«armedia»
20րդ դարու սկիզբը, հայաշատ Պաքուն՝ ըլլալով Ցարական Կայսրութեան ամենամեծ արդիւնաբերական կեդրոններէն մէկը, նշանաւոր եղած է նաեւ հայկական հարուստ քաղաքակրթութեամբ:
Հայերը, ռուս, այլազգի եւ մահմետական բնակչութենէն ետք, քաղաքի երրորդ մեծագոյն ազգային խումբը կը կազմէին: Քաղաքի ընկերային, մշակութային եւ գործարար կեանքին մէջ հայերը առաջնակարգ դիրք կը գրաւէին: Հայ ձեռնարկատէրներու շնորհիւ էր, որ Պաքուի մէջ քարիւղի արդիւնաբերութիւնը սկսած էր զարգանալ: Հայ գործարարներու եւ ճարտարապետներու յատակագիծներով կառուցուած շէնքերը Պաքուն կը զարդարեն մինչեւ օրս:
Այդ շէնքերէն մէկը՝ Մայիլով եղբայրներուն կառուցած Օփերայի շէնքն է, այժմ՝ «Ատրպէյճանի պետական ակադեմական օփերայի եւ պալէի թատրոն»ը: Շէնքը կառուցուած է հայազգի միլիոնատէր Մայիլով եղբայրներուն նիւթական ներդրումով: Կրտսեր եղբայրը՝ Իլիա Լազարեւիչ բարձրորակ բժիշկ եղած է, իսկ աւագ եղբայր Դանիէլը` գործարար, հաշուապահութեան եւ առեւտրական-արդիւնաբերական յանձնաժողովի անդամ: Մայիլով եղբայրները խաւիարի յաջող առեւտուր ունէին՝ սեփական ձկնաբուծարաններով ու արտադրամասներով: Ռուսաստանի մէջ ալ անոնք նշանաւոր էին որպէս «Խաւիարային թագաւորներ»:
Բաւական հետաքրքրական է գիտնալ, թէ անոնք ինչո՛ւ յանկարծ որոշեցին թատրոն կառուցել:
«Մայիլով եղբայրներու օփերային տուն»ին հետ կապուած գեղեցիկ, բայց չհաստատուած առասպել մը գոյութիւն ունի:
Առասպելին համաձայն՝ 1910ին Պաքու ժամանած է հանրածանօթ երգչուհի մը, որուն գեղեցկութիւնն ու հրաշալի ձայնը հմայած են աւագ Մայիլովը: Գեղեցիկ երգչուհին համերգներ տուած է Բիրժա փողոցին կրկէսի փայտեայ շէնքին մէջ, ապա՝ ձմեռնային ակումբներու մէջ: Պաքու կատարած իր այցելութեան աւարտին, խաղատուներէն մէկուն մէջ երգչուհիին ի պատիւ յատուկ հրաժեշտի երեկոյ մը կազմակերպուած է, որու ընթացքին անոր հարցուցած են, թէ յաջորդ անգամ ե՞րբ կը վերադառնայ Պաքու:
«Հաւանաբար երբե՛ք, որովհետեւ ես վարժ չեմ կրկէսներու եւ խաղատուներու մէջ երգելու»,- պատասխանած է երգչուհին: «Ձեր հրաշալի քաղաքին մէջ չկա՞ն արդեօք հարուստ մարդիկ, որոնք միջոցներ կը տրամադրեն կառուցելու օփերայի տուն մը, ուր երաժիշտները կրնան ցոյց տալ իրենց հմտութիւնները»,- հարցուցած է երգչուհին:
Մայիլով ճիշդ տարի մը ետք, կրկին հրաւիրած է զինք Պաքու` մասնակցելու բացման արարողութեան օփերայի այն թատրոնին, որ պիտի կառուցուէր ի պատիւ երգչուհիին:
«Վերածնունդի» ոճով թատրոնին նախագիծը մշակած է քաղաքացիական ճարտարագէտ Բայեւ: Հայազգի Նիքոլայ Գէորգիեւիչ Բայեւ ծնած է 1875ին Աստրախան: 1911էն աշխատած է որպէս Պաքուի քաղաքային կառավարութեան գլխաւոր ճարտարապետ: Այդ միջոցին, ան կառուցած է մէկէ աւելի շէնքեր Պաքուի մէջ, օրինակ՝ «Ատրպէյճանի օփերայի եւ պալէի թատրոն»ը, Սափունչու կայանը, Հայկաշէնի բնակելի թաղամասը (Արմէնիքէնթ) եւ այլ կառոյցներ:
Քաղքենի-դրամատիրական դարաշրջանին կառուցուած թատերական շէնքերու շինարարութեան պատմութեան մէջ, Մայիլովներու թատրոնը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անիկա կառուցուած է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Շուրջ 1800 մարդ ընդունող այս շէնքը կառուցուած է ընդամէնը 10 ամսուան ընթացքին:
28 Փետրուար 1911ին տեղի ունեցած է Պաքուի օփերայի եւ պալէի թատրոնին բացումը: Աւագ Մայիլով եղբօր հրաւէրով Պաքու ժամանած է վերոյիշեալ երգչուհին: Բացման մասնակցած են նաեւ քաղաքի մեծահարուստ մարդիկ, երաժիշտներ ու դերասաններ:
Թատրոնի բացման առիթով՝ երգչուհին, որուն շնորհիւ Պաքուի մէջ յայտնուեցաւ այս հիանալի թատրոնը, յատուկ համերգ տուած է: Երբ ան համերգը աւարտած է, փողը անձրեւի նման տեղացած է վրան: Մայիլով իր կարգին անոր նուիրած է ծաղկեփունջներ, որոնք հաւաքուած են 25, 50 եւ 100 մանաթ թղթադրամներէ, կը գրէ «Աւիթաս.ru»:
Հայ առեւտրականներու գումարներով եւ հայ տաղանդաւոր ճարտարապետներու նախաձեռնութիւններով՝ Պաքուի մէջ կառուցուած են նաեւ հիւանդանոցներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ այլն: Ցաւօք, դրացի մայրաքաղաքի ձեւաւորման ու զարգացման գործին հայերու մասնակցութիւնը վկայող փաստաթուղթերու մեծ մասը այժմ պահուած է կամ նոյնիսկ ոչնչացուած է ատրպէյճանական արխիւներէն…: