­Պա­րոն ­Սար­գի­սը…

0
497

Ք. ԷՔԻԶԵԱՆ

1980-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն էր, երբ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ զիս մօ­տե­ցաւ մի­ջին տա­րի­քով պատ­կա­ռե­լի անձ մը, ո­րուն զա­ւակ­նե­րը հե­ռա­ւոր ­Գա­վա­լա­յէն հա­զիւ փո­խադ­րո­ւած էին Ա­թէնք, ի­րենց հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը ստա­նա­լու հա­մար եւ այ­նու­հե­տեւ դառ­նա­լու մեր հա­մայն­քի աշ­խուժ ու սի­րո­ւած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու յատ­կան­շա­կան զոյգ մը։
­Մագ­նի­սա­կան քա­շո­ղա­կա­նու­թեամբ մը սկսաւ զրու­ցել ին­ծի հետ ազ­գա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուս մա­սին, ե­րի­տա­սար­դա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու մա­սին, մինչ իր ճար­տար խօս­քով ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը բա­նար նե­րաշ­խարհս, ա­նոր մէ­ջէն լոյ­սին բե­րե­լու հա­մար քսա­նա­մեայ ե­րի­տա­սար­դի մը ծիլ ու անմ­շակ հո­րի­զոն­նե­րը, ծալ­քե­րու մէջ մնա­ցած մտա­ծում­նե­րը կամ կեան­քի մա­սին մշու­շոտ ըմբռ­նում­նե­րը։
Ո՞վ էր ան, որ այս­քան հա­րա­զա­տու­թեամբ մէկ վայր­կեա­նի մէջ զիս «գրա­ւեց», կար­ծես տա­րի­նե­րու ծա­նօ­թու­թիւն մը ըլ­լար մեր մէջ, ու հա­սուն­ցող ե­րի­տա­սար­դի մը տա­րի­նե­րու թա­ւա­լու­մին մէջ այդ ծա­նօ­թու­թիւ­նը խո­րազ­գաց բա­րե­կա­մու­թեամբ մը կար­ծես ամ­րապն­դուած ըլ­լար։
Այդ­պէս չէր այն պա­հուն, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ծա­նօ­թա­ցայ ­Պա­րոն ­Սար­գիս Աշ­րեա­նին, սա­կայն ժա­մա­նա­կի սա­հան­քին կա­րի­քը չե­ղաւ, որ­պէս­զի մեր եր­կու­քին մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւի ու ամ­րապն­դո­ւի այն­պի­սի յա­րա­բե­րու­թիւն մը, որ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու հա­րա­զա­տու­թեան իր կա­ղա­պա­րին մէջ, վառ պա­հեց եր­կու սրտա­մօ­տիկ բա­րե­կամ­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նը՝ դաս­տիա­րա­կիչ հո­գե­զուար­ճու­թիւն մը, որ ա­նա­ղարտ ու հա­րա­զատ մնաց մին­չեւ վերջ։
­Կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէս մեր աչ­քե­րը յա­ճախ ի­րար կը փնտռէին հրա­պա­րա­կա­յին հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քին, քով-քո­վի գա­լու, ու ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն ետք սկսե­լու այն եր­կար զրոյց­նե­րը, ո­րոնք սիրտ ու հո­գի կը լեցնէին. ա­նոնց մէջ կար սէր, կար ի­մաս­տու­թիւն, ներշն­չում, գօ­տեպն­դիչ յոյս…։
Ան ո՛չ ու­սու­ցիչ էր, ո՛չ կրթա­կան մշակ, սա­կայն իր կեան­քի պա­շա­րը այն­քան հա­րուստ էր, որ կը հիա­նա­յիր իր լայ­նամ­տու­թեան, գի­տե­լիք­նե­րու ճո­խու­թեան վրայ, հայ ազ­գի հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նին հան­դէպ ու­նե­ցած իր ակ­նա­ծան­քին վրայ։
Ե­թէ ­Սար­գիս Աշ­րեան կեան­քի բե­րու­մով կրթա­կան մշակ դառ­նար, վստա­հա­բար՝ այն բո­լոր սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք իր ձեռ­քե­րուն մէջ պի­տի ծաղ­կէին, պաշ­տա­մուն­քի հա­մա­զօր զգա­ցում­նե­րով պի­տի յի­շէին ա­նոր ա­մէն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ­Հա­յաս­տան, հայ հող ու հայ կեանք կը բու­րէին։
­Մի­թէ այդ չէ՞ կրթա­կան մշա­կի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
­Սար­գիս դա­սա­րան չմտաւ, գրա­սե­ղան­նե­րու դի­մաց պա­տա­նե­կան աչ­քե­րու մէջ չնա­յե­ցաւ, սա­կայն այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք բախ­տը ու­նե­ցան ա­նոր հետ շփո­ւե­լու, ի­րենց մէջ կը պա­հեն պա­րոն ­Սար­գի­սի հո­գեմ­տա­ւոր կայծկլ­տու­մը, անս­պառ բա­րու­թիւնն ու ջեր­մե­ռանդ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը։
Եր­թաս բա­րով, ան­մո­ռա­նա­լի պա­րոն ­Սար­գիս. մեր զրոյց­նե­րը մնա­ցին ա­նա­ւարտ, կի­սատ…։ Կ­՚ե­րե­ւի այդ­պէս պէտք էր ըլ­լար։ ­Դուն սեր­մը ցա­նե­ցիր շուր­ջին­նե­րուդ, որ­պէս­զի ա­նոնք մշա­կեն ու հնձեն։
­Հո­ղին կը վե­րա­դառ­նայ այն ինչ որ ան­կէ կը բխի, բայց ո­գե­ղէ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ դաս­տիա­րա­կիչ օ­րի­նակ մնալ՝ մար­դու մը կող­մէ, որ գիտ­ցաւ հայ­կա­կա­նու­թեամբ ապ­րիլ, հա­յօ­րէն ներշն­չել։
Հ­պարտ եմ, որ քեզ նման ան­ձի մը բա­րե­կա­մու­թեան, յար­գան­քին ու սի­րոյն ար­ժա­նի ե­ղայ։