվ­տանգ հե­ռա­նա­լու հա­մար: ­Չա­փե­լով ոճ­րա­գործ­նե­րի տնե­րի հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ազ­միի խա­նու­թից, վրի­ժա­ռու­նե­րը գտնում են, որ ա­հա­բեկ­ման ա­մե­նա­յար­մար վայ­րը ­Ջե­մալ Ազ­միի տան ա­ռաջն է: ­Տան աջ ու ձախ կող­մե­րից բա­ցո­ւող փո­ղոց­նե­րը շատ յար­մար էին փա­խուս­տի հա­մար:
­Մար­տի 15ին ­Բեռ­լի­նում ա­պաս­տա­նած թուրք ոճ­րա­գործ­նե­րի ամ­բողջ վոհ­մա­կը հա­ւա­քո­ւել էր ­Թա­լէա­թի տա­նը, նշե­լու նրա սպա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը: ­Սա­կայն վրի­ժա­ռու­նե­րի խում­բը ան­տե­ղեակ էր այդ մի­ջո­ցա­ռու­մից: Այ­լա­պէս ­Թա­լէա­թի սպա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը «կը տօ­նո­ւէր» ըստ ար­ժան­ւոյն: Այն­տեղ, որ­տեղ մէկ տա­րի ա­ռաջ փռո­ւել էր ­Թա­լէա­թի դիա­կը, կը փռո­ւէր դիակ­նե­րի մի ամ­բողջ կոյտ: ­Սա­կայն պա­հը բաց էր թող­նո­ւած եւ յա­ջորդ օ­րը ­Շա­հան ­Նա­թա­լին շանթ ու ո­րոտ տե­ղաց այն ան­ձի վրայ, ո­րը պա­տաս­խա­նա­տու էր լու­րը ժա­մա­նա­կին յայտ­նած չլի­նե­լու հա­մար` սպառ­նա­լով նրան հե­ռաց­նել ­Բեռ­լի­նից:
­Ժա­մա­նակն անց­նում էր, իսկ գոր­ծը` ու­շա­նում: ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մի­նը խմբից պա­հան­ջեց ա­րա­գաց­նել գոր­ծը կամ յետ վե­րա­դառ­նալ: Այս վեր­ջին պա­հան­ջը ուղ­ղա­կի ան­պա­տո­ւա­բեր էր Ար­շա­ւի­րի եւ Ա­րա­մի հա­մար: Ն­րանք ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մարմ­նից խնդրե­ցին եր­կու շա­բա­թով եր­կա­րաց­նել պայ­մա­նա­ժա­մը: ­Վեր­ջինս հա­մա­ձայ­նո­ւեց, սա­կայն ո­րո­շա­կի խիստ պայ­ման­նե­րով: Դ­րանք հե­տե­ւեալն էին. 1) եր­կու մե­ծա­մեծ թուրք ոճ­րա­գործ­ներ պէտք է գնդա­կա­հա­րո­ւեն միա­ժա­մա­նակ, ո­րոն­ցից մէ­կը ան­պայ­ման պետք է լի­նի ­Շա­քի­րը, 2) գոր­ծո­ղու­թիւ­նը պէտք է կա­տա­րո­ւի գի­շեր ժա­մա­նակ եւ մեր կող­մից զոհ չպէտք է լի­նի: Այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կրկնւում էր ա­մէն օր: ­Շա­հա­նը տղա­նե­րին յոր­դո­րում էր լի­նել զգոյշ եւ համ­բե­րա­տար: Ապ­րի­լի 8ի ե­րե­կո­յեան Ար­շա­ւի­րը տես­նում է ­Շա­քի­րին, ո­րը կնոջ հետ գնում էր Ազ­միի տուն: ­Նա ան­մի­ջա­պես գնում է «­Ռե­գի­նա» հիւ­րա­նոց, գտնում Ա­րա­մին, ա­պա՝ եր­կու­սով վե­րա­դառ­նում Ազ­միի տան մօտ եւ սպա­սում: Եր­կու ժամ անց ­Շա­քի­րը դուրս է գա­լիս կնոջ հետ եւ մեկ­նում: ­Պա­հը շատ յար­մար էր, սա­կայն ո­րոշ­ման դէմ գնալ չէր կա­րե­լի, եւ Վ­րի­ժա­ռու­նե­րը սրտնե­ղած վե­րա­դառ­նում են տուն:
­Վեր­ջա­պէս գա­լիս է 1922 թո­ւի Ապ­րի­լի 17ի մե­ռե­լո­ցի օ­րը: Ինչ­պէս ա­մէն մի քրիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քում, այն­պէս էլ ­Բեռ­լի­նում, ա­մէն մէ­կը մի փունջ ծա­ղիկ ձեռ­քին գնում է գե­րեզ­մա­նա­տուն իր հան­գու­ցեալ­նե­րի յի­շա­տա­կը յար­գե­լու: Իսկ վրի­ժա­ռու­նե­րի խում­բը հա­ւա­քո­ւել էր ­Շա­հա­նի շուր­ջը` լսե­լու նրա կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը: ­Վեր­ջինս դառ­նա­լով Ար­շա­ւի­րին եւ Ա­րա­մին կէս-լուրջ, կէս-կա­տակ ա­սում է, որ գի­շե­րը ե­րա­զում տե­սել է պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւն ­Բեռ­լի­նի մէջ` յի­շա­տակ մե­ռե­լոց եւ յան­կարծ լսել հայ ե­կե­ղե­ցու մա­հեր­գը` «Ի վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ…»: ­Պատ­րաստ ե­ղէք, տղա­ներ, ա­սել էր նա, պա­տա­րա­գը այ­սօր պի­տի կա­տա­րո­ւի:
Այդ օ­րը թուր­քե­րը հա­ւա­քոյթ ու­նէին: Ն­րանք հրա­ւի­րո­ւած էին ճաշ­կե­րոյ­թի՝ Կ. ­Պոլ­սի նախ­կին ոս­տի­կա­նա­պետ Ազ­մի ­Բէ­յի տա­նը: Ե­րե­կո­յեան տու­նը ար­տա­կարգ լու­սա­ւո­րո­ւած էր, ին­չը ցոյց էր տա­լիս, որ այն­տեղ հիւ­րեր են հա­ւա­քո­ւել: ­Պա­տեհ ա­ռի­թը ստեղ­ծո­ւած էր, եւ այն այ­լեւս բաց թող­նել չէր կա­րե­լի: Վ­րի­ժա­ռու­նե­րը թէ՛ հո­գե­բա­նօ­րէն եւ թէ՛ ֆի­զի­կա­պէս պատ­րաստ էին ի կա­տար ա­ծե­լու ար­դար դա­տավ­ճի­ռը: Մ­նում էր համ­բե­րա­տար հսկել եւ սպա­սել մին­չեւ ա­ւար­տո­ւէր թուր­քե­րի հա­ւա­քոյ­թը: ­Վեր­ջա­պէս, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 11ին բա­ցո­ւեց Ազ­մի ­Բէ­յի տան դու­ռը, եւ հիւ­րե­րը հրա­ժեշտ տա­լով տան տի­րո­ջը՝ դան­դաղ սկսե­ցին շար­ժո­ւել ­Ջե­մալ Ազ­միի տան ուղ­ղու­թեամբ: Առ­ջե­ւից քայ­լում էր տի­կին ­Թա­լէա­թի հո­գա­ծուն` ­Ռուհ­սի ­Բէ­յը (ափ­սո՜ս, որ նրա ա­նու­նը չկար ցու­ցա­կում), այ­նու­հե­տեւ՝ ­Ջե­մա­լի ու ­Շա­քի­րի կա­նայք ի­րենց ե­րե­խա­նե­րով, վեր­ջում՝ տի­կին ­Թա­լէա­թը (­Հայ­րիէ), ­Ջե­մալ Ազ­մին եւ ­Բե­հաէդ­դին ­Շա­քի­րը, ո­րոնց հսկում էր թիկ­նա­պա­հը: Այս­պէս քայ­լե­լով նրանք հա­սան ­Ջե­մալ Ազ­միի տան մուտ­քի մօտ: Կտ­րե­լով փո­ղո­ցը` Ար­շա­ւիրն ու Ա­րա­մը ան­ցան դի­մա­ցի մայ­թը եւ յայտ­նո­ւե­ցին նրանց յե­տե­ւում: ­Մե­քե­նա­յա­բար խա­չակն­քե­լով դէմ­քը եւ «Ա­րամ, իմ յե­տե­ւից» ա­սե­լով՝ ա­ռա­ջի­նը խմբի վրայ գրո­հեց Ար­շա­ւի­րը: ­Նա մի ուժ­գին հա­րո­ւա­ծով գե­տին տա­պա­լեց ­Թա­լէա­թի կնո­ջը, ո­րը սաս­տիկ ճիչ ար­ձա­կեց: Այդ ճի­չի վրա ­Ջե­մալ Ազ­մին շրջո­ւեց եւ տե­սաւ ի­րեն ուղ­ղո­ւած ատրճա­նա­կը: ­Յա­ջորդ ակն­թար­թին լսո­ւեց կրա­կոց, եւ ­Ջե­մալ Ազ­միի անշն­չա­ցած մար­մի­նը փռո­ւեց մայ­թի վրայ: Երկ­րորդ գնդա­կը Ար­շա­ւիրն ուղ­ղեց ­Շա­քի­րի ճա­կա­տին, բայց վրի­պեց: Գն­դա­կը մխրճո­ւել էր նրա այ­տի մէջ: ­Շա­քի­րը դեռ ոտ­քի վրայ էր եւ փոր­ձում էր հա­նել ատր­ճա­նա­կը, բայց այդ պա­հին թիկ­նա­պա­հին զի­նա­թա­փած Ա­րա­մը վրայ հա­սաւ եւ կրա­կեց ճի­ւա­ղի գլխին: Գն­դա­կը ծա­կեց ­Շա­քի­րի սե­խա­ձեւ գան­գը եւ դուրս ե­կաւ ճա­կա­տից, դա­ղե­լով այն ու­ղե­ղը, ո­րը մտայ­ղա­ցել էր կազ­մա­կեր­պել հա­յե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Վա­խից բո­լորն էլ գետ­նին էին պառ­կել, միայն ­Ռուհ­սի ­Բէյն էր ձեռ­նա­մար­տի բռնո­ւել Ար­շա­ւի­րի հետ: Ա­րա­մը եր­կու գնդակ ու­ղար­կեց նրանց գլխա­վե­րե­ւով: Եր­կուսն էլ ըն­կան: Ար­շա­ւի­րի ձեռ­քից թռաւ ատրճա­նա­կը: ­Թա­լէա­թի կի­նը փոր­ձեց բռնել Ար­շա­ւի­րին, բայց Ա­րա­մը մաու­զե­րը դէմ տա­լով նրա կրծքին, սպառ­նաց կրա­կել: Եւ միայն յա­ջորդ ակն­թար­թին Ար­շա­ւի­րը ճարպ­կօ­րէն վեր ցատ­կեց եւ «Ա­րամ էլ մարդ չխփես» բա­ցա­գան­չե­լով ան­յայ­տա­ցաւ: Դ­րա­նից յե­տոյ մի քա­նի կրա­կոց էլ գի­շե­րա­յին լամ­պե­րի ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կե­լուց յե­տոյ բա­րե­յա­ջող հե­ռա­ցաւ նաեւ Ա­րա­մը եւ եր­կու տաք­սի փո­խե­լով վե­րա­դար­ձաւ տուն: Իսկ Ար­շա­ւի՞­րը… ­Դէպ­քից մի քա­նի րո­պէ անց այդ յան­դուգն վրի­ժա­ռուն նո­րից յետ վե­րա­դար­ձաւ` մէկ ան­գամ էլ տես­նե­լու իր եւ Ա­րա­մի սար­քած տե­սա­րա­նը: Եր­կու հա­յա­տեաց ճի­ւաղ­նե­րի դիակ­նե­րը ի­րար վրայ ըն­կած, գետ­նին իւ­րա­տե­սակ խաչ էին կազ­մել: ­Թուրք կա­նայք վայ­նա­սուն էին բարձ­րաց­րել եւ փե­տում էին ի­րենց մա­զե­րը, իսկ տղա­մար­դիկ բղա­ւում եւ օգ­նու­թիւն էին խնդրում: Ն­րանց շուրջ հա­ւա­քո­ւած գեր­մա­նա­ցի­նե­րի բազ­մու­թիւ­նը քար կտրած դի­տում էր այդ ար­տա­սո­վոր տե­սա­րա­նը։ ­Պատ­կե­րը ցնցող էր եւ տպա­ւո­րիչ: ­Հա­տու­ցո­ւած էր հա­զա­րա­ւոր հայ նա­հա­տակ­նե­րի ար­դար վրէ­ժը: Եր­կու քսա­ներ­կո­ւա­մեայ հայ վրի­ժա­ռու­ներ ­Բեռ­լի­նի Ուհ­լանդ փո­ղո­ցում կա­տա­րեալ մե­ռե­լոց էին սար­քել թուր­քե­րի հա­մար: «­Պա­տա­րա­գը կա­տա­րո­ւեց»: ­Հայ վրի­ժա­ռու­նե­րը վեր­ջաց­րին ի­րենց գոր­ծը: Այժմ սկսւում էր գեր­մա­նա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծը: ­Յա­ջորդ օ­րը ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ծա­նու­ցե­լով եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան թուր­քե­րի սպա­նու­թեան լու­րը` մեծ գու­մար էր խոս­տա­նում ա­հա­բե­կիչ­նե­րին գտնո­ղին: Հ­րա­մա­յո­ւած էր խիստ հսկո­ղու­թեան տակ վերց­նել պե­տա­կան սահ­ման­նե­րը: ­Դէպ­քից չորս օր անց Ա­րամն ու Ար­շա­ւի­րը հան­դի­պում են Հ­րա­չին: ­Վեր­ջինս յայտ­նում է. որ ­Շա­քի­րի եւ ­Ջե­մա­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սում են կա­տա­րել մեծ շու­քով, ո­րին մաս­նակ­ցե­լու են նաեւ ­Ջե­մալ եւ Էն­վեր փա­շա­նե­րը: Հ­րա­չի այս լու­րը մի նոր մտայ­ղա­ցում է ա­ռա­ջաց­նում վրի­ժա­ռու­նե­րի մօտ. մաս­նակ­ցել հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեա­նը եւ «մաք­րել հա­շիւ­նե­րը» ե­րիտ­թուրք միւս պա­րագ­լուխ­նե­րի հետ: ­Սա­կայն կա­ցու­թիւ­նը ­Բեռ­լի­նում դար­ձել էր վտան­գա­ւոր: ­Ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցին բեռ­լի­նաբ­նակ մօտ յի­սուն հա­յեր եւ տա­րո­ւե­ցին հար­ցաքն­նու­թեան, ո­րին ներ­կայ էր լի­նում ­Թա­լէա­թի այ­րին: Եւ ե­թէ նա բա­րե­հա­ճում էր յայտ­նել, թէ այդ մէ­կը չէր, նրան ա­զատ էին ար­ձա­կում: ­Հե­տաքն­նու­թիւն­նե­րի թա­փը թու­լա­ցաւ, երբ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ձեր­բա­կա­լեց Ար­շա­ւի­րին նման մի հայ ե­րի­տա­սար­դի (­Բէր­բէ­րեան ազ­գա­նու­նով), ո­րը այդ օ­րե­րին ­Միւն­խէ­նից ­Բեռ­լին էր գնա­ցել իր ըն­կեր-բա­րե­կամ­նե­րին տես­նե­լու: ­Թա­լէա­թի այ­րին տես­նե­լով նրան բղա­ւել էր, թէ մէ­կը սա՛ էր: «Ես չեմ ա­հա­բե­կի­չը»,- ա­սել էր ­Բէր­բէ­րեա­նը ոս­տի­կա­նա­պե­տին,- բայց ե­թէ դուք դա ինձ եք վե­րագ­րում, ա­պա մեծ պա­տո­ւի եք ար­ժա­նաց­նում: ­Մի քա­նի ա­միս անց նա ա­զատ ար­ձա­կո­ւեց: Իսկ իս­կա­կան ա­հա­բե­կիչ­նե­րը վա­ղուց հե­ռա­ցել էին ­Բեռ­լի­նից: