Լ.Ղ.Հ. Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հանրաքուէի միջազգային դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող Պելճիքայի պատուիրակութեան անդամներ՝ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարանի անդամ Սերժ տը Պատուլին եւ Վալոնիա-Պրիւքսէլի խորհրդարանի պատգամաւոր Բենուա Դրեզին:
Խորհրդարանի նախագահը, կարեւոր նկատելով հանրաքուէին միջազգային դիտորդներու ներկայութիւնը, նշեց.- «Մենք արդէն երրորդ անգամ ենք կազմակերպում հանրաքուէ եւ կարեւորում ու հաշուի ենք առնում այն օբյեկտիւ գնահատականները, որոնք ներկայացւում են դիտորդների կողմից»:
Այնուհետեւ Աշոտ Ղուլեան պատասխանեց Պելճիքայի ներկայացուցիչներու շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Սահմանադրութեան նախագիծով նախատեսուած կառավարման համակարգի առանձնայատկութիւններուն եւ պետութեան գործունէութեան կարեւոր ոլորտներու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն:
Հանդիպման մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: