Պարգեւատրում՝ Քսանթիի Թաղային Խորհուրդի

Պարգեւատրում՝ Քսանթիի Թաղային Խորհուրդի

0
830

­Շա­բաթ՝ 27 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին, Ք­սան­թիի «Գ­սէ­նիա» պան­դո­կի ճա­շաս­րա­հին մէջ, յու­նա­կան-ա­մե­րի­կեան «AHEPA-HELLAS» կազ­մա­կեր­պու­թեան Ք­սան­թիի վար­չու­թիւ­նը իր տա­րե­կան ճաշ­կե­րոյ­թը կազ­մա­կեր­պեց։ ­Միու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ 1922ին եւ նպա­տակն է՝ նիւ­թա­կան ու այլ ձե­ւե­րով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ բժշկա­կան, կրթա­կան, գի­տա­կան եւ այլ կա­րե­ւոր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։
«AHEPA-HELLAS»ի Ք­սան­թիի վար­չու­թիւ­նը, իր այս տա­րո­ւան ձեռ­նար­կին, գե­ղե­ցիկ մտա­ծու­մը ու­նե­ցած է պա­տո­ւե­լու Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ որ­պէս գոր­ծօն ու եր­կար տա­րի­նե­րով Ք­սան­թիի հա­մայ­նա­կան կեան­քին իր ներդ­րու­մը բե­րող մար­մին մը։
­Ճաշ­կե­րոյ­թին ներ­կայ էին կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ յա­տուկ հրա­ւի­րեալ­ներ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Քա­րաօղ­լա­նեան եւ ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան։
Օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը, ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք Ք­սան­թիի հայ­կա­կան գա­ղու­թի ամ­փոփ պատ­մա­կա­նը, վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Եոր­ղոս ­Մի­լո­նաս յու­շա­տախ­տա­կը յանձ­նեց պրն. ­Քա­րաօղ­լա­նեա­նին եւ յու­շա­նո­ւէ­րը՝ ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ ­Հօր, ո­րոնք ի­րենց կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին «AHEPA-HELLAS» կազ­մա­կեր­պու­թեան քա­ջա­լեր նա­խա­ձեռ­նու­թեան առ­թիւ։ ­Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին սա­հիկ­նե­րու մի­ջո­ցաւ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ Ք­սան­թիի հայ­կա­կան գա­ղու­թին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­ռա­ւել եւս ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ հա­յե­րէն ու յու­նա­րէն ե­րաժշ­տու­թիւն։

­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի դի­ւան