Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նը Սթ­րազ­պուր­կի մէջ գու­մա­րած իր լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին, ձայ­նե­րու 457 կողմ, 124 դէմ եւ 66 ձեռն­պահ հա­մե­մա­տու­թեամբ՝ վա­ւե­րա­ցուց բա­նա­ձեւ մը Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի 72րդ նս­տաշր­ջա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ յղո­ւե­լիք ա­ռա­ջարկ­նե­րուն մա­սին:
­Բա­նա­ձե­ւը կ­՛անդ­րա­դառ­նայ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան, ինչ­պէս նաեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցե­րու:
Պա­քո­ւի ջան­քե­րով՝ բա­նա­ձե­ւի քննարկ­ման վեր­ջին փու­լին ա­ռա­ջար­կո­ւած էր Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ միա­կող­մա­նի կէ­տեր նե­րա­ռել, ա­ռանձ­նաց­նե­լու հա­մար տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցո­ւած սահ­ման­նե­րու ան­քակ­տե­լիու­թեան սկզբունք­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ դուրս պա­հե­լով ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րը: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան գոր­ծադ­րած ջան­քե­րուն շնոր­հիւ, կա­րե­լի ե­ղած է տա­պա­լել այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը. իբ­րեւ ար­դիւնք, բա­նա­ձե­ւի վերջ­նա­կան օ­րի­նա­կին մէջ ամ­րագ­րո­ւած են Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, ինչ­պէս նաեւ ու­ժի բա­ցառ­ման սկզբուն­քը: