«Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ որեւէ տնտեսական կամ այլ գործունէութիւն անօրինակա՛ն է եւ իրաւական հետեւանքներ կ՚առաջացնէ»,- Օգոստոս 29ին սպառնացած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմէթ Հաճիեւ՝ արձագանգելով Սեպտեմբեր 16ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ գինիի փառատօն իրականացնելու մտադրութեան: «Նման միջոցառումներ կազմակերպելով՝ Հայաստան նպատակ կը հետապնդէ զբօսաշրջիկներ ներգրաւել եւ խրախուսել իր հովանաւորած ինքնահռչակ վարչակազմը, որ ստեղծուած է բռնագրաւումով, զինուած վայրագութեամբ եւ իբրեւ արդիւնք ցեղային զտման քաղաքականութեան»,- յայտարարած է զայրացած Հաճիեւ՝ պնդելով, որ հայկական կողմը նախապէս եւս փորձած է գինիի փառատօնի քողին տակ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ ներգրաւել այդ «գրաւեալ տարածքները»: «Սակայն, ատրպէյճանական կողմին ձեռնարկած միջոցառումներուն իբրեւ հետեւանք՝ այդ փորձերը ձախողած են: Այս անգամ եւս համապատասխան միջոցառումներու պիտի դիմենք»,- ազդարարած է ան:
Պաքուն կը սպառնայ
Պաքուն կը սպառնայ արգիլել Արցախի գինիի փառատօնին «օտար»ներու մասնակցութիւնը