ՎԱՀԷ ՕՆՆԻԿԻ ՓԱԹՈՒՔԵԱՆ

(­Հօր կող­մէ՝ պար­տի­զակ­ցի)

Պար­տի­զա­կը հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Սուլ­թան ­Մու­րատ Դ.ի ֆեր­մա­նով (հրա­մա­նագ­րով) 1625ին, ­Սե­բաս­տիոյ նա­հան­գէն գաղ­թած հա­յե­րու կող­մէ։ ­Պար­տի­զա­կը զուտ հա­յաբ­նակ եւ հա­յա­խօս գիւ­ղա­քա­ղաք մըն էր, 1832ին կա­տա­րո­ւած մար­դա­հա­մա­րի հա­մա­ձայն 3200 բնա­կիչ ու­նէր, իսկ 1880ի մար­դա­հա­մա­րը 7000է ա­ւե­լի բնա­կիչ կ­’ար­ձա­նագ­րէ։ Իսկ 1915ի տե­ղա­հա­նու­թեան պա­հուն կա­տա­րո­ւած մար­դա­հա­մա­րը կու­տայ 2500 ըն­տա­նիք կամ 12.500 հո­գի թի­ւե­րը։ ­Պար­տի­զա­կը ու­նէր վեց թա­ղա­յին բա­ժան­մունք, ե­կե­ղե­ցիի թաղ, ձո­րի թաղ, ա­ւա­զու­տի թաղ, նոր վե­րի կա­լե­րու թաղ, բո­րո­տիս­տան թաղ եւ կա­թո­լիկ թաղ։
Պա­րտի­զա­կէն կէս ժամ հե­ռու դէ­պի ա­րե­ւելք կայ հա­յաբ­նակ ­Տէօն­կել գիւ­ղը, զուտ հա­յաբ­նակ գիւ­ղը. 75 տուն. ա­ւե­լի ա­րե­ւելք ­Պար­տի­զա­կէն մէկ ժամ հե­ռու, շրջա­նի երկ­րորդ հա­յաբ­նակ կեդ­րոն Օ­վա­ճը­քը՝ 500 տուն. Օ­վա­ճը­քէն դէ­պի ա­րե­ւելք կայ հա­յաբ­նակ Արս­լան­բէկ գիւ­ղը։

Պար­տի­զա­կի դպրոց­նե­րը

Պար­տի­զա­կի ա­ռա­ջին աղջ­կանց վար­ժա­րա­նը բա­ցո­ւած է ­Տէր ­Կա­րա­պետ ­Քա­հա­նա­յի կող­մէ 1820ին։ Իզ­մի­տի ա­ռաջ­նորդ ­Պօ­ղոս Ար­քե­պիս­կո­պոս կը հրա­հան­գէ գիւ­ղին մէջ բա­նալ ազ­գա­յին վար­ժա­րան մը, մեր դպրո­ցին շէն­քի շի­նու­թիւ­նը կը լրա­նայ 1833ին եւ իբր տնօ­րէն կը հրա­ւի­րո­ւի տի­րա­ցու ­Կա­րա­պե­տը, որ քաջ հա­յա­գէտ էր, ա­նոր կը յա­ջոր­դէ ­Սո­մուն­ճենց տի­րա­ցու ­Յա­կո­բը, ձայ­նա­ւոր եւ շա­րա­կա­նա­գէտ։
Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի կա­ռու­ցու­մէն տա­սը տա­րի ետք, ազ­գա­յին դպրո­ցին կից շէնք մը կը գնեն, ո­րը կը յատ­կաց­նեն աղ­ջիկ­նե­րու ուս­ման։
Պար­տի­զա­կի գրա­կան ոս­կե­դա­րը կը սկսի 1880ին, երբ կը հրա­ւի­րո­ւի քսա­նա­մեայ Ե­ղի­շէ ­Վար­դա­պետ ­Դու­րեան, թէ՛ իբր քա­րո­զիչ եւ թէ՛ տե­սուչ վար­ժա­րան­նե­րու։ Ա­ռա­ջին օ­րէն այս ազ­նո­ւա­կան, խո­հուն եւ պեր­ճա­խօս ե­կե­ղե­ցա­կա­նը կը շա­հի ընդ­հա­նուր հա­մակ­րու­թիւն, գոր­ծեց լուռ, ա­նաղ­մուկ եւ ան­դուլ, դպրո­ցա­կան նոր շէն­քի մը շի­նու­թիւ­նը գլուխ հա­նո­ւե­ցաւ։ Ե­ռա­յարկ եր­կու բա­ժան­մուն­քով ման­չե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու, մեծ սրահ­նե­րով եւ տաս­նեակ մը դա­սա­րան­նե­րով։ ­Ժո­ղո­վուր­դը սի­րով եւ անձ­նո­ւի­րու­թեամբ փա­րե­ցաւ գոր­ծին եւ եր­կու տա­րո­ւան մէջ կանգ­նե­ցաւ այս գե­ղե­ցիկ եւ պատ­կա­ռե­լու շէն­քը։
Շի­նու­թեան ըն­թաց­քին չընդ­հա­տո­ւե­ցաւ ուս­ման ծրա­գի­րը, դա­սա­րան­նե­րը զա­նա­զան շէն­քե­րու մէջ տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցան։ Եր­րորդ տա­րին ­Դու­րեա­նը ու­նէր երկ­սեռ հա­զա­րի չափ ա­շա­կերտ­ներ, իսկ հին­գե­րորդ տա­րին ըն­ծա­յեց անդ­րա­նիկ հունձ­քը։
Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն մէջ են Ե­րո­ւանդ ­Տէր-Անդ­րէա­սեան, Մկր­տիչ Ե­պիս­կո­պոս Ա­ղաւ­նու­նի, Ա­նա­նիա ­Վար­դա­պետ ­Հա­բէ­լեան, ­Կա­րա­պետ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Մազ­լը­մեան ե­ւայլն։
Պար­տի­զա­կի Ա­մե­րի­կեան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը հիմ­նո­ւած է 1883ին, իր ա­մէ­նէն փայ­լուն շրջա­նը բո­լո­րեց տոք­թոր ­Չէմպ­րի­սի օ­րով 1897էն 1912։ ­Պար­տի­զա­կի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը իր կրթու­թեան աս­տի­ճա­նով մշա­կոյ­թի աղ­բիւր մը ե­ղաւ եւ փայ­լուն մրցա­կից մը ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն բա­ցած ­Հայ Ս­քու­լին։ ­Բիւ­թա­նիոյ նա­հան­գին ա­մէն կող­մէ ու­սա­նող­ներ կը ղրկո­ւէին ­Պար­տի­զա­կի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, ո­րուն ըն­թեր­ցա­ւարտ­նե­րը ա­պա իբր ու­սու­ցիչ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան փնտռո­ւե­ցան եւ ծա­ռա­յե­ցին, ա­մէն կողմ։ Ե­ղի­շէ ­Վար­դա­պետ ­Դու­րեան՝ իբր ներ­հուն եւ պեր­ճա­խօս քա­րո­զիչ, մե­ծա­պէս ծա­ռա­յեց ­Պար­տի­զա­կի հո­գե­ւոր վե­րել­քին եւ իր օ­րով տկա­րա­ցան մի­սիո­նա­րա­կան քա­րոզ­չու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնն ու ծա­ւա­լու­մը։
Դու­րեան ­Վար­դա­պետ իր ա­նո­ւան դրոշ­մը ու հմայ­քը տո­ւած էր ­Պար­տի­զա­կին, ան տա­սը տա­րի ծա­ռա­յեց ­Պար­տի­զակ, ա­պա Ար­մա­շի փոխ-վա­նա­հայր նշա­նա­կո­ւե­լով՝ հե­ռա­ցաւ, իր տե­ղը նշա­նա­կե­լով ե­ռան­դամ մար­մին մը, որ կազ­մո­ւած էր Ե­րո­ւանդ Անդ­րէա­սեա­նէ, Գ­րի­գոր Մ­խա­լեա­նէ եւ ­Մի­նաս ­Սէ­մէր­ճեա­նէ։
1907 Օ­գոս­տոս 17ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Պար­տի­զա­կի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին յո­բե­լեա­նը՝ ար­տա­կարգ փայ­լով, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան եւ խօ­սե­ցան Իզ­մի­տի Ի­տա­տիէ վար­ժար­նի տնօ­րէ­նը, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին կող­մէ ­Մի­նաս ­Ծա­լեան, դպրո­ցի ու­սում­նա­պետ Աս­տո­ւա­ծա­տուր ­Հա­բե­լեան, Աբ­րա­համ ­Տէր-­Յա­կո­բեան, ­Թոր­գոմ Ծ. Վրդ. ­Գու­շա­կեան, տոքթ. ­Չամ­պըրս եւ պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Պար­տի­զակ մտա­ւո­րա­կան կեդ­րոն մըն էր, ­Պոլ­սոյ մէջ չկար մտա­ւո­րա­կան մը, որ չայ­ցե­լէր հոն, բո­լոր գրող­նե­րը, ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը եւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ան­պատ­ճառ ան­ցած էին ան­կէ։
Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տը ­Պար­տի­զակ ե­կած եւ կազ­մած է ­Մի­նա­սեան երգ­չա­խում­բը, դա­սա­խօ­սած եւ եր­գած է հոն։ Ա­բէ­լեան ­Զա­րի­ֆեան թա­տե­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցում­ներ տո­ւած է հոն, նոյն­պէս ­Վահ­րամ ­Փա­փա­զեան եւ ­Պար­տի­զակ­ցի դե­րա­սան Ե­նովք ­Շա­հէն, հայ տրա­մա­թիկ թա­տե­րա­խում­բով 1911ին ե­կած են ­Պար­տի­զակ եւ տո­ւած են քա­նի մը ներ­կա­յա­ցում­ներ։
Պար­տի­զակ այ­ցե­լած են Գ. ­Զոհ­րապ, Ար­շակ ­Չո­պա­նեան, ­Սիա­ման­թօ, Դ. Վա­րու­ժան, ­Հայ­կա­նոյշ ­Մարք, Յ. ­Շահ­րի­կեան, ­Լե­ւոն Է­սա­ճեան, Ե­նովք Ար­մէն, ­Կա­րօ ­Սա­սու­նի, Ար­շակ Ալ­պո­յա­ճեան, Ար­շակ Վ­ռա­մեան, ­Շա­ւարշ Մի­սա­քեան, Է. Ակ­նու­նի, Հ­րանդ Ա­սա­տուր, ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեան, ­Վա­հան Թէ­քէ­յեան եւ ու­րիշ շա­տեր։
Պար­տի­զա­կի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը

Երբ ­Պար­տի­զակ հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ 1625ին, շի­նո­ւե­ցաւ տախ­տա­կաշէն ե­կե­ղե­ցի մը՝ ­Սուրբ ­Յա­կոբ Մծբ­նայ ­Հայ­րա­պե­տի ա­նու­նով, այս ե­կե­ղե­ցին գի­շեր մը հրոյ ճա­րակ ե­ղաւ եւ հա­զիւ կրցան փրկել գրչա­գիր հին ա­ւե­տա­րա­նը։1724ին կա­ռու­ցո­ւած է երկ­րորդ ե­կե­ղե­ցին, որ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ էր, սա­կայն ժո­ղո­վուր­դի աճ­ման պատ­ճա­ռով, այս ե­կե­ղե­ցին ալ նեղ կու­գար, ­Պար­տի­զա­կի ժո­ղո­վուր­դը տա­սը հա­զար ղրուշ կա­շառք տա­լով գա­ւա­ռի բռնա­պետ ­Հիւ­սէին փա­շա­յին, նոր ե­կե­ղե­ցի մը շի­նե­լու ար­տօ­նու­թիւն ա­ռաւ ան­կէ, ար­տօ­նու­թիւ­նը տրո­ւե­ցաւ պայ­մա­նով, որ ե­կե­ղե­ցիին շի­նու­թիւ­նը ա­ւար­տի մէկ ա­մի­սէն։
Ժո­ղո­վուր­դը ան­նա­խըն­թաց ե­ռան­դով առ­տու եւ գի­շեր աշ­խա­տե­լով կա­ռու­ցեց ե­կե­ղե­ցին, սա­կայն կիր չգտնո­ւե­լով, ցե­խով հիւ­սե­ցին պա­տե­րը։ Բայց ցե­խով կա­ռու­ցո­ւած ե­կե­ղե­ցին, ա­մէն կող­մէ խալ­խը­լե­ցաւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին եւ փլե­լու վտան­գի տակ էր, սա­կայն նո­րը կա­ռու­ցե­լու հրա­ման կա­րե­լի չե­ղաւ առ­նել, միայն ե­նի­չե­րի­նե­րուն ջնջու­մէն ետք (1826) սկսաւ թոյ­լատ­րո­ւիլ նոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն կա­ռու­ցու­մը։
1830ին պար­տի­զակ­ցի­նե­րը դի­մե­ցին ­Յա­րու­թիւն ­Պէզ­ճեան ա­մի­րա­յին, նոր ե­կեղ­ցիի մը շի­նու­թեան հրա­մա­նը առ­նե­լու հա­մար սուլ­թա­նէն։ Ա­մի­րան ե­րեք օ­րո­ւան ըն­թաց­քին կը հա­նէ ե­կե­ղե­ցիին կա­ռու­ցու­մը ար­տօ­նող կայ­սե­րա­կան հրո­վար­տա­կը, ո­րու հի­ման վրայ օ­րո­ւան պատ­րիարք Տէր ­Կա­րա­պետ Ար­քե­պիս­կո­պոս կը ղրկէ ­Նի­քո­մի­տիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք եւ ար­տօ­նու­թիւ­նը կու­տան ե­կե­ղե­ցիին շի­նու­թեան։
Կը սկսի ան­սո­վոր աշ­խա­տանք, հին ե­կե­ղե­ցին քան­դե­լու եւ նոր շի­նե­լու հա­մար, ե­կե­ղե­ցիին ծախ­սը ե­ղած է 331.500 ղրուշ, այն օ­րո­ւան ար­ժէ­քով 3000 թրքա­կան հնչուն ոս­կի է, այս ահ­ռե­լի գու­մա­րը բա­ցի 20.000 ղրու­շէն, զոր նո­ւի­րեց ­Պէզ­ճեան ա­մի­րան, հա­ւա­քո­ւե­ցաւ ­Պար­տի­զա­կի ժո­ղո­վուր­դէն։
Այս­պէս շի­նո­ւե­ցաւ մեծ սիւ­նա­զարդ տա­ճար մը, որ նման էր ­Պոլ­սոյ մեծ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նայ ­Հայ­րա­պե­տի ա­նու­նով։ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցիին մէջ կար ձե­ռա­գիր ա­ւե­տա­րան մը, գրո­ւած ­Կի­րա­կոս Կ­րօ­նա­ւո­րին կող­մէ 1584ին, ­Գիր­գոր Աղ­թա­մար­ցի կա­թո­ղի­կո­սին ժա­մա­նակ, նոյն­պէս կար ձե­ռա­գիր ա­ւե­տա­րան մը ­Տէր Ա­ւե­տի­սի որ­դի՝ ­Վա­հան քա­հա­նա­յի կող­մէ գրո­ւած 1677ին։
Պար­տի­զա­կի մօ­տա­կայ Օ­վա­ճըք հայ­կա­կան գի­ղը, ո­րուն ե­կե­ղե­ցին ձե­ռա­գիր յայս­մա­ւուրք մը ու­նէր, որ գրո­ւած է ­Յա­կոբ կրօ­նա­ւո­րի կող­մէ 1627ին։

Պար­տի­զա­կի տո­ւած հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը

Թոր­գոմ Արք. ­Գու­շա­կեան՝ ­Պատ­րիարք ­Հա­յոց Ե­րու­սա­ղէ­մի, Մկր­տիչ Ա­ղաւ­նու­նի Ե­պիս­կո­պոս, ­Կա­րա­պետ Արք. ­Մազ­լը­մեան՝ ա­ռաջ­նորդ հա­յոց Յու­նաս­տա­նի, Պ­սակ ­Թու­մա­յեան Ե­պիս­կո­պոս, ­Վա­հան ­Տէր ­Մի­նա­սեան, Ե­պիս­կո­պոս, ­Յով­հան­նէս ­Փի­րէ­նեան ­Վար­դա­պետ, Ե­ղի­շէ ­Խա­չե­րեան ­Վար­դա­պետ, Ա­նա­նիա ­Հա­բե­լեան ­Վար­դա­պետ, ­Յով­հան­նէս Ա­ւագ ­Քա­հա­նայ եւ բազ­մա­թիւ քա­հա­նա­ներ, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­վա­րած են նաեւ գա­ւառ­նե­րը եւ տե­ղա­հա­նու­թե­նէն յե­տոյ, սփիւռ­քի ա­մէն կողմ։ ­Վե­նե­տի­կի պար­տի­զակ­ցի Մ­խի­թա­րեան­նե­րէն ­Յովհն. ­Թո­րո­սեա­նը, Ե­սա­յի ­Տա­յենց, ­Վար­դան ­Հա­ցու­նի, Ար­սէն ­Ղա­զի­կեան, Մկր­տիչ ­Պո­տու­րեան, ­Ղե­ւոնդ ­Տա­յեան հայ­րե­րը պար­տի­զակ­ցի կրթա­կան մշակ­ներ էին փրոֆ. Աբ­րա­համ ­Տէր-­Յա­կո­բեան, ու­սու­ցիչ ­Ռո­պերթ գո­լէ­ճի ­Պո­լիս փրոֆ. ­Գառ­նիկ Ա­լեք­սա­նեա­նը դա­սախ. Սթ­րազպուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի, Ե­րո­ւան ­Տէր-Անդ­րէա­սեան, ­Մի­նաս ­Շա­լեան, ­Մի­նաս ­Սէ­մէր­ճեան, Գ­րի­գոր Մ­խա­լեան, Ար­մե­նակ ­Տէր-­Յա­կո­բեան, փրոֆ. Հ­րանդ ­Տէր-Անդ­րէա­սեան, ­Գառ­նիկ ­Պո­տու­րեան, ­Ղա­զա­րոս ­Նա­հա­պե­տեան եւ շատ ու­րիշ­ներ։
Պար­տի­զա­կի գրի­չի մար­դիկ էին ­Յա­կոբ Ա­լո­ճեան, ­Մի­նաս ­Գա­սա­պեան (Մ. ­Վե­րա­ծին), Ա­բիկ ­Տէր-­Մի­նա­սեան, Հ­րաչ ­Քա­ջա­րենց՝ խմբա­գիր ­Պէյ­րու­թի «­Մա­սիս» թեր­թին, ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան, ­Վահ­րամ ­Պա­պօ­խեան (միս­տիք ­Բաբ­գէն ­Պօ­ղո­սեան, ­Յա­կոբ ­Խաշ­մա­նեան, Ե­րո­ւանդ ­Թո­փու­զեան (բա­նո­ւոր) եւ ու­րիշ­ներ։ ­Պար­տի­զակ­ցի էին նաեւ ե­րա­ժիշտ­ներ ­Գուր­գէն Ա­լեմ­շահ (1909-1947), ­Յա­կոբ Քհնյ. ­Տէ­լէկ­ճեան եւ ­Տիգ­րան ­Տէր-Անդ­րէա­սեան։ ­Նոյն­պէս պար­տի­զակ­ցի էին դե­րա­սա­նու­հի ­Տի­կին ­Սի­րա­նոյշ Ա­բէ­լեան (Կ. ­Պո­լիս), Ա­նա­հիտ ­Դա­տա­ւո­րեան (­Հա­յաս­տան) եւ դե­րա­սան Ե­նովք ­Շա­հէն։

Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը Պար­տի­զա­կի մէջ

Ար­մե­նա­կա­ներ.- 1880ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Իզ­մի­տէն ­Պար­տի­զակ կու­գան սրճեփ Ա­մաս­խա­լը, ­Յով­հան­նէս Ազ­գա­պե­տեա­նը եւ Գ­րի­գոր Մ­խա­լեա­նը, ո­րոնք ե­րի­տա­սարդ­ներ կը հա­ւա­քեն եւ ա­նոնց կու­տան ­Մար­սէյլ հրա­տա­րա­կո­ւող Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի «Ար­մե­նիա» թեր­թը եւ ու­րիշ յե­ղա­փո­խա­կան գրա­կա­նու­թիւն, շու­տով ա­նոնք կը բազ­մա­նան եւ այս­պէս ­Պար­տի­զա­կի մէջ կը հիմ­նադ­րո­ւի Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը։
Ար­մե­նա­կեան­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի սուրբ գոր­ծին ի նպաստ դրամ կը հա­ւա­քեն եւ կեդ­րոն կը ղրկեն 30 թրքա­կան հնչուն ոս­կի, սա­կայն ­Պապ Ա­լիի դէպ­քին հե­տե­ւան­քով ­Պար­տի­զա­կի մէջ ալ խու­զար­կու­թիւն­ներ կ­’ըլ­լան եւ Ար­մե­նա­կան շար­ժու­մը վերջ կը գտնէ։
Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն.- Ար­մե­նա­կան շար­ժու­մին կը յա­ջոր­դէ Հն­չա­կեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ շու­տով իր շուր­ջը կը հա­ւա­քէ շատ ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ այս­պէս ­Պար­տի­զա­կի մէջ կը հիմ­նադ­րուի Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան զօ­րա­ւոր մաս­նա­ճիւղ մը, որ կը ղե­կա­վա­րո­ւի Ե­րո­ւանդ Թո­փու­զեա­նի (բա­նո­ւոր) եւ ­Կա­րա­պետ ­Փա­թու­քեա­նի կող­մէ, մաս­նա­ճիւ­ղը շա­րու­նակ կը գոր­ծէ մին­չեւ վերջ, մին­չեւ տա­րագ­րու­թիւ­նը։
Հ.Յ.Դ. — ­Պար­տի­զա­կի մէջ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն ետք եւ կը գոր­ծէ մին­չեւ տա­րագ­րու­թիւն։ ­Տա­րագ­րու­թե­նէն վե­րա­դար­ձէն վերջ, 1920ին բժիշկ ­Սար­գիս ­Քիւթ­նէ­րեան իբր ­Դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ քե­մա­լա­կան­նե­րուն կող­մէ կը ձեր­բա­կա­լո­ւի եւ կա­խա­ղան կը հա­նո­ւի։

Պար­տի­զակ­ցի­նե­րուն տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը

1914ի Օ­գոս­տո­սին ընդ­հա­նուր զօ­րա­շարժ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ ­Պար­տի­զա­կի մէջ, ե­րեք օ­րո­ւան ըն­թաց­քին 1500 հայ տղա­մար­դիկ 18էն 45 տա­րե­կան, ներ­կա­յա­ցան զի­նո­ւո­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ա­սոնց մեծ մա­սը զի­նո­ւո­րա­կան փրկա­գին վճա­րե­լով չզի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ։
Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սկսաւ շատ նե­ղել ժո­ղո­վուր­դին՝ բա­նա­կին հա­մար նո­ւէր­ներ հա­ւա­քե­լու ձե­ւով, կո­ղոպ­տեց ժո­ղո­վուր­դին։
1915ի Ապ­րի­լի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, գիւ­ղի մտա­ւո­րա­կան­նե­րը աք­սո­րո­ւե­ցան դէ­պի ­Մի­ջա­գետ­քի ա­նա­պատ­նե­րը։ ­Յու­լիս 20ին պա­շա­րո­ւե­ցաւ քա­ղա­քը եւ ե­ղան հա­յե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ, քա­ղա­քին մէջ սկսաւ խու­ճա­պը։
Ժո­ղո­վուր­դը դրամ ճա­րե­լու հա­մար՝ ծա­խու հա­նեց ու­նե­ցո­ւած­քը, զոր շրջա­կայ թուր­քե­րը ո­չինչ գու­մար­նե­րով կը գնէին, մնա­ցեալ գոյ­քերն ալ փո­խադ­րո­ւե­ցան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրո­ցը եւ Ա­մե­րի­կեան վար­ժա­րա­նը։ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վստա­հե­ցու­ցած էր պար­տի­զակ­ցի­նե­րուն, թէ ի­րենց վե­րա­դար­ձին իբր թէ պի­տի գտնէին ի­րենց ի­րե­րը։
Օ­գոս­տոս 9ին հրա­ման ար­ձա­կո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր տե­ղա­հա­նու­թեան եւ եր­կու օ­րո­ւան ըն­թաց­քին պար­պո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դը, բա­ցի քա­նի մը ըն­տա­նի­քէ, ո­րոնք կը պատ­կա­նէին պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ եւ զի­նո­ւո­րա­կան ու­նե­ցող­նե­րուն։ ­Պար­տի­զա­կէն ա­ռաջ ար­դէն տե­ղա­հա­նո­ւած էին շրջա­կայ Օ­վա­ճըգ, ­Տօն­կէլ եւ Աս­լան­պէկ գիւ­ղե­րու հա­յե­րը։
Ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­քո­ւե­ցաւ Իզ­միտ, ուր­կէ դրամ ու­նե­ցող­նե­րը շո­գե­կառ­քով, չու­նե­ցող­նե­րը հե­տիոտն ճամ­բայ հա­նո­ւե­ցան դէ­պի Էս­կի­շէ­հիր եւ ­Գո­նիա, ան­կէ մաս-մաս դէ­պի դժոխք, դէ­պի ­Տէր ­Զօր, ­Քեր­քուկ եւ մին­չեւ Մու­սուլ, ուր կո­րան եւ մա­հա­ցան։ ­Պար­տի­զակ մնա­ցին՝ իս­լա­մա­նա­լով, եր­կու ըն­տա­նիք, տէր-տէ­րիկ ­Յով­հան­նէս եւ չա­խըր ­Յա­կո­բի ըն­տա­նիք­նե­րը, ­Պար­տի­զա­կէն տե­ղա­հան չը­րին շատ ծե­րեր եւ հի­ւանդ­ներ, ո­րոնց բնա­կե­ցու­ցին կու­ճուկ ան­տա­ռի ­Կիւ­լէ­սէր ­Նի­կո­ղո­սի շի­րի­մա­տու­նը։

Աք­սո­րէն վե­րա­դար­ձը

12.500 բնակ­չու­թե­նէն հա­զիւ 2000ը վե­րա­դար­ձան աք­սո­րէն եւ գիւ­ղը ա­ւե­րակ վի­ճա­կի մէջ գտան, նոյ­նիսկ գե­րեզ­մա­նա­տան շի­րի­մա­քա­րը տա­րած էին, Ս. ­Յա­կոբ եւ Ս. ­Թա­գա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ա­խո­ռի եւ մթե­րա­նո­ցի վե­րա­ծած էին, շրջա­կայ Իս­լամ ըն­տա­նիք­նե­րը բե­րած էին դա­տարկ ­Պար­տի­զա­կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու, ա­սոնք տե­ղա­ցի­նե­րու վե­րա­դար­ձէն յե­տոյ ի­րենց նախ­կին տե­ղե­րը վե­րա­դար­ձան, ի­րենց ե­տին թո­ղե­լով ա­մէն ինչ քա­րու­քանդ։
Հա­կա­ռակ դժնդակ պայ­ման­նե­րուն, վե­րա­դար­ձող պար­տի­զակ­ցի­նե­րը ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու կը փա­րին ի­րենց հայ­րե­նի­քին վե­րած­նուն­դի գոր­ծին, ան­տուն մնա­ցած­նե­րը հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան, կան­գուն տուն ու­նե­ցող­նե­րու կող­մէ, պար­տէզ­ներ ու ար­տեր մշա­կո­ւիլ սկսան։
Վե­րա­դար­ձող­նե­րու հետ, ­Պար­տի­զակ հա­ւա­քո­ւե­ցան զա­նա­զան գա­ւառ­նե­րէ հինգ հա­րիւ­րի չափ որ­բեր, ո­րոնց հա­մար հաս­տա­տո­ւե­ցաւ որ­բա­նոց մը, ո­րուն տնօ­րէն կար­գո­ւե­ցաւ ­Յա­կոբ Ա­լա­ճեան։
Ե­կե­ղե­ցիին եւ դպրո­ցին քան­դո­ւած մա­սե­րը հա­ւա­քո­ւե­ցան եւ աք­սո­րէն փրկուած միակ քա­հա­նան՝ ­Տէր ­Ներ­սէս ­Ղա­զա­րո­սեան իր հօ­տին գլու­խը ան­ցաւ, Ա­նա­նիա ­Վար­դա­պետ ­Հա­բէ­լեա­նը եւ Իզ­մի­տի ա­ռաջ­նորդ ­Մազ­լը­մեան Ար­քե­պիս­կո­պո­սը հոս ե­կան պա­տա­րա­գե­լու։
Վե­րա­բա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ դպրո­ցը 250 ա­շա­կերտ­նե­րով, տնօ­րէ­նու­թեամբ Գ­րի­գոր ­Սա­րայ­տա­րեա­նի։
Սա­կայն եր­կար չտե­ւեց ­Պար­տի­զա­կի հան­գիստ կեան­քը։ ­Տա­կաւ առ տա­կաւ կը սեղ­մո­ւէր քե­մա­լա­կան շղթան։ Ս­տի­պո­ւե­ցան որ­բա­նո­ցը փո­խադ­րել նախ Իզ­միտ եւ ա­պա Կ. ­Պո­լիս։
Ի վեր­ջոյ, ­Յու­նա­կան բա­նա­կի պար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով, ­Պար­տի­զա­կի եւ ամ­բողջ ­Բիւ­թա­նիոյ նա­հան­գի ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը ա­պաս­տա­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տան, ­Պուլ­կա­րիա եւ ­Ռու­մա­նիա։
Տե­ղա­հա­նու­թեան ժա­մա­նակ 250ի չափ պար­տի­զակ­ցի­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Զա­լըմ ­Կա­րա­պե­տի, լե­ռը ա­պաս­տա­նե­ցան, այս խում­բը հա­զիւ քա­նի մը ա­միս կա­րո­ղա­ցաւ տո­կալ եւ ա­նօ­թու­թեան ու կա­ռա­վա­րու­թեան հե­տապն­դում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, խում­բին ան­դամ­նե­րը հոս ու հոն ցրո­ւե­ցան եւ մնա­ցին շուրջ 25 հո­գի, ո­րոնք լե­ռը մնա­ցին մին­չեւ պա­տե­րազ­մին ա­ւար­տը, պա­տե­րազ­մի երկ­րորդ պար­պու­մէն ետքն ալ խումբ մը պար­տի­զակ­ցի­ներ լեռ­նե­րը ա­պաս­տա­նե­ցան՝ ճիճ ­Յով­հան­նէ­սի եւ չա­ւուշ Օ­հա­նէ­սի ­Ճո­պո­յեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։
Այս խում­բը բազ­մա­թիւ բա­խում­ներ կ­’ու­նե­նայ միլ­լի ու­ժե­րուն հետ, կը սպաննուին ­Միհր­դատ եւ ­Մել­քոն ­Պաղ­տա­սա­րեան­նե­րը ու Օ­վա­ճըք­ցի Օն­նիկ ­Յա­բե­թեա­նը, ո­րոնց գլուխ­նե­րը ցի­ցի վրայ ան­ցու­ցած կը պտըտ­ցու­նեն ­Պար­տի­զա­կի շուրջ գտնո­ւող թուրք գիւ­ղե­րու մէջ, խում­բին մնա­ցորդ­նե­րը կը յա­ջո­ղին ­Յու­նաս­տան անց­նիլ։