Կ’ուզենք յունահայ հանրութեան տեղեկացնել, թէ պարի ելոյթը,
որ նախատեսուած է Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին,
կը կազմակերպուի գործակցութեամբ
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ Աթէնքի մարզպետարանին։
Նկատի ունենալով Արցախահայութեան աղետալի վիճակը,
վարչութիւնս խորհրդակցելով մարզպետարանին հետ,
որոշեց վերամշակել բովանդակութիւնը իր ամբողջութեան մէջ։
Կը հաւատանք, թէ գիտնալով եղելութիւններու իսկական պատկերը պարտք ունինք մեր գիտցած ձեւով (մշակոյթի ընդմէջէն)
ծանօթացնել հարցը հանրութեան։
Առ այդ՝ ձեռնարկը կը նուիրենք Արցախի
մշակութային գանձերու պահպանման, իսկ հասոյթի մէկ մասը
կը յատկացնենք Հ.Օ.Մ.ի դրամահաւաքին, որ մեր գաղութի համար
կ’իրագործուի Հ.Կ.Խ.ի միջոցաւ։
Հրաւիրատոմսեր կրնաք գնել «Զաւարեան» կեդրոնէն՝
Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան 17։00-22։00
կամ կապ հաստատել հեռաձայնի թիւ՝ 6971609749։
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն